Արխիւ
Իրանի Սպահան քաղաքին մէջ գտնուող Նոր Ջուղայ թաղամասէն ներս, երբ 1985 թուականին եղած է երեք հարիւր հայկական տուն, այսօր պահպանուած է ընդամէնը եօթանասունը:
Նազար Հանչէր կը տեղեկացնէ.-
Շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ Պալքանեան մարմնամարզի ախոյենութիւնը։ Թուրքիոյ Մարմնամարզի դաշնակցութեան կողմէ կազմակերպուած այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ տասնվեց երկրէ շուրջ երկու հարիւր մարզիկ։
Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտարարեց, որ Եւրոպա գաղթականներու առկայ հարցը կրնայ յաղթահարել Թուրքիոյ հետ համագործակցութեամբ։ Գարնանամուտին Եւրոպա հասնելու փափաքով գաղթականներու հոսքը թափ առած է դէպի Թուրքիոյ Եգէականի ափերը։
Հայաստանի կառավարութեան կազմէն ներս կը շարունակուին փոփոխութիւնները։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի երէկուան հրամանագրերով Նախարարաց խորհուրդին մէջ նոր դէմք մը ընդգրկուեցաւ։
Ամերիկեան շարժանկարի ակադեմիոյ «Օսքար»ի 88-րդ մրցանակաբաշխութեան ժամանակ յարգանքի տուրք մատուցուած է «Metro Goldwyn Mayer»ի հիմնադիր հանգուցեալ Քըրք Գըրգորեանի եւ բոլոր անոնց յիշատակին, որոնք անցեալ տարի հեռացան կեանքէն:
Սուրիոյ հրադադարը կը շարունակէ անմիջականօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Այս մթնոլորտին մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտարարեց, որ հրադադարի դրութիւնը ընդհանուր առմամբ կը պահպանուի Սուրիոյ մէջ, հակառակ տեղի ունեցած շարք մը դէպքերուն։
Ժընեւի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 31-րդ նստաշրջանը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ:
Արհեստի եւ գեղարուեստական աշխարհէ ներս միշտ կը փայլի Սեւան Պըչաքճըի աստղը։ Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպուած «Օսքար»ի 88-րդ մրցանակաբաշխութիւնն ալ առիթ հանդիսացաւ՝ որպէսզի Սեւան Պըչաքճըի անունը հերթական անգամ օրակարգի վրայ գայ՝ աներեւակայելիօրէն հետաքրքրական եւ ինքնուրոյն ստեղծագործութիւնով մը։
ԵՄ-ի Արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատարը շփումներ կ՚ունենայ Հարաւային Կովկասէ ներս:
Ֆետերիքա Մոկերինի այսօր Երեւան հասնելէ առաջ, երէկ Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ մասնակցեցաւ Հարաւային կազի միջանցքի խորհրդակցական խորհուրդի նախարարաց մակարդակով կազմակերպուած ժողովին, որուն ներկայ էր նաեւ Ուժանիւթի նախարար Ալպայրաք:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի երիտասարդաց խումբին ներկայացուցիչները։ Յարութիւն Քուրանի կողմէ գլխաւորուած խումբը Գումգաբուի մէջ Նորին Սրբազնութեան տեղեկութիւններ փոխանցեց իր ծաւալած գործունէութեան շուրջ։
ԵՆՈՎՔ ՊԱԼԻԿԵԱՆ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) 110 տարիներու ընթացքին անշահախնդիր նուիրումով ծառայեց հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերու պահպանման ու մայր հայրենիքի բարգաւաճման համար:
Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
Առաջին անգամ զինք տեսայ հրապարակը. նստած մայթի մը վրայ, հաց կ՚ուտէր:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Կիւմրի: Վայր մը, ուր կ՚ապրի հայ ժողովուրդի խտացուած ցաւի մէկ մասնիկը: Ցաւը, արդէն քսանութ տարիէ ի վեր՝ ներկայ է Կիւմրիի մէջ եւ կարծես հրաշագեղ այս քաղաքը լքելու ցանկութիւն չունի:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի պատմական ընդարձակ համալիրէն ներս երկժամեայ անմոռանալի շրջայց մը՝ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ:
Դաշտի վրայ բովանդակալից զրոյց. «Եթէ մեր իսկ կամքով կարգապահութեան մը չհետեւինք, նոր դրութիւն մը չհաստատենք, ապա թրքահայ համայնքի ապագան կրնայ մթագնիլ»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաներ» անուան տակ կը ճանչցուին այն հոգեւորականները՝ որոնք Վարդանանց պատերազմէն (451) յետոյ, Ատրորմիզդ մարզպանի թելադրանքով, պարսիկներու Յազկերտ Բ.-ի հրամանով ձերբակալուեցան՝ Հայերու ապստամբական եւ ըմբոստական նոր խլրտումներէն զերծ պահելու համար երկիրը, եւ տարուեցան Ապար աշխարհի Նուշապուհ բերդը։
ՖԻՖԱ-ին կեդրոնատեղիին` Ցիւրիխի (Զուիցերիա) մէջ, տեղի ունեցան ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւնները:
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ շաբաթավերջին ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսին սա երկու ղեկավարներուն միջեւ տեղի ունեցած արդէն երկրորդ հեռախօսազրոյցն էր։
Իրանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Նախագահ Հասան Ռուհանիի կողմէ գլխաւորուած բարեփոխիչները յաղթական դուրս եկած են խորհրդարանական ընտրութիւններէն։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մերքէլի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը, որու ընթացքին շօշափուեցան Թուրքիա-Գերմանիա եւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան վերաբերեալ նիւթեր։