Արխիւ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2015

Մո­տա­յի Ծո­վա­յին ա­կում­բին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­զա­կի հա­ւա­քոյթ մը, ո­րու մաս­նա­կից­նե­րը համ­տե­սե­ցին Թուր­քիոյ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու խո­հա­նո­ցին բնո­րոշ ա­ղան­դեր­ներ եւ ճա­շեր։ Այս ընթ­րի­քը կազ­մա­կերպուած էր Թուր­քիոյ խո­հա­նո­ցի բա­րե­կամ­նե­րու միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Հրա­տա­րակ­չա­կան բա­ժի­նը լոյս ըն­ծա­յեց 2016 թուա­կա­նի ե­կե­ղե­ցա­կան օ­րա­ցոյց­նե­րը։ Պաշ­տօ­նա­կան օ­րա­ցոյ­ցը կազ­մուած է Շի­րա­կի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Մի­քա­յէլ Եպսկ. Ա­ջա­պա­հեա­նի կող­մէ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Ան­թի­լիա­սի կող­մէ Իս­թան­պու­լի մէջ կազ­մա­կեր­պուած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին վե­րա­բե­րեալ մեր խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րուն շար­քը այ­սօր կը հաս­նի իր ա­ւար­տին։ Սի­սի եր­բեմ­նի Մայր տա­ճա­րի եւ յա­րա­կից կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը վե­րա­ձեռք­բե­րե­լու նպա­տա­կին ուղ­ղեալ այս դա­տա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան շրջագծով, դժբախ­տա­բար, ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն կա­րե­լի չէ ե­ղած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ զօ­րակ­ցու­թեան մթնո­լորտ մը ձե­ւա­ւո­րել Ան­թի­լիա­սի եւ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին մի­ջեւ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ կրկնուած եւ շեշ­տուած է, թէ՝ երկ­րի մը մէջ հան­րա­պե­տա­կան դրու­թիւ­նը ա­պա­հով եւ տե­ւա­կան մնա­լու հա­մար, անհ­րա­ժե՛շտ է, որ ժո­ղո­վուր­դին ան­հատ­նե­րուն մէջ մտքի զար­գա­ցում մշա­կուի, որ­պէս­զի ա­նոնք կա­րող ըլ­լան ի­րենց ա­զա­տու­թիւ­նը ուղ­ղամ­տու­թեամբ եւ խո­հա­կա­նու­թեամբ գոր­ծա­ծե­լու։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2015

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի դէմ գործուած մա­հա­փոր­ձին դա­տա­վա­րու­թեան շրջագ­ծով պատ­րաս­տուած եր­կու թղթած­րար­նե­րը միա­ցուե­ցան։ Իս­թան­պու­լի 14-րդ Ծանր պատ­ժա­կան ա­տեա­նը ո­րո­շեց Իս­թան­պու­լի 5-րդ ծանր պատ­ժա­կան ա­տեա­նին կող­մէ յա­ռաջ տա­րուած դա­տը միաց­նել բուն դա­տա­վա­րու­թեան։ Դա­տա­կազ­մը ո­րո­շեց ըն­կա­լել այդ ամ­բաս

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2015

ՃՀՓ­-ի Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վէն ներս հար­ցում մը հաս­ցէագ­րեց Ազ­գա­յին կրթու­թեան նա­խա­րար Նա­պի Աւ­ճըի։ Ան այս առ­թիւ հարց տուաւ, թէ հա­կա­ռակ Եւ­րո­պա­յի մար­դու ի­րա­ւանց ա­տեա­նի (Ե­ՄԻԱ) վճիռ­նե­րուն, ին­չո՞ւ տա­կա­ւին կրօ­նի մշա­կոյթն ու բա­րո­յա­գի­տու­թիւ­նը դպրոց­նե­րէ ներս կը դա­սա­ւան­դուին որ­պէս պար­տա­դիր ա­ռար­կայ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2015

Տիար­պա­քը­րի մէջ ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում մը, ո­րու հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուե­ցաւ ե­րեք անվ­տան­գու­թեան պաշ­տօ­նեայ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Տիար­պա­քըր-Սիլ­վան ճա­նա­պար­հին վրայ զրա­հա­պատ ոս­տի­կա­նա­կան մե­քե­նայ մը թի­րա­խը դար­ձաւ ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ­նե­րուն կող­մէ զե­տե­ղուած ռում­բին։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2015

Սու­րիա­հայ Թէ­քէեան ըն­տա­նի­քի ող­բեր­գա­կան ճա­կա­տա­գի­րը ներ­կա­յիս խոր յու­զում կը պատ­ճա­ռէ հա­մայն հա­յու­թեան։ Ծա­նօթ է, որ Թէ­քէեան­նե­րը փոր­ձած էին հաս­նիլ Յու­նաս­տան եւ Ե­գէա­կա­նի մէջ ընկղ­մած էր ի­րենց լաս­տա­նա­ւը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2015

Մոս­կուա­յի մէջ ե­րէկ բարձր մա­կար­դա­կի բա­նակ­ցու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Ռու­սաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեանց մի­ջեւ։ Օ­րուան սկիզ­բին եր­կու եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը՝  Ճոն Քե­րի եւ Սէր­կէյ Լաւ­րով ծա­ւա­լե­ցին եր­կա­րա­տեւ քննար­կում­ներ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2015

Ինչ­պէս ա­մէն տա­րի՝ այս տա­րի եւս Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի ման­կապա­տա­նե­կան երգ­չա­խում­բը իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ Աւստ­րիա­կան Մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի կող­մէ սար­քուած Ս.  Ծննդեան հա­մեր­գին: 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2015

Ա­մա­նո­րի ըն­դա­ռաջ Է­սաեան վար­ժա­րա­նի ի նպաստ կազ­մա­կեր­պուած ա­ւան­դա­կան քէր­մէ­սը վեր­ջին եր­կու օ­րե­րուն ար­ժա­նա­ցաւ ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Զա­նա­զան թա­ղե­րէ Է­սաեա­նի հա­մա­կիր­ներ եւ վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­ներ հա­մախմ­բուե­ցան վար­ժա­րա­նի սրա­հին մէջ, ուր զե­տե­ղուած էին քէր­մէ­սի տա­ղա­ւար­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2015

«Ներդաշնակութեան մեղեդի» ծրագրին շրջագծով Սիպիլ արձանագրեց իր հերթական նուաճումը
Պոլսահայ մեներգչուհին Երեւանի մէջ անգամ մը եւս յաջողեցաւ գրաւել երաժշտասէրներուն սիրտը

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2015

Ազգային կրթութեան նախարարութեան խորհրդատուն այցելեց Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանը:
Սարվէն Սերթշիմշէք Եուսուֆ Թեքինի հետ զրուցելու ընթացքին օրակարգի վրայ բերաւ թրքահայ դպրոցներու կարգավիճակի հարցը:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2015

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 14-ին, սի­րոյ ու մե­ծա­րան­քի, հպար­տու­թեան եւ յու­զու­մի վա­րա­կիչ զե­ղու­մով ու հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ, ի Հա­յաս­տան թէ սփիւռս աշ­խար­հի, հա­յու­թիւ­նը կը նշէ ծննդեան տա­րե­դար­ձը հա­յոց անն­ման ձայ­նա­ւո­րին, հայ եր­գի ու դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան հմա­յիչ «Սո­խակ»ին՝ Գո­հար Գաս­պա­րեա­նի (Խա­չա­տու­րեան, 1924-2007)։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2015

«Փա­րոս» ամ­սագ­րի ա­ռըն­թեր գոր­ծող հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը այս շրջա­նին ըն­թեր­ցա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան տրա­մադ­րու­թեան տակ դրած է Ա­նիի ա­ւե­րակ­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հե­տաքրք­րա­կան գիրք մը։ 1910 թուա­կա­նին, հո­գե­լոյս Տ. Գրի­գո­րիս Ծ. Վրդ. Պա­լա­քեա­նի կող­մէ հե­ղի­նա­կուած «Նկա­րագ­րու­թիւն Ա­նիի ա­ւե­րակ­նե­րուն» գոր­ծին թրքե­րէն թարգ­մա­նու­թիւնն է այս մէ­կը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2015

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

​Հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­ծա­րան­քին ար­ժա­նա­ցած տոհմ է ա­րեւմ­տա­հայ Օ­տեան ըն­տա­նի­քը, ո­րուն ար­ժա­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն Գ­­րի­գոր Օ­տեա­նի (1834-1887) ծննդեան 181-րդ ­տա­րե­դարձն է Դեկ­տեմ­բերի 9-ը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մոսկուայի ամենանշանաւոր ճաշարաններէն մին՝ «Gayane’s» իր այցելուներուն կը մատուցէ շատ բարձր որակով սպասարկութիւն բոլոր առումներով:
Գայիանէ Պրէյովա-Աֆեան յաջողած է բազմազգ միջավայրի մը մէջ արձանագրել անանտեսելի նուաճում:
 

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2015

​Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան կողմէ կարեւոր նախաձեռնութիւն:
«Յակոբ Պարոնեան» երաժշտական երգիծական թատրոնի սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ թուրք եւ հայ երաժիշտներու համատեղ համերգ մը, որու ընթացքին հանդէս եկաւ նաեւ Սիպիլ: Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2015

​Ան­թի­լիա­սի աղ­բիւր­նե­րը Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Իս­թան­պու­լի մէջ ան­ցեալ շա­բաթ կազ­մա­կեր­պուած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին շուրջ մա­տու­ցած են հե­տաքրք­րա­կան տուեալ­ներ։ Սի­սի եր­բեմ­նի մայր տա­ճա­րի եւ յա­րա­կից կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը վե­րա­ձեռք­բե­րե­լու նպա­տա­կով Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ բա­ցուած դա­տին ա­ռըն­չու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած է այս ա­սու­լի­սը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ա­ղանդ», «հեր­ձուած» եւ «հե­րե­տի­կո­սու­թիւն»՝ այս ե­րե­քը շար­ժում­ներ են, ո­րոնք ուղ­ղա­փառ դա­ւա­նան­քէ շե­ղած վար­դա­պե­տու­թիւն կը մշա­կեն, ոչ-ուղ­ղա­փառ տար­բեր ու­սու­ցու­մով վար­դա­պե­տու­թիւն կը քա­րո­զեն։ Թէեւ ե­րեքն ալ «շե­ղում» են ուղ­ղա­փառ վար­դա­պե­տու­թե­նէ եւ դա­ւա­նան­քէ, բայց իւ­րա­քան­չիւ­րին բնոյ­թը տար­բեր է՝ թէ՛ ծագ­ման, թէ՛ զար­գաց­ման եւ թէ տա­րած­ման տե­սա­կէ­տէ։

Էջեր