Արխիւ
ՎԻԼՀԵԼՄ ՊՈՒՇ
Բախտը, համաձայն իր իմաստին,
Լաւը նըւիրել կ՚ուզէ քեզի։
Շնորհակալ եղիր, ընդունէ զայն,
Առանց երկար մըտահոգութեան։
Բանկալթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Կաղանդի տօնակատարութիւն իւրայատուկ վայելչութեամբ:
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ Ամանորի առթիւ տեղի ունեցաւ ոգեւոր հանդէս մը։ Տղաքը՝ ուսուցչուհիներուն վերահսկողութեամբ պատրաստուած էին իրենց տեսակէտէ իսկապէս շատ զուարճալի այս ձեռնարկին։
Պատրիարքական Աթոռի նախաձեռնութեամբ, երէկ, Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարեմուտի աւանդական մանկանց խրախճանքը։ Համայնքային վարժարաններու աշակերտներուն համար նախատեսուած այս խրախճանքին ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հանդիսապետութեամբ տղաքը հանդէս եկան ելոյթներով, ունեցան հաճելի ժամանց ու մանաւանդ նուէրներ ստացան Կաղանդ պապուկին ձեռամբ։
Ճրագալոյց Ս. Ծննդեան Յունուար 5
Ս. Ծնունդ եւ Աստուածայայտնութիւն Յունուար 6
Անուանակոչութիւն Յիսուսի Քրիստոսի Յունուար 13
Ծնունդ Ս. Յովհաննու Կարապետի Յունուար 14
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի մէջ ընդունուած է Նոր Տարին՝ Ամանորը կոչել նաեւ «Կաղանդ»։
Ըստ Հրաչեայ Աճառեանի «կաղանդ» բառը փոխառեալ է լատիներէնէ՝ «calendea», այսինքն «ամսամուտ» բառէն, որ ծագած է «calo»՝ «կոչել» կանչել բայէն։
ԱԼՖՐԷՏ ԼՈՐՏ ԹԷՆԻՍԸՆ
Աստուած ստեղծեց ու բացաւ այս տարին քեզի համար.
Կեցած կամուրջիդ վրայ.
Քու նաւդ է, այո՛, քու սեփական նաւդ,
Եւ զայն վարողը դուն պիտի ըլլաս։
Ի. Ի. ԳԱՄԻՆԿԶ
Փոքրիկ անխօս Կաղանդի ծառ
Դուն շատ փոքր ես
Աւելի ծաղիկի նման ես
Ո՞վ գտաւ քեզ կանաչ պարտէզին մէջ
Եւ դուն տխրեցա՞ր հեռացուելուդ համար.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամբողջ Բնութիւնը, որ Աստուծոյ ձեռագործն է, կը կրէ անկեղծութեան եւ անխարդախ կատարելութեան յատկանշական դրոշմը։ Մարդիկ շատ շատ կ՚ընդօրինակեն Բնութիւնը արուեստականօրէն։ Եւ ընդօրինակութիւնը՝ ընդհանուր առումով, նախատիպարին կեղծումը կամ կրկնութիւնն է, եւ ո՛չ իսկականը։
ՄԱԿ-ի նոր ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէժ Ամանորի առթիւ հրապարակեց պատգամ մը, որու մէջ խաղաղութիւնը ընդգծեց որպէս առաջնահերթութիւն՝ 2017 թուականին համար։ Կութերէժ, որ երէկուան դրութեամբ ստանձնեց ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը, ըսաւ հետեւեալը. «Խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ մեր նպատակը եւ մեր ուղեցոյցը։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Մենք նոր տարի կը մտնենք մեր ուժերուն նկատմամբ վստահութեամբ»:
«Անկախութեան սերունդի ստեղծագործական միտքը կը բանայ աշխարհի յայտնի մշակոյթի եւ գիտութեան օճախներուն դռները»:
Թուրքիա 2017 թուականը դիմաւորեց Իսթանպուլի մէջ պատահած ահաբեկչական դէպքին ցնցումով. 39 զոհ, 65 վիրաւոր
Օրթագիւղի «Ռէյնա» գիշերային ակումբէն ներս մղձաւանջային ոճրագործութեան զուգահեռ աշխարհի գրեթէ բոլոր մայրաքաղաքներէն եւ միջազգային կառոյցներու կեդրոններէն զօրակցութեան պատգամներ կը հասնին Անգարա։ Անվտանգութեան ամբողջ համակարգը շարժման անցած է՝ խոյս տուած յանցագործը յայտնաբերելու համար։
Հանրապետութեան Նախագահ Էրտողան. «Որպէս ազգ՝ մեր պաղարիւնութիւնը պահպանելով, իրարու աւելի փարելով երբեք տեղի պիտի չտանք նման կեղտոտ խաղերու»։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ամանորի առթիւ հանդէս եկաւ պատգամով մը։ Նորին Սրբութեան կողմէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն համայն աշխարհի հայութեան ուղղեալ այս պատգամը տեսասփռուեցաւ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան կողմէ։ Տարեմուտէն քանի մը վայրկեան առաջ Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին մէջ ըսաւ
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի խանդավառ հանդէս մը։ Դպրոցի սաները յաջող երգերով եւ արտասանութիւններով արտայայտեցին իրենց հիմնական ամանորեան մաղթանքը, որն էր աշխարհի խաղաղութիւնը։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ 2017-ի տարեմուտին առթիւ տեղի ունեցաւ աւանդական հանդէս մը։ Ամբողջ դպրոցը մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեց Նոր տարին։ Ամանորեան հանդէսը համախմբեց վարժարանի պատասխանատուները, ուսուցչական կազմը, աշակերտներու ծնողներն ու հիւրեր։
Գարակէօզեան Տան մէջ Նոր տարուան առթիւ տեղի ունեցաւ ոգեւոր հանդէս մը։ «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» նորակառոյց գեղարուեստական աշխատանոցի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան հաստատութեան պատասխանատուները, դպրոցի ուսուցչական կազմը, աշակերտներու ծնողներ եւ հիւրեր։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
2017 թուականի առաջին ռոպէներուն Թուրքիա հերթական անգամ դէմ յանդիման մնաց ցնցումի մը։ Արիւնալի դէպք մը կրկին յեղաշրջեց երկրին օրակարգը, ստուերի տակ թողլով տարեմուտի տրամադրութիւնները։ Դժբախտաբար, նման երեւոյթները միջոցէ մը ի վեր ընթացիկ դարձած են մեր երկրէն ներս։
ԿԱՐՕ ՄԱՐՏՈՒՆԻ
Կարմիր կը փսխէ տարին ալ այս հին,
Կամքն իր ծանրագին դեռ պիտի տանինք․
Համաձայն կամ ոչ՝ քմայքն է անոր,
Պիտի հասնի քեզ, տարին է սա նոր։
ՄՈՎՍԷՍ ՔԵՐԹՈՂ
Այսօր Սուրբ Ծննդեան տօն է, աւետիս,
Եւ մեր Տիրոջ յայտնութեան տօնն է, աւետիս։
Այսօր արդարութեան արեւը, աւետիս,
Մարդոց մէջ երեւցաւ, աւետիս։
Այսօր սուրբ, անապական կոյսը, աւետիս,
Ծնաւ, բերաւ անմահ արքան, աւետիս։
ԷԼԶԷ ԼԱՍՔԵՐ-ՇԻՒԼԵՐ
Օր մը կու գաս ինծի ժամու մը երեկոյեան,
Յուշիկ անջատուած աստղէս ամենասիրած.
Բերնիդ մէջ սիրոյ խօսքն ակնկալուած.
Բոլոր ճիւղերը կը սպասեն զարդ հագած: