Արխիւ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 25, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հայ Ե­կե­ղե­ցին, պատ­մա­կան հնա­գոյն ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն մին է, ո­րուն գո­յու­թիւ­նը սկիզբ կ՚առ­նէ ա­ռա­քե­լա­կան դա­րէն։ Չոր­րորդ դա­րու սկիզ­բը՝ 301 թուա­կա­նին, քրիս­տո­նէու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­պէս հռչա­կուած է «Հայ Ժո­ղո­վուր­դի պե­տա­կան կրօն»՝ Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի օ­րով եւ ա­նոր մի­ջո­ցով։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 25, 2017

Հնդկաս­տա­նի Փոխ-նա­խա­գահ Հա­միտ Ան­սար ե­րէկ ժա­մա­նեց Ե­րե­ւան։ Զուարթ­նոց օ­դա­կա­յա­նին մէջ բարձ­րաս­տի­ճան հիւ­րը դի­մա­ւո­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի կող­մէ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 25, 2017

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամփ հրա­պա­րա­կեց իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նի ա­ռա­ջին 24 Ապ­րի­լի պատ­գա­մը։ Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը անակն­կա­լի մը չէ են­թար­կուած Տա­նըլտ Թրամ­փի պատ­գա­մին բե­րու­մով, ո­րով­հե­տեւ ա­նոր բո­վան­դա­կու­թեան մէջ 1915-ի դէպ­քե­րը չեն ո­րա­կուած որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 24, 2017

Գում­գա­բուի Դրսի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թիւն։ Ա­ւան­դա­կան շու­քով նշուե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նուան տօ­նը, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ։ Օ­րուան Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 24, 2017

Թաք­սի­մի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցան փայ­լուն ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, ո­րոնց նա­խա­գա­հեց Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան։ Օ­րուան Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Մաշ­տոց Քհնյ. Գալ­փաք­ճեան։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 24, 2017

Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 150-ամեակին ձօնուած յոբելենական փայլուն ձեռնարկ մը՝ Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ:
Համայնքային շրջանակները տօնական տրամադրութեամբ մասնակցեցան երեկոյթին, որու ընթացքին զօրակցութիւն յայտնեցին խնամակալութեան՝ վարժարանի յարատեւութեան ուղղեալ ջանքերուն համար:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 24, 2017

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ այս ա­ռա­ւօտ Ապ­րի­լի 24-ի առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցան ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, ո­րոնց նա­խա­գա­հեց եւ քա­րո­զեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 24, 2017

​Թոփ­հա­նէի Tütün Deposu-ի մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ «102 քայլ» խո­րագ­րեալ հա­մերգ մը, որ ձօ­նուած էր հա­յոց Մեծ ե­ղեռ­նի 102-րդ տա­րե­լի­ցին։ Ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րը մօ­տիկ հե­տաքրք­րու­թիւն ցոյց տուին այս ձեռ­նար­կին նկատ­մամբ, որ կազ­մա­կեր­պուած էր Music of Armenia-ի եւ Anadolu Kültür-ի հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 24, 2017

Եւ­րո­միու­թեան կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման խրա­խուս­ման ուղ­ղեալ ծրագ­րին շրջագ­ծով շա­բա­թա­վեր­ջին հե­տաքրք­րա­կան հա­ւա­քոյթ մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Իս­թան­պու­լի մէջ։ Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի (Tarih Vakfı) եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­սու­լիս մը, ո­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի դա­սա­գիր­քե­րուն մէջ ազ­գայ­նա­կա­նու­թեան եւ սե­ռա­կա­նու­թեան հետ­քե­րը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 24, 2017

Համայն հայութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն այսօր կը վերյիշէ Մեծ եղեռնը եւ սրբադասեալ նահատակներուն բարեխօսութիւնը կը խնդրէ՝ երկիւղած աղօթքով, խոկումով, բիւր յարգանքով, ապագայի նկատմամբ յոյսով ու խաղաղութեան անփոփոխ մաղթանքով:
Հայաստանի Հանրապետութեան պետական աւագանին եւ Վեհափառ Հայրապետը այս առաւօտ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին իրենց խոնարհումը բերին ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին առջեւ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 24, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Տէր Զօ­րը այ­սօր Ի­ՇԻՊ-ի երկ­րորդ մայ­րա­քա­ղաքն է: Նաւ­թով հա­րուստ այդ քա­ղա­քին մա­սին դժուար է տե­ղե­կու­թիւն­ներ հա­ւա­քե­լը: Ճիշդ է, որ Սու­րիոյ կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րը կը շա­րու­նա­կեն տի­րա­պե­տել քա­ղա­քի մէկ հա­տուա­ծին վրայ, բայց եւ այն­պէս Տէր Զօր քա­ղա­քի կեդ­րո­նա­կան մա­սե­րը եւ յատ­կա­պէս այդ նա­հան­գի գիւ­ղա­կան հա­մայնք­նե­րը դար­ձած են այս­պէս կո­չուած՝ Ի­ՇԻՊ-ի բոյն:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 24, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Պետ­րոս Ա­ռա­քեալ իր ընդ­հան­րա­կան երկ­րորդ նա­մա­կին մէջ սա­պէս կ՚ը­սէ. «Նա­մակ­նե­րու մէջ կարգ մը դժուար հասկ­նա­լի մա­սեր կան, ո­րոնց ի­մաս­տը չա­րա­փո­խու­մի կ՚են­թար­կուի տգէտ եւ փո­փո­խա­միտ մար­դոց կող­մէ։ Ա­նոնք միւս Սուրբ Գիր­քե­րը եւս կը չա­րա­փո­խեն, ի­րենց սե­փա­կան կո­րուս­տը պատ­րաս­տե­լով» (Բ. ՊԵՏՐ. Գ 16)։­

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ ե­րէկ խան­դա­վառ օր մը ապ­րուե­ցաւ։ «Պի­լէք» հանգս­տա­րա­նի սրա­հին մէջ, Ս. Զատ­կի տօ­նին առ­թիւ սար­քուե­ցաւ ճաշ­կե­րոյթ մը։ Իս­կա­կան սի­րոյ սե­ղա­նի մը մթնո­լոր­տին մէջ ան­ցաւ հա­ւա­քոյ­թը։

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017

Պատրիարքարանի շուրջ ստեղծուած տագնապալի վիճակին մէջ  յայտարարութիւնները իրերու կը  յաջորդեն:
Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան տեղեկցուց, որ ճնշումի տակ կը գտնուին մեր հոգեւորականաց դասուն անդամները: Համայնքի վարիչներուն դիրքորոշումը ընտրեալ-տեղապահի ակնկալութիւնները չէ արդարացուցած եւ պատճառ յառաջացած՝ յուսախաբութեան: Նորին Սրբազնութիւնը յառաջիկայ շաբաթ դարձեալ պիտի մեկնի Գերմանիա:

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Չկայ գո­յակ մը այս երկ­նա­կա­մա­րին վրայ, որ «ճշմար­տու­թեան» եւ «ա­նա­չա­ռու­թեան» կողմ­նա­կի­ցը չէ։ Երբ հարց տաս շրջա­պա­տի մար­դոցդ, որ ճշմար­տու­թեա՞ն կամ ստա­խօ­սու­թեան կողմ­նա­կից են, ընդ­հա­նուր յայ­տա­րար-պա­տաս­խան մը կը ստա­նաս։ Բո­լորն ալ «ճշմար­տա­խօս» եւ «ճշմար­տու­թեան» պաշտ­պան­ներն ու ջա­տա­գով­ներն են, ո­րոնք ո­գի ի բռին կը փոր­ձեն կեղ­ծամտու­թեան եւ կեղծ­պա­րիշ­տու­թեան քօ­ղին տակ սու­տը՝ ճշմա­րիտ, տգե­ղը՝ գե­ղե­ցիկ, յի­մա­րը՝ ի­մաս­տուն, ան­յա­ջո­ղա­կը՝ յա­ջո­ղակ, ա­պի­կա­րը՝ կա­րող, ա­նու­սը՝ ու­սեալ, մե­ղա­ւո­րը՝ ան­մեղ, ան­գոյ­նը՝ երփ­նե­րանգ ներ­կա­յաց­նել հան­րու­թեան աչ­քին։

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Պուրճ Հա­մու­տի աղ­բա­նո­ցին «ծննդոց»ը 
Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով Պէյ­րու­թը կը կիսուէր եր­կու­քի: 

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Եր­կու հա­զար տա­րուայ ցան մը՝ ար­մա՛տ մըն է քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քը, որ փո­խեց մարդ­կու­թեան ամ­բողջ ըն­թաց­քը եւ էու­թիւ­նը։ Եր­կու հա­զար տա­րի ա­ռաջ Քրիս­տոս իր վար­դա­պե­տու­թեամբ հին մար­դը վե­րա­ծեց նոր մար­դու եւ նոր հո­գիով, նոր միտ­քով օժ­տեց ու բա­րե­փո­խեց մարդ­կու­թիւ­նը։

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017

WBO-ի վար­կա­ծով աշ­խար­հի նախ­կին ա­խո­յեան հա­յազ­գի Ար­թուր Աբ­րա­համ այ­սօր գեր­մա­նա­կան Էր­ֆուրտ քա­ղա­քին մէջ պի­տի ճա­կա­տի լեհ Ռո­պին Քրաս­նի­քի դէմ (29 տա­րե­կան):

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017

Վե­նե­տի­կի «Viva Arte Viva» ա­րուես­տի մի­ջազ­գա­յին 2017-ի ցու­ցա­հան­դէ­սին, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Մա­յիս 13-Նո­յեմ­բեր 26 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ, Հա­յաս­տա­նը պի­տի ներ­կա­յաց­նեն ա­րուես­տա­գէտ­ներ Ռա­ֆա­յէլ Մե­կալ, Ժան Պօ­ղո­սեան եւ Մի­րօ Պեր­սո­լիա:

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017

23 Ապրիլը խանդավառութեամբ կը նշուի բովանդակ Թուրքիոյ մէջ՝ միասնականութեան գիտակցութեամբ:
Ազգային գերիշխանութեան տօնը կը զուգադիպի երկրի կառավարման համակարգի փոփոխման որոշման շրջանին:

Էջեր