ՅԻՍՈՒՍԻ ԵՐԵՒՈՒՄԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սա իրողութիւն մըն է, թէ՝ ամէն ճշմարտութիւն յաճախ քօղի մը ետին ծածկուած կ՚ըլլայ։ Ուստի բաւական չէ՛ ճշմարտութեան գոյութիւնը, էապէս ներկայութիւնը. պէ՛տք է որ անոր վրայ փռուածը վերցուի եւ ծածկուածը բացայայտնուի։ Ճշմարտութիւնը՝ իրապէս «ճշմարտութի՛ւն» է, երբ կը տեսնուի իր ճշմարիտ երեսով եւ ոչ թէ՝ քօղարուած եւ ծածկուած