Արխիւ
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Վարսէն Օրունճաքճըէլի յուղարկաւորութիւնը։
Համայնքային համակրելի բարերարը շաբաթավերջին աչքերը փակեց կեանքին:
Վրթանէս Սաաթճըի մարմինը յառաջիկայ օրերուն քաղաքս պիտի բերուի յուղարկաւորուելու համար:
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի եղանակի պաշտօնական բացման արարողութիւնները անցան խանդավառ մթնոլորտի մէջ:
Կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւնները տեղի ունեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի հովանաւորութեամբ:
ՃՈՒԼԻԵԹԱ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու մէջ ստեղծագործող յայտնի նկարիչ Տիգրան Ձիթողցեան, որ իր գերիրական ինքնատիպ կտաւներով ճանչցուած է աշխարհի վրայ, այս օրերուն Երեւանի մէջ կը գտնուի:
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան Գերմանիոյ «Պորուսիա Տորտմունտ» ակումբի մասնաշապիկով Պունտեսլիկայի մէջ լուրջ յաջողութիւն արձանագրելէ վերջ՝ վերջերս փոխանցուեցաւ անգլիական «Մենչըսթըր Եունայթըտ» ակումբին, որու հետ այժմ կը գտնուի Չինաստան, «Միրըր»ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ երէկ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները հրթիռակոծեցին մայրաքաղաք Դամասկոսի բազմաթիւ շրջանները, ներառեալ Պապ Թումա հայաբնակ շրջանը։
«Հիմնադիր խորհրդարան»ի առաջնորդ Ժիրայր Սէֆիլեանի ազատ արձակման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարման պահանջով՝ «Սասնայ ծռեր» զինեալ խումբին կողմէ պատանդ վերցուած բոլոր ոստիկանները շաբաթավերջին ազատ արձակուեցան։
Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման մթնոլորտին մէջ շաբաթավերջին յայտնի դարձաւ, թէ Օգոստոսի կէսին հանդիպում մը կը նախատեսուի երկու երկիրներու նախագահներուն՝ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Վլատիմիր Փութինի միջեւ։
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Յարգելի ընթերցող մը երէկ իր դժգոհութիւնը յայտնեց, թէ ինչո՞ւ այս սիւնակով տակաւին կը յապաղիմ իմ տեսանկիւնէն դիտածս արձանագրելու այստեղ՝ ինչ կը վերաբերի անցեալ Կիրակի առաւօտէն ի վեր Հայրենիքի մէջ տիրող բոլորիս ծանօթ կացութեան:
Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի դիւանէն ստացանք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը, զոր կը հրատարակենք։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր նոր սերունդի կրթական մշակներէն Գարօլին Սիսի Ֆէնէրճեան յաջողութեամբ կը խորացնէ իր մասնագիտութիւնը։ Ան վերջերս աւարտած է «Ետիթեփէ» համալսարանի կրթական գիտութիւններու բաժնի կրթութեան կառավարման ու հակակշռման բաժինը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ուշադրութիւն եթէ դարձնենք, սիրելի՜ներ, սա մեր ապրած կեանքին, հոն պիտի տեսնենք որ անհամար հակադրութիւններ կը գտնուին՝ որոնք որոշելու, զատելու եւ անոնցմէ նպաստաւորը, օգտակարը ընտրելու եւ ըստ այնմ մեր կեանքին ընթացք մը տալու պարտաւորութեան տակ կը գտնուինք։ Եւ ասիկա լուրջ պատասխանատուութեան հարց մըն է, թէ՛ մեր անհատական եւ թէ՛ ընկերային կեանքին համար։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Քաղաքագէտ Միքայէլ Զոլեանի կարծիքով, եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները արագ քայլերու չձեռնարկեն ու չդարմանեն Երեւանի Սարի Թաղ շրջանին մէջ տիրող իրավիճակը, ապա այս խռովութիւններու ալիքը կրնայ աճիլ եւ հունաւորուիլ ամբողջ երկրին մէջ:
Համայն աշխարհի ուշադրութիւնը հետզհետէ կը լարուի Ռիոյի մօտալուտ ողիմպիականներուն վրայ։ Աշխարհի օրակարգը չի բնորոշուիր դրական լուրերով, համաշխարհային ընդհանուր երթը բաւականին մտահոգիչ է, սակայն այդ բոլորը երբեք բաւարար չեն ըլլար, որպէսզի մարդկութեան ուշադրութիւնը շեղի պատմութեան մեծագոյն մարզական կազմակերպութենէն՝ ամառնային ողիմպիականներէն, որոնք շուտով պիտի սկսին Ռիոյի մէջ։
«Մենք իրաւունք չունինք թոյլ տալու, որ մեր ամբողջ հանրութիւնը այս լարուածութեան պատանդը դառնայ»:
Սերժ Սարգսեան եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ անդրադարձան Երեւանի վերջին դէպքերուն:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ այցելեց խորհրդարան եւ տեսակցեցաւ Հաքան Ֆիտանի հետ:
Ըստ Ալայի, Ոստիկան զօրքերը պիտի կապուին Ներքին գործոց նախարարութեան: Արտակարգ դրութեան շրջագծով Պաշտօնաթերթին մէջ լոյս տեսաւ կառավարութեան առաջին օրէնքի համազօր որոշմնագիրը:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Չեմ գիտեր աշխարհի մէջ քանի՞ հազար լեզուներ կան, որով մարդիկ կը հաղորդակցին իրարու հետ. բայց կայ լեզու մը՝ հասկացողութեան լեզուն, որ ի հարկէ պէտք է անցնի զգացողութեան բովէն, որպէսզի արդիւնաւորուի, եթէ հասկացողութիւն-զգացողութիւն ընթանան նոյն հարթակի վրայ:
Նիսի մէջ Յուլիսի 14-ին պատահած սահմռկեցուցիչ ահաբեկչութեան կապակցութեամբ Ֆրանսայի դատական մարմինները պատրաստեցին իրենց մեղադրականը։ Փարիզի դատախազութիւնը երէկ ուշ երեկոյեան ահաբեկչութեան յատկանիշներով ամբաստանագրեր հասցէագրեց հինգ անձերու համար։
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան անդրադարձաւ Երեւանի մէջ բռնագրաւուած ոստիկանական կեդրոնի խնդրին:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն վերջ, Ռուսաստանն ու Եւրոմիութիւնն ալ տեղեկացուցին, թէ անթոյլատրելի է բռնութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Պեշթեփէի մէջ, վարչապետին եւ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահին հետ:
Յուլիսի 15-ը հռչակուեցաւ նահատակներու ոգեկոչման օր:
Ազգային մեծ ժողովը հաւանութիւն տուաւ՝ երեք ամսուան ժամկէտով արտակարգ դրութեան հաստատման վերաբերեալ կառավարութեան որոշմնագրին: