Արխիւ
Հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր համայնքի արժէքաւոր արուեստագիտուհիներէն Ժանին Փափազեանն ու Անի Չիմէնը։ Այս վերջինները Մելթէմ Ենիկիւնի ալ մասնակցութեամբ կը վերահսկեն գեղարուեստական աշխատանոցի մը գործունէութիւնը։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ մեծ խանդավառութիւն ստեղծուած է ներկայ կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին ընդառաջ։ Վերջերս տեղի ունեցաւ դպրոցի երեք մանկապարտէզներու փոքրիկներուն տարեվերջի հանդէսը։
Անգլիոյ Մենչըսթըր քաղաքէն երէկ երեկոյեան ուշ ժամերուն հասան ահաբեկչական արարքի մը վերաբերալ լուրեր։ Այսպէս, երգիչ Արիանա Կրանտէի մարզադաշտի մը մէջ կազմակերպուած համերգին ժամանակ պատահեցաւ երկու պայթում։
ՍԾՏՀԿ-ի հիմնադրութեան 25-ամեակին ձօնուած Իսթանպուլի երէկուան յոբելենական գագաթաժողովին ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւններուն միջեւ ծագեցաւ լարուածութիւն:
Նախագահ Էրտողան միջամտեց. «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պէտք է լուծուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ջանքերով»:
Թուրքիա կը ջանայ տարածքաշրջանի երկիրներու հետ բոլոր ուղղութիւններով զարգացնել բազմակողմանի համագործակցութիւնը:
Անգարա եւ Մոսկուա որոշեցին ջնջել սահմանափակումները եւ հանդէս եկան համապատասխան յայտարարութեամբ: Վարչապետ Եըլտըրըմ Թիֆլիզի մէջ:
Երուսաղէմի հայոց պատրիարքը ողջունեց Միացեալ Նահանգներու նախագահին այցը:
Թրամփ ամոլը Ս. Յարութեան տաճարին մէջ ունկնդրեց հայկական հոգեպարար շարականներուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ կան երբեմն պարզ եւ առօրեայ դէպքեր, որոնք ամբողջ մարդկութեան տիպա՛ր կ՚ըլլան եւ անջնջելիօրէն կը տպաւորեն եւ ազդեցութիւն կը գործեն անոր վրայ։ Եւ մարդ շատ աննշան դէպքէ մը կրնայ շատ մեծ եւ կենսական, օգտակար դասեր քաղել, կեանքը ըստ այնմ կանոնաւորել եւ կեանքին ընդհանուր ընթացքը փոխել։
Թաքսիմ մարզակումբի ֆութպոլի պատանեկան կազմերը վերջերս այցելեցին Հիւսիսային Կիպրոս, ուր նուաճեցին բաժակ մը։ Ակումբի մինչեւ 12 եւ մինչեւ 14 տարեկաններու կազմերը խաղացին Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական ընտրանիին հետ։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Կենդանի գիրքեր» խորագրեալ ձեռնարկ մը։ Մեր համայնքային հինգ լիսէներէն աշակերտական խումբեր մասնակցութիւն բերին այս ծրագրին, իրենց անգլերէնի ուսուցիչներու հսկողութեամբ։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ իր յարգանքի տուրքը մատոյց թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի երախտաշատ հիմնադրին՝ հոգելոյս Զենոբ էֆէնտի Մէրամէթճեանի յիշատակին նկատմամբ։ Օր մը առաջ, յաւարտ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հանգուցեալ Զենոբ էֆէնտի Մէրամէթճեանի համար։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ ստեղծուած փակուղին կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել համայնքային օրակարգը։ Այս օրերուն համայնքային շրջանակները ուշի ուշով կը հետեւին վերջին իրադարձութիւններուն։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երէկ՝ 22 Մայիսին, Գանատայի մայրաքաղաքը՝ Օթթաուայի մէջ աւարտեցաւ Վարդակակաչներու նշանաւոր փառատօնը: Գանատայի մայրաքաղաքը բազմաթիւ հիւրեր ընդունեց, քաղաքին մէջ ու անոր շուրջը փառաբանուեցաւ գարնանային նրբագոյն ծաղիկը իր գունային բոլոր երանգներով:
Օփերային երգչուհի Տաթեւիկ Սազանդարեանի ծննդեան 100-ամեակի կապակցութեամբ՝ Երեւանի Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ համերգային ծրագիր: Համերգ-ներկայացումը կը կրէր «Առաջին-Տաթեւիկ» խորագիրը:
Սինկափուրի հայկական եկեղեցին արտասահմանեան զբօսաշրջիկներու ամենասիրելի վայրերէն մէկն է: Սինկափուրի մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցին, որ կառուցուած է 1835-ին իրլանտացի ճարտարապետ Ճորճ Քոլմանի նախագիծով, զբօսաշրջիկներու ամենասիրած տեսարժան վայրերէն մին է:
Արամ Խաչատրեանի անուան 13-րդ միջազգային մրցոյթը ըստ աւանդութեան կը սկսի յառաջիկայ Յունիսի 6-ին, յօրինողի ծննդեան օրը, «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ: Այս տարի առաջին անգամ տեղի կ՚ունենայ մրցոյթ նաեւ վոքալ մասնագիտութեամբ, որու համար հարիւրէ աւելի յայտեր ստացուած են:
«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս գրասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրած է անմոռանալի բանաստեղծ Զահրատի գործերը, որոնց կողքի մը ներքեւ հաւաքուիլը առիթ ընձեռած է յետմահու իր մէկ նոր գրքի հրատարակման։ «Կատուներ» կը կոչուի այս գիրքը, որ հրատարակուած է երկլեզու։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոն Եակլանտի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Յունական Կիպրոսի մէջ, կազմակերպութեան նախարարաց կոմիտէի ժողովներու օրերուն։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան վերջերս հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Վատիկանի Առաքելական Նուիրակ Մարէք Սոլչինսքի Արքեպիսկոպոսը, որու մշտական նստավայրը կը գտնուի Թիֆլիզի մէջ։ Ս. Աթոռի ներկայացուցիչը Սերժ Սարգսեանին կողմէ հիւրընկալուեցաւ՝ իր դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին կապակցութեամբ։
Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ՍԾՏՀԿ) արդէն դարձած է 25 տարեկան։ Խորհրդային Միութեան փլուզման յաջորդած ժամանակաշրջանին ստեղծուած այս կազմակերպութեան հիմնադիր պետութիւններու շարքին է Հայաստան։
Հանրապետութեան նախագահը երէկ վերստին պաշտօնապէս վերադարձաւ ԱՔ կուսակցութեան գլուխը:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կարեւոր ազդանշաններ տուաւ յառաջիկայ շրջանի առաջնահերթութիւններուն շուրջ: