Արխիւ
Եթէ նախապէս Հայաստանը կը նոյնացուէր միայն քոնիաքի հետ, այսօր, սակայն, աշխարհի մէջ իր տեղը ունի նաեւ հայկական գինին: Euromag պարբերականը խորհուրդ կու տայ մայիսեան տօները անցընել հայկական՝ կարմիր կամ սպիտակ եւ կամ վարդագոյն գինիի մէկ գաւաթի շուրջ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Ղազախիստանի ընտրանին։ «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու աւարտին Հայաստան յաղթանակ տօնեց 2-0 արդիւնքով։
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Ծիծեռնակ» ազգային երաժշտական մրցանակաբաշխութիւնը։ Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Օփերայի երդիքին տակ կազմակերպուած ձեռնարկի ընթացքին մրցանակի մը արժանացաւ նաեւ պոլսահայ մեներգչուհի Սիպիլ, որ ներկայիս կ՚այցելէ Հայաստան։
Մերազն համայնքի սիրեցեալ զաւակներ,
Հաւաքական մեր կեանքէն ներս վերստին կը դիմագրաւենք դժուարութիւններ։ Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի ալեկոծումներուն վրայ վերջին օրերուն նոր երեսակներ աւելցան՝ Հոգեւորականաց համագումարի կողմէ տեղապահի ընտրութեան փուլին։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան շաբաթավերջին tert.am կայքէջին յայտարարութիւններ ըրաւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի առկայ խնդիրներու լոյսին տակ։ Ինչպէս ծանօթ է, Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան անցեալ շաբթուան մէջ բաց նամակ մը ուղարկած էր Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին։
Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկ Արեւագալի արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեամբ տեղի ունեցաւ արարողութիւնը, որուն ներկայ էին նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան եւ Արման Սրկ. Մարաշլեան։
Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ եզակի հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, հաստատութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի յոբելենական շրջանին խնամակալութեան եւ անոր ատենապետին՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլի հովանաւորութեան ներքեւ ծնունդ առած ծրագրի մը առաջին պտուղները ներկայացուեցան դպրոցի աշակերտութեան։
Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ստեղծուած տագնապալի կացութիւնը համայնքի թիւ մէկ խնդիրը:
Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան տեղեկացուց, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի վերադառնայ Իսթանպուլ:
ՎԱՂԻՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ
Բոլորիս ծանօթ է այրի կնոջ եւ դատաւորին առակը (Ղուկաս 18.1-8):
Երեք հարցումներ.-
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Առաջին անգամը չէր, որ լիբանանցի բեմադրիչ Շարպէլ Խալիլի պատրաստած քաղաքական երգիծանքի ծրագիրը կ՚արժանանար ծանր մեղադրանքներու: Խալիլ, որ օրեր առաջ իր «Ալ Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանէն ցուցադրուող «Տումա Քարասի» յայտագրին ընթացքին բարձրացուցած էր երեսունինն տարի առաջ շիի կրօնական գործիչ Իմամ Մուսա Ալ Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն առեւանգման նիւթը, կը մերժէր ներողութիւն հայցել «Ամալ» շարժումի հասարակութեան, որոնց կարծիքով Խալիլ վիրաւորած էր իրենց հոգեւոր առաջնորդը՝ Ալ Սատըրն ու ներկայիս գործող ղեկավար Նեպիհ Պըրրին:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Համայնքային հրատապ օրակարգի մթնոլորտին մէջ, վերջին օրերուն շփում մը տեղի ունեցաւ Սամաթիոյ ընտանիքի եւ թերթիս խմբագրութեան միջեւ։ Միասին պատահաբար ներկայ գտնուեցանք հաւաքոյթի մը, որու միջավայրը յարմար առիթ ընձեռեց երկխօսութիւն մը հաստատելու։
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութիւնը հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտով նշեց Մեծ պահոց Միջինքը։ Երէկ այս առթիւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ, որոնց հանդիսապետեց Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան Գերապայծառը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի շրջանի հինգերորդ Կիրակին կը կոչուի «Դատաւորի Կիրակին»՝ ուր կը պատմուի այրի կնոջ մը համբերութեան եւ յարատեւութեան շնորհիւ ձեռք բերած բարոյական յաջողութեան մասին։ Այս պատմութիւնը, ընդհանրապէս կը պատշաճի աղօթքի մէջ յարատեւութեան, անձանձրոյթ եւ անվհատ ըլլալու եւ առանց յուսալքուելու շարունակելու անհրաժեշտութեան։
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ ճազի յատկանշական համերգ մը։ Օփերայի համալիրէն ներս կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը՝ «Նիւ Եորք-Երեւան ճազի ճանաչում» խորագրին ներքեւ։
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան հռչակուեցաւ Հայաստանի տարուոյն լաւագոյն ֆութպոլէօրը։ Երէկ, Երեւանի մէջ կազմակերպուած մասնաւոր արարողութեան մը ընթացքին ան ստացաւ իր «Ոսկէ գնդակ»ը։
Տարածքաշրջանէն ներս աննախընթաց ֆորում մը Երեւանի մէջ. «Ճգնաժամէն դէպի զարգացում»:
Միջազգային մասնագէտներ մատնանշեցին Հայաստանէ ներս քաղաքացիական հասարակութեան արձանագրած վերելքը:
Ախալցխայի, Վրաստան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ՝ օրհնութեամբ Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդ Տ․ Վազգէն Եպսկ․ Միրզախանեանի՝ քաղաքին մէջ առաջին անգամ տեղի ունեցած է «Հայկական գաթա» փառատօնը, որ կը տօնուի քառասնօրեայ Մեծ պահքի Միջինքին:
Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան խթանման համար հերթական նախաձեռնութիւն:
Սփիւռքի, մշակոյթի եւ առողջապահութեան նախարարութիւնները պիտի աշխատին համակարգուած:
Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի յառաջիկայ Երկուշաբթի Մոսկուա պիտի այցելէ՝ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրին ընդառաջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մարտի 28-ին ծրագրուած է քննարկել Ռուսաստան-Իրան համագործակցութեան հարցերուն ամբողջ համալիրը՝ երկու երկիրներու ղեկավարներու բանակցութիւններուն ընթացքին։
Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ յայտնեց, որ Եւրոպա պէտք է աւելի անկախ ըլլայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն։ Rheinische Post թերթին համար գրի առած յօդուածին մէջ գերմանացի նախարարը նշեց հետեւեալը. «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕ-ի հետ գործընկերութիւնը Անդրատլանտեան հանրակցութեան հիմքն է, բայց Եւրոմիութիւնը պէտք է ի վիճակի ըլլայ ինքնուրոյն կարգաւորելու այն ճգնաժամերն ու հակամարտութիւնները, որոնք ի յայտ կու գան իր հարեւանութեամբ»։