Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունիս 28, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Օ­րերս Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դի­պե­ցանք Հայ­կա­կան գոր­ծա­րար գոր­ծա­կա­լու­թեան (Armenian Business Agency) եւ Ֆրան­սա­յի մէջ Հա­յաս­տա­նի Ա­ռեւտ­րա-ար­դիւ­նա­բե­րա­կան պա­լա­տի նա­խա­գահ, ֆրան­սա­հայ «Այբ» ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նի տնօ­րէն Վար­դան Գաբ­րիէ­լեա­նին, որ Ե­րե­ւան կը գտնուէր յա­ռա­ջի­կայ Հոկ­տեմ­բե­րի 15-ին Փա­րի­զի Westin Paris-Vendome պան­դո­կին մէջ տե­ղի  ու­նե­նա­լիք  Հայ­կա­կան-մի­ջազ­գա­յին գոր­ծա­րար­նե­րու հա­մա­ժո­ղո­վի գոր­ծե­րով:

Երեքշաբթի, Յունիս 28, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ե­րա­նու­թիւն­նե­րը կը հա­մա­պա­տաս­խա­նեն մար­դուն եր­ջան­կու­թեան բնա­կան բաղ­ձան­քին։ Այս ար­դար բաղ­ձան­քը աս­տուա­ծա­յին ծա­գում ու­նի, քա­նի որ Աս­տուած դրաւ զայն մար­դուն սրտին մէջ՝ որ­պէս­զի քա­շէ զինք Ի­րեն, որ միակ կա­րո՛ղն է լիաց­նե­լու զինք։

Երկուշաբթի, Յունիս 27, 2016

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

«ՈՒՐԲԱԹ ՕՐԵՐԸ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ԿԸ ԴԱՆԴԱՂԻ»

Պուէ­նոս Այ­րէս, Ար­ժան­թին: Մա­յիս 2016: Ի­ջե­ւա­նած պան­դո­կիս ճա­շա­րա­նին մէջ մէկ կող­մէ կը նա­խա­ճա­շեմ, միւս կող­մէ, հա­մա­կար­գի­չին ե­տեւ նստած, կը փոր­ձեմ քայլ պա­հել ի­րենց հեր­թը սպա­սող շատ մը գոր­ծե­րուս հետ: Այդ կա­ցու­թեանս մէջ չանդ­րա­դար­ձայ, որ տա­րեց մարդ մը մօ­տե­ցաւ ին­ծի եւ սպա­նե­րէն հետս զրու­ցեց, թէեւ չհասկ­ցայ իր ը­սա­ծը, բայց ու­զե­ցի իր ժպտուն, բա­րե­կա­մա­կան ու հա­ղոր­դա­կան դէմ­քին ըն­թացք տալ:

Երկուշաբթի, Յունիս 27, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ նա­խա­գա­հեց կի­րակ­նօ­րեայ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ տուաւ օ­րուան պատ­գա­մը։ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Զա­տիկ Վրդ. Պա­պի­կեան։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Կո­րիւն Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Յա­կոբ Սրկ. Քես­կին եւ այլ դպիր­ներ։

Երկուշաբթի, Յունիս 27, 2016

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Մի­ջազ­գա­յին մաս­նա­գէտ­ներ, գիտ­նա­կան­ներ եւ հո­գե­բան­ներ սկսած են ա­ւե­լի  յա­ճախ անդ­րա­դառ­նալ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու օգ­տա­գործ­ման ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րուն: Բրի­տա­նա­կան «Ին­տի­փեն­տընթ» թեր­թը վեր­ջերս հրա­տա­րա­կեց  Ֆէյս­պու­քի առըն­չուած՝ Պել­ժիո­յ ոս­տի­կա­նու­թեան զգու­շա­ցու­մին, գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան մը ար­դիւն­քին, մաս­նա­գէտ­նե­րու կար­ծիք­նե­րուն եւ հե­տաքրք­րա­կան փաս­տե­րու մա­սին հա­կիրճ յօ­դուած­ներ, ո­րոնք կը ներ­կա­յաց­նենք ստո­րեւ:

Երկուշաբթի, Յունիս 27, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Քրիս­տո­սի Ե­կե­ղե­ցին այն է՝ որ մէ՛կ է, կա­թո­ղի­կէ, ա­ռա­քե­լա­կան եւ սո՛ւրբ։ Քրիս­տո­սի Ե­կե­ղե­ցին ար­դա­րեւ մէ՛կ է, քա­նի որ Յի­սուս Քրիս­տոս մէ՛կ է եւ պե՛­տը՝ Ե­կե­ղե­ցիին։

Երկուշաբթի, Յունիս 27, 2016

Ատր­պա­տա­կա­նի Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն կը տե­ղե­կաց­նեն.-
Ե­րեք­շաբ­թի, 21 Յու­նիս 2016-ի ե­րե­կո­յեան, ժա­մը 6-ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ Ուր­միոյ Հա­յոց Ազ­գա­յին դպրո­ցին ա­մա­վեր­ջի հան­դի­սութիւ­նը հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ նա­խա­գա­հու­թեամբ Ատր­պա­տա­կա­նի Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գրի­գոր Ս. Եպսկ. Չիֆթ­ճեա­նի:

Երկուշաբթի, Յունիս 27, 2016

Թուր­քիոյ եւ Իս­րա­յէ­լի մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցաւ՝ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման հա­մար։ «Րէօյ­թըրզ» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն այս մա­սին տե­ղե­կա­ցուց՝ Իս­րա­յէ­լի պաշ­տօ­նա­տար­նե­րէն մէ­կուն կող­մէ փո­խան­ցուած հա­ղոր­դում­նե­րուն հի­ման վրայ։

Երկուշաբթի, Յունիս 27, 2016

Ֆրան­սիս­քոս Ա. Քա­հա­նա­յա­պե­տի Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թիւ­նը շատ լայն ար­ձա­գանգ ստեղ­ծեց՝ նաեւ քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու շուրջ պար­փա­կած պատ­գամ­նե­րով։ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը վեր­ա­հաս­տա­տեց հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ իր դիր­քո­րո­շու­մը՝ 1915-ի դէպ­քե­րը հեր­թա­կան ան­գամ ո­րա­կե­լով որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։

Երկուշաբթի, Յունիս 27, 2016

Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ քոյր եկեղեցիներու հովուապետները երէկ Խոր Վիրապի սահմանամերձ պատմական վանքէն սպիտակ աղաւնիներ արձակեցին դէպի աստուածաշնչեան Արարատ լեռը՝ ի նշան խաղաղութեան:
Քրիստոնեաներու բազմադարեան բնօրրան:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը եւ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը միջեկեղեցական համագործակցութեան նոր չափանիշներ կը սահմանեն՝ իրենց դրական մօտեցումներով: Քահանայապետին դէպի առաջին քրիստոնեայ երկիր՝ Հայաստան ուխտագնացութիւնը բնորոշուեցաւ աննախընթաց ու անմոռանալի վառ դրուագներով:

Երկուշաբթի, Յունիս 27, 2016

Ե­րէկ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, Վե­հա­րա­նի գա­հաս­րա­հի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի եւ Հռո­մի Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Պա­պի հա­մա­տեղ հռչա­կագ­րի ստո­րագր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Եր­կու ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հայ­րա­պետ­նե­րու հա­մա­տեղ հռչա­կագ­րին մէջ ը­սուած է հե­տե­ւեա­լը.

Շաբաթ, Յունիս 25, 2016

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, որ Թուր­քիա հրա­ւի­րուած է Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան (ՍԾՏՀԿ) ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վին, որ Յու­լի­սի 1-ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Սո­չիի մէջ։

Շաբաթ, Յունիս 25, 2016

Թուր­քիա ե­րէկ դար­ձեալ սու­գի մատ­նուե­ցաւ նոր նա­հա­տակ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ լու­րե­րով։ Երկ­րի հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան շրջան­նե­րուն մէջ ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րը հեր­թա­կան ան­գամ ու­նե­ցան ծանր հետ­եւանք­ներ։

Շաբաթ, Յունիս 25, 2016

«Ներքաղաքական գործընթացներու իրողութիւնները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ» խորագրեալ գիրք մը։
Աբրահամ Գասպարեանի աշխատութիւնը լոյս կը սփռէ տարածքաշրջանի առարկայական պատկերին վրայ։

Շաբաթ, Յունիս 25, 2016

ՍԵ­ՒԱՆ ՇԱՀ­ՊԱ­ԶԵԱՆ

Ո­րե­ւէ ազգ կը բնո­րոշ­ո­ւի իր սե­փա­կան ժա­ռան­գու­թեամբ՝ լե­զու, մշա­կոյթ, պատ­մու­թիւն, ա­ւան­դու­թիւն, բարք եւ սո­վո­րու­թիւն… Լե­զուն հիմ­նա­կան կռ­­ո­ւանն է ազ­գի մը ներ­կա­յու­թեան եւ գո­յա­տեւ­ման. մա­նուկ հա­սա­կէն կը սկ­­սինք ա­նով թո­թո­վել, խօ­սիլ, կար­դալ, գրել եւ ստեղ­ծա­գոր­ծել, ո­րով­հե­տեւ ա­ռանց լեզ­ո­ւի դժո­ւա­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նանք ապ­րե­լու եւ գո­յա­տե­ւե­լու:

Շաբաթ, Յունիս 25, 2016

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Սփիւռ­քի հայ գրա­կա­նու­թեան եր­կու նուի­րեալ­ներ՝ Պօ­ղոս Սնա­պեան եւ Շա­հան­դուխտ, ո­րոնց այն­քան կը փա­փա­քէի հան­դի­պիլ տա­րի մը ա­ռաջ ծննդա­վայրս՝ Լի­բա­նան այ­ցե­լու­թեանս ըն­թաց­քին, սա­կայն… Սնա­պեան, ար­դէն իսկ միա­ցած էր ան­մահ­նե­րու փա­ղան­գին, իսկ Շա­հան­դուխտ, տե­սո­ղու­թեան դժուար պայ­ման­նե­րու պատ­ճա­ռով, ա­կա­մայ հանգս­տեան կո­չուած էր:

Շաբաթ, Յունիս 25, 2016

ՇՈՒ­ՇԻԿ ՄԱ­ՒԻ­ՍԱ­ԳԱ­ԼԵԱՆ

91 տա­րե­կա­նին, վերջերս, մեզ­մէ հե­ռա­ցաւ հայ եր­գի թա­գու­հին՝ Օ­ֆե­լիա Համ­բար­ձու­մեա­նը:

Շաբաթ, Յունիս 25, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Օ­րեր ա­ռաջ իր լրու­մին հա­սաւ Ի­րա­քի Մու­սուլ քա­ղա­քի ՏԱ­ՀԷՇ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման կող­մէ գրաւ­ման երկ­րորդ տա­րին: Մինչ ի­րա­քեան բա­նա­կը կը յայ­տա­րա­րէր Ֆալ­լու­ժան այդ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման ճի­րան­նե­րէն ա­զա­տագ­րե­լու մա­սին լու­րը, Ի­րա­քի Վար­չա­պետ Հայ­տար Ա­պա­տի մամ­լոյ ա­սու­լիս մը տա­լով կը վստա­հեց­նէր, որ ի­րա­քեան բա­նա­կը կը պատ­րաս­տուի «ար­շա­ւե­լ» դէ­պի Մու­սուլ:

Շաբաթ, Յունիս 25, 2016

Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը 2015-2016 կրթա­կան շրջա­նի ա­ւար­տին ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հրա­ժեշտ տուաւ Տա­տեան վար­ժա­րա­նի այս տա­րուան հունձ­քին։

Շաբաթ, Յունիս 25, 2016

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Յու­նիս 21-ին, 16 տա­րի ա­ռաջ, Սիա­թը­լի մէջ (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), ստա­մոք­սա­յին ա­նո­ղոք հի­ւան­դու­թեան մը դէմ ե­րեք տա­րի մա­քա­ռե­լէ ետք, 89 տա­րե­կա­նին մա­հա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի աշ­խար­հահռ­չակ ար­ժէք­նե­րէն Ա­լան Յով­հան­նէս (1911-2000)։

Էջեր