Արխիւ

Շաբաթ, Յունուար 21, 2017

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

«Խօս­քը կը թռի, բայց գի­րը կը մնա­յ»։
Լա­տին փի­լի­սո­փա­յու­թիւ­նը կը հա­ւա­տար (եւ ար­ժա­նա­ւոր ձե­ւով), թէ գի­րը­՝ իր տպա­գիր ձե­ւին մէջ է որ կը մնայ։ 

Ուրբաթ, Յունուար 20, 2017

Ատրպէյճան Ռուսաստանի հետ կը բանակցի դարձեալ սպառազինութիւններ ապահովելու համար:
Մոսկուա միեւնոյն ժամանակ կը ծրագրէ ռատիօտեղորոշիչ արդի կայան մը հաստատել Հայաստանի մէջ:

Ուրբաթ, Յունուար 20, 2017

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տինք ե­րէկ ո­գե­կո­չուե­ցաւ՝ ի­րեն դէմ կա­տա­րուած մա­հա­փոր­ձի 10-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ։ Այս առ­թիւ հա­զա­րա­ւոր­ներ բիւր յար­գան­քով եւ յու­զու­մով հեր­թա­կան ան­գամ վեր­յի­շե­ցին զին­քը։

Ուրբաթ, Յունուար 20, 2017

Սէրկէյ Լաւրով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը շօշափեց Սեպաստիան Քուրցի եւ Եդուարդ Նալպանտեանի հետ:
Հայ եւ ռուս նախարարները հերթական անգամ կանգ առին Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ անցեալ տարի նախագահներու մակարդակով գոյացած պայմանաւորուածութիւններուն վրայ: Երեւանի համոզմամբ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի անհասցէ յայտարարութիւնները սանձազերծութեան կը մղեն Պաքուն:

Ուրբաթ, Յունուար 20, 2017

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց քա­ղա­քիս Ա­սո­րի Կա­թո­լիկ­նե­րու Պատ­րիար­քա­կան Փո­խա­նորդ Եու­սուֆ Սա­ղը։ Այս վեր­ջի­նը Գում­գա­բու փու­թա­ցած էր շնոր­հա­ւո­րե­լու հա­մար Նո­րին Սրբազ­նու­թեան ու մեր հա­մայն­քին Ա­մա­նորն ու Սուրբ Ծնուն­դը։

Ուրբաթ, Յունուար 20, 2017

«Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը ներ­կա­յիս գրա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան տրա­մադ­րու­թեան տակ դրած է սփիւռ­քա­հայ յայտ­նի ա­րուես­տա­գէտ Վա­հէ Պէր­պէ­րեա­նի կող­մէ հե­ղի­նա­կուած վէպ մը, որ կը կո­չուի «Յա­նուն հօր եւ որդ­ւոյ»։­

Ուրբաթ, Յունուար 20, 2017

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ան­ցեալ տա­րուան Նո­յեմ­բե­րին ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րը ընտ­րե­ցին նա­խա­գա­հի ա­ռա­ւել ան­հա­ւա­նա­կան թեկ­նա­ծուն` Տո­նալտ Թրամ­փը: Ան ձեր պատ­կե­րա­ցու­ցած քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չը չէ: Իբ­րեւ յա­ջո­ղակ եւ յայտ­նի գոր­ծա­րար, ան սո­վոր է ան­պատ­րաս­տից ե­լոյթ­ներ ու­նե­նալ եւ հա­ւա­նու­թիւն չտալ ո­րե­ւէ յստակ ուղ­ղու­թեան:

Ուրբաթ, Յունուար 20, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ինչ­պէս յա­ճախ կը կրկնենք՝ խօս­քեր կան, ո­րոնք կը տպա­ւո­րեն մարդ­կու­թիւ­նը եւ մշտնջե­նա­կան ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նեն ա­մէն շրջա­նի մար­դուս հա­մար։ Եւ դար­ձեալ կան խօս­քեր՝ ո­րոնք կարճ են, քիչ են եւ սա­կայն շա՜տ բան կ՚ը­սեն, խօս­քեր են՝ խօս­քէն ա­ւե­լի՛. կան նաեւ խօս­քեր՝ ո­րոնք եր­կար են, շատ են, բայց բո­վան­դա­կու­թեամ­բը ո՛­չինչ կ՚ը­սեն եւ կը կոր­սուին ժա­մա­նա­կի տե­ւո­ղու­թեա­նը ըն­թաց­քին եւ ո­րե­ւէ տպա­ւո­րու­թիւն, ազ­դե­ցու­թիւն չեն թո­ղուր մար­դուս։

Ուրբաթ, Յունուար 20, 2017

«Հա­յաս­տա­նի մա­նուկ­ներ» հիմ­նադ­րամ»ի (COAF) տա­րե­կան դրա­մա­հա­ւաք-ե­րե­կոյ­թին աշխարհահռչակ դե­րա­սան, օս­քա­րա­կիր Լէո­նար­տօ Տի Քափ­րիո­յի կող­մէ նուիրուած 65 հա­զար տո­լա­րը պի­տի ծա­ռա­յէ Լո­ռիի մար­զին մէջ նոր եւ աշ­խար­հի մէջ ե­զա­կի Սմարթ կեդ­րո­նի ստեղծ­ման:

Ուրբաթ, Յունուար 20, 2017

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը կը շա­րու­նա­կեն յա­ռաջ տա­նիլ «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւ­նը՝ Ի­ՇԻՊ-ի («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում) դէմ պայ­քա­րե­լով հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն։ Բա­նա­կը մի­ջո­ցէ մը ի վեր պա­շա­րած է Էլ Պապ քա­ղա­քը, որ Սու­րիա­յէ ներս ռազ­մա­վա­րա­կան կէտ մը կը հա­մա­րուի։

Ուրբաթ, Յունուար 20, 2017

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ Տա­նըլտ Թրամփ այ­սօր պաշ­տօ­նա­պէս կը ստանձ­նէ նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նը։ Ան կը յա­ջոր­դէ Պա­րաք Օ­պա­մա­յին, որ ան­ցեալ շուրջ ութ տա­րի­նե­րուն եր­կու շրջան ղե­կա­վա­րեց ներ­կայ աշ­խար­հի հիմ­նա­կան գեր­տէ­րու­թիւ­նը։

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2017

Հա­յաս­տա­նի եւ Չի­նաս­տա­նի մի­ջեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման 25-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը վեր­ջերս նշուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Օ­փե­րա­յի հա­մա­լի­րէն ներս այս առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ յո­բե­լե­նա­կան փայ­լուն հան­դի­սու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան։

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2017

Յու­նուա­րի 21-ին, Ե­րե­ւա­նի Յով­հան­նէս Շա­րամ­բէ­յեա­նի ա­նուան ժո­ղովր­դա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան կեդ­րո­նին մէջ պի­տի բա­ցուի Ա­րա­գած Ա­խո­յեա­նի՝ «Վե­րա­դարձ…» խո­րագ­րեալ գե­ղան­կար­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սը: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ Հայաստանի Մ­շա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան տե­ղե­կատո­ւու­թեան վար­չու­թիւ­նը։

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2017

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հրա­տա­րակ­չու­թեան բա­ժի­նը, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, լոյս ըն­ծա­յեց հե­ղի­նա­կա­ւոր պատ­մա­բան ու վի­մագ­րա­գէտ Ար­սէն Յա­րու­թիւ­նեա­նի կող­մէ հե­ղի­նա­կուած՝ «Վա­ղար­շա­պատ. վան­քե­րը եւ վի­մա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը» աշ­խա­տու­թիւ­նը։ «Սար­գիս Գաբ­րիէ­լեան» հիմ­նադ­րա­մի մե­կե­նա­սու­թեամբ հրա­տա­րա­կուած է այս գոր­ծը, որ նուի­րուած է Վա­ղար­շա­պա­տի վան­քե­րու վի­մագ­րա­կան ժա­ռան­գու­թեան հա­մա­կող­մա­նի քննու­թեան։

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2017

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ ե­րէկ նա­հա­տա­կուե­ցաւ հայ զի­նուոր մը՝ թի­րախ դառ­նա­լով Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րուն կող­մէ բա­ցուած կրա­կին։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի հա­րա­ւա­յին ուղ­ղու­թեամբ տե­ղա­կա­յուած զօ­րա­մա­սե­րէն մէ­կուն պահ­պա­նու­թեան տե­ղա­մա­սին մէջ այս դէպ­քը պա­տա­հե­ցաւ ե­րէկ ժա­մը շուրջ 14.00-ին։

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինք այսօր կ՚ոգեկոչուի՝ իր դէմ կատարուած մահափորձի տասներորդ տխուր տարելիցին առթիւ:
Թրքահայ համայնքը բիւր յարգանքով ու ջերմութեամբ կը վերյիշէ իր ծոցէն հասած հարազատ զաւակը, որու սպանութեան վէրքը տակաւին հեռու է սպիանալէ:

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2017

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալեց Պետրոս Շիրինօղլուն:
Մօտալուտ հանրաքուէէն վերջ պիտի լուծուի ընտրութիւններու հարցը:
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հանդիպակաց երբեմնի բանջարանոցի տարածքի սեփականութեան իրաւունքի վերադարձուելուն համար դրական վերաբերմունք:

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այ­սօր դար­ձեալ քու ե­րա­զիդ մա­սին պի­տի գրեմ: Յա­նուն կար­միր մե­խակ­նե­րու, ո­րոնք փռուե­ցան քու ճա­նա­պար­հիդ առ­ջեւ:

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2017

Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ էքիւմենիք արարողութիւն մը։ Միջեկեղեցական այս ժամերգութեան նախագահեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Բրի­տա­նա­ցի գիտ­նա­կան­նե­րը տաս­նա­մեա­կէ մը ի վեր հե­տաքրք­րա­կան դի­տար­կում մը կը հրա­պա­րա­կեն: Ըստ ո­րու, կա­տա­րուած ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ՝ Յու­նուար ամ­սուան կէ­սին հա­մըն­կած շա­բա­թը, ա­ւե­լի ստոյգ եր­րորդ Եր­կու­շաբ­թին տա­րուան ա­մե­նէն ընկճուած տրա­մադ­րու­թեամբ օրն է:

Էջեր