Արխիւ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2016

Տիար­պա­քը­րի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պետ Կիւլ­թան Քը­շա­նաք առ­նուե­ցաւ հսկո­ղու­թեան տակ՝ ա­հա­բեկ­չու­թեան հար­ցաքն­նու­թեան շրջագ­ծով։ Նոյն­պէս ձեր­բա­կա­լուե­ցաւ նաեւ հա­մա­քա­ղա­քա­պետ Ֆը­րաթ Ան­լը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2016

Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար Պե­-քիր Պոզ­տաղ ներ­կա­յիս կ՚այ­ցե­լէ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։ Այս ու­ղե­ւո­րու­թեան հիմ-­նա­կան նպա­տակն է ՖԵ­ԹԷՕ-ի պա­րագ­լուխ Ֆե­թհուլ­լահ Կիւ­լէ­նի ԱՄՆ-ի կող­մէ Թուր­քիոյ ար­տա­յանձն­ման ա­պա­հո­վուի­լը։ Ծա­նօթ է, որ 15 Յու­լի­սի զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձէն վերջ յաչս Ո­ւա­շինկ­թը­նի Ան­գա­րա ա­հա­զանգ կը հնչեց­նէ եւ յա­մա­ռօ­րէն կը պա­հան­ջէ Ֆեթ­հուլ­լահ Կիւ­լէ­նի ար­տա­յանձ­նու­մը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2016

Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վը ե­րէկ ըն­դու­նեց ո­րո­շում մը, ո­րու հի­ման վրայ Յու­լի­սի 15-ը հռչա­կուե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ար­ձա­կուրդ։ Խորհր­դա­րա­նէն ներս ե­րէկ հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցած նա­խագ­ծով՝ 15 Յու­լի­սը յետ այ­սու պի­տի նշուի որ­պէս ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ ազ­գա­յին միաս­նա­կա­նու­թեան օր։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2016

Ուք­րայ­նոյ Մե­լի­թո­փոլ քա­ղա­քին մէջ ծա­գած հրաձ­գու­թեան մը հե­տե­ւան­քով զո­հուե­ցան հայ մը եւ վրա­ցի մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, զո­հե­րու ա­նուն­ներն են՝ Սար­գիս Պաղ­տա­սա­րեան եւ Զու­րապ Օ­նա­նի­զի։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2016

Մալ­թա­յի Ինք­նիշ­խան Մար­տա­կան Ուխ­տի Ար­քա­յազն ու Մեծ Վար­պետ Ֆրա Մե­թիու Ֆես­թինկ ա­ւար­տեց դէ­պի Ե­րե­ւան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2016

Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Մկրտչեան ըն­դու­նած է Հա­յաս­տա­նի մօտ Յու­նաս­տա­նի դես­պան Նաֆ­սի­քա Նեն­սի Է­ւա Վրայ­լան:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2016

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ բարձր ա­րա­րո­ղա­կար­գով հիւ­րըն­կա­լեց Մալ­թա­յի Ինք­նիշ­խան Մար­տա­կան Ուխ­տի Ար­քա­յազն ու Մեծ Վար­պետ Ֆրա Մե­թիու Ֆես­թին­կը, որ պե­տա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ե­րե­ւան։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2016

Բակօ Սահակեան երէկ տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ:
Ըստ Իկոր Փոփովի, Ստեփանակերտի ղեկավարութեան հետ շօշափուեցան խաղաղ կարգաւորման հեռանկարները:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2016

Անգարա լուրջ մարտահրաւէր մը կը դիմագրաւէ Մուսուլի ազատագրման մասնակցութեան հարցին շուրջ:
Ռուսաստան լրաքաղութիւն կ՚ապահովէ թրքական կողմին՝ «Եփրատի վահան» գործողութեան համար:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2016

ՍԵ­ԴՕ ՊՈ­ՅԱ­ՃԵԱՆ

Հա­լէ­պի կո­րուս­տը հա­մա­զօր է ազ­գա­յին կո­րուս­տի: Չա­փա­զան­ցու­թիւն կամ զգա­ցա­կա­նու­թիւն պէտք չէ ո­րո­նել դժուա­րու­թեամբ ար­տա­յայ­տուող այս հաս­տա­տու­մին մէջ: Կեն­սա­կա­նօ­րէն կա­րի­քը կայ բա­ցատ­րե­լու ազ­գա­յին մա­կար­դա­կով հե­տե­ւանք­ներ ու­նե­ցող ի­րա­վի­ճակ մը, ո­րուն լու­սա­բա­նումն ու հիմ­նա­ւո­րու­մը պէտք է շա­տոնց տրուէր, անդ­րա­դառ­նա­լու հա­մար, թէ ի՞նչ կը նշա­նա­կէ հաս­տա­տուած եւ կազ­մա­ւո­րուած գա­ղու­թի մը գո­յա­տեւ­ման, մին­չեւ իսկ գո­յու­թեան վտան­գը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2016

Կարէն Աղամեան ծնած է 1946-ի Նո­յեմ­բե­րի 28-ին, Ե­րե­ւան: 1964-ին ա­ւար­տած է Ե­րե­ւա­նի Փանոս Թեր­լե­մե­զեա­նի ա­նուան գե­ղա­րուես­տի ու­սում­նա­րա­նը, 1969-ին՝ Ե­րե­ւա­նի Գե­ղա­րուես­տա-թա­տե­րա­կան հիմ­նար­կը: 1970-էն ի վեր կը դա­սա­ւան­դէ Երե­ւա­նի Գե­ղա­րուես­տա-թա­տե­րա­կան հիմ­նար­կին մէջ (1989-էն՝ փրո­ֆէ­սէօր, 1988-94 թուականնե­րուն՝ ամ­պիո­նի վա­րիչ): 1974-ին՝ կը դառնայ Հա­յաս­տա­նի նկա­րիչ­նե­րու միու­թեան ան­դամ: 1982-ին՝ ստա­ցած է Խորհրդային Հա­յաս­­տանի Ն­կա­րիչ­նե­րու միու­թեան վկա­յա­գիր՝ տա­րուայ լա­ւա­գոյն գե­ղան­կա­րի հա­մար: 1988-ին դար­ձած է Խորհրդային Հա­յաս­տանի ծ­րա­գող­նե­րու միու­թեան ան­դամ: 1998-էն ի վեր նախագահն է Հա­յաս­տա­նի Նկա­րիչ­նե­րու միու­թեան:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մի­ջազ­գա­յին լրա­հո­սին մէջ վեր­ջերս քննար­կում­նե­րու ա­ռիթ կը դառ­նար «Ուի­քի­լիք­ս­»ի հրա­պա­րա­կած շարք մը նա­մա­կագ­րու­թիւն­ներ: Ի շարս այլ հար­ցե­րու, հոն կը բա­ցա­յայ­տուէին Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ շուրջ տասն ա­միս ա­ռաջ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հա­կան թեկ­նա­ծու Հի­լը­րի Քլին­-թը­նի մօ­տիկ հա­մա­րուող անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն ուղ­ղուած նա­մակ­նե­րը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ան­ցեալ տա­րի լրա­ցաւ 120-ա­մեա­կը ան­զու­գա­կան մար­դու մը, ո­րուն ա­նու­նը Ար­տօ­նագ­րուած գիւ­տե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին մա­տեա­նին մէջ ամ­րագ­րուած է իբ­րեւ տասն­մէկ գիւ­տի հե­ղի­նակ: Իսկ այդ գիւ­տե­րը այն­պի­սի գիւ­տեր են, ո­րոնք 20-րդ դա­րէն սկսեալ փո­խած են մար­դոց կեան­քը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ ան­ցեալ Կի­րա­կի նա­խա­գա­հեց Գիւտ Խա­չի տօ­նին առ­թիւ մա­տու­ցուած Սուրբ Պա­տա­րա­գին։ Մայր Ա­թոռ  Սուրբ Էջ­միած­նի Լու­սա­րա­րա­պետ Տ. Յով­նան Եպսկ. Յա­կո­բեա­նի կող­մէ մա­տու­ցուած Սուրբ Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցաւ քա­հա­նա­յա­կան ձեռ­նադ­րու­թիւն։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Թե­րեւս տա­րօ­րի­նակ թուի, բայց կան կարգ մը գիր­քեր, գրու­թիւն­ներ եւ կամ ար­ձա­նագ­րուած խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ՝ ո­րոնք յա­ճախ կը կար­դա­ցուին կամ կը լսուին, ա­ռանց կրկնու­թիւն հա­մա­րե­լու եւ կար­ծես ա­մէն ան­գամ որ կը կար­դա­ցուի կամ կը լսուի, ո՛չ թէ կրկնու­թեան այլ նոր հե­ղի­նա­կու­թեան մը տպա­ւո­րու­թիւ­նը կը թո­ղու մար­դուս վրայ։ Թէեւ վե­րը «տա­րօ­րի­նակ» կո­չուե­ցաւ այս ե­րե­ւոյ­թը, սա­կայն բնա­կան է ա­սի­կա, քա­նի որ միտ­քը ա­մէն ան­գամ կը նո­րո­գուի եւ նո­րու­թիւն­ներ կը տես­նէ ա­նոնց մէջ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2016

Կեն­դա­նա­բան­նե­րը Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Գա­լի­ֆոր­նիա նա­հան­գի քա­րան­ձաւ­նե­րէն մէ­կուն մէջ յայտ­նա­բե­րած են բազ­մո­տա­նի ար­տա­սո­վոր ա­րա­րած մը, որ ու­նի 414 ոտք, ինչ­պէս նաեւ 200 թու­նա­ւոր գեղձ ու 4 սե­ռա­կան օր­կան:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2016

Զուի­ցե­րիոյ Նիոն քա­ղա­քին մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ 2018-ի Եւ­րո­պա­յի ֆութ­սա­լի ա­խո­յե­նու­թեան զտու­մի մրցում­նե­րուն վի­ճա­կաձ­գու­թիւ­նը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2016

Աշ­խար­հահռ­չակ հա­յազ­գի եր­գիչ Շարլ Ազ­նա­ւուր յա­ռա­ջի­կայ տա­րուան Յու­նուա­րի 31-ին հա­մեր­գով մը հան­դէս պի­տի գայ Սպա­նիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Մատ­րի­տի մէջ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2016

Ճէյմս Ուորլիք. «Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր տարրերը պէտք է քննարկել՝ որպէս ծրար մը»:
Ալիեւ Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն պատրաստակամութիւն յայտնած է՝ տեսակցելու համար Սարգսեանի հետ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2016

Ե­րե­ւա­նի «ԹՈՒ­ՄՕ» ստեղ­ծա­րար փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նի մաս­նա­գէտ­նե­րէն Սու­սան­նա Գալս­տեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ քա­ղա­քիս մէջ տա­րուած երկ­շա­բա­թեայ աշ­խա­տան­քը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ խան­դա­վառ հան­դի­սու­թիւ­նով մը։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Սու­սան­նա Գալս­տեան Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին մէջ ա­շա­կերտ­նե­րու հետ աշ­խա­տանք տա­րաւ մար­դա­մե­քե­նա­ներ (ռո­պոթ) շի­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Էջեր