Արխիւ
ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ
Ձգեցէ՛ք զիս, ձգեցէ՛ք ծովուն մէջտեղը
Մազերս կարծրանան ծովու աղով
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Տ. Զաքարիա Վրդ. Բաղումեանի յայտարարութիւնները՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:
«Անկասկած երջանիկ է այն կաթողիկոսը, որ իր գահակալութեան ընթացքին նոյնիսկ անգամ մը կ՚օրհնէ Սրբալոյս Միւռոնը»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի ամէն ապրումներու եւ մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ արժեչափ՝ «standard» մը ունենալ կարեւոր է անհատական ապրումներուն եւ հաւաքականութեան մէջ՝ փոխյարաբերութիւններուն առո՛ղջ մշակման համար։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
2015-2016 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ իսթանպուլահայ հինգ լիսէներու տնօրէնները հիւրընկալուեցան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան երդիքին տակ - 2:
Իսթանպուլահայ վարժարանները կը հանդիսանան այն հիմնական լծակը, ուր կարելի է նոր սերունդը հաղորդ դարձնել մեր ժառանգութեան:
Մոնթրէալի մէջ յառաջիկայ Սեպտեմբերի 27-ին «Փոլաք Հոլ»ի մէջ տեղի պիտի ունենայ եղեռնէն վերապրած հայ երաժիշտներու վաստակին նուիրուած համերգ մը, գլխաւոր կազմակերպութեամբ երաժիշտ եւ դասախօս Յասմիկ Ինճէճիկեանի։ Ստորեւ՝ Գանատայի «Ապագայ» օրաթերթէն քաղելով կը ներկայացնենք այս համերգին մանրամասներուն կապակցութեամբ Յասմիկ Ինճէճիկեանի հետ կատարուած հարցազրոյցը։
Ֆութպոլի Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ Գերմանիոյ «Պորուսիա Տորտմունտ»ի կիսապաշտպան Հերնիխ Մխիթարեան երէկ Երեւանի Ֆութպոլի ակադեմիոյ մէջ մասնակցեցաւ բարեսիրական նախաձեռնութեան մը։
Շուշիի մէջ տեղի ունեցաւ Ալիոնա Ստերլիկովայի ստեղծած նորաձեւ հագուսներու ցուցադրութիւնը։
Նորաձեւութեան ցուցադրութեան մտայղացման հեղինակ, հագուստի ձեւաւորող Ալիոնա Ստերլիկովայի համաձայն, ձեռնարկին նպատակն է ներկայացնել Արցախի գրաւչութիւնն ու անոր անաղարտ բնութիւնը, ազգային, աւանդական, մշակութային արժէքները:
«Արաս» հրատարակչատունը գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է հերթական շահեկան գիրքը։ Հայ սպայի մը Տարտանէլի եւ արեւելեան ճակատին վրայ բռնած օրագրութիւնն է այս մէկը, որու հեղինակն է Աւետիս Ճէպէճեան։
Ատրպէյճանի տնտեսութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ հիմնուած է քարիւղի արտահանման վրայ։ Կասպից ծովու քարիւղի եւ կազի հանքերը կը հանդիսանան աշխարհի երրորդ խոշորագոյն պաշարը, սակայն անսպառ չեն անոնք։ Հինգ տարի առաջ այս արտադրութիւնները հասած էին իրենց գագաթնակէտին, բայց վերջին քանի մը տարիներուն անոնց քանակի նուա&sh
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ
Այրերու տիրական ներկայութեամբ յատկանշուող կատակերգութեան ասպարէզին մէջ վերջին տարիներուն սկսած է «գլուխ ցցել» գրող, դերասանուհի, հասարակական գործիչ Էյմի Շումըր, որ բոլորովին վերջերս այրերու այլ մարզ մը նկատուող զէնքի տարածման դէմ պայքարին մէջ եւս «քիթը մխրճած է»: Եթէ հաւաքական քանդումի զէնքերու տարածումը այսօր մարդկութեան հրատապ հարցերէն մին է, նուազ կենսական չէ Միացեալ Նահանգներու բնակչութեան համար անհատական զէնքերու աւելի խիստ հսկողութեան հարցը:
Եւրոպական միութեան նախարար Ալի Հայտար Քոնճա հայկական ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրեն ուղղեալ հարցումի մը պատասխանելով՝ յայտարարեց, թէ կարծեցեալն ու իրականը որեւէ տարբերութիւն չունին։ «Բացորոշ ու յստակ է, որ կոտորած մը կատարուած է։
Հայաստանի մէջ 89 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքեց երկրի բանակի կայացման յառաջամարտիկ, զօրավար-գնդապետ Գուրգէն Դալիբալթայեան։ Ան ծնած էր 1926-ին, Վրաստանի մէջ։
Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 24-րդ տարին բնորոշուեցաւ շքեղ համերգով մը:
Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ հնչեց Վերտիի «Ռեքուիէմ»ը:
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը ռուս-ազէրի բանակցութիւններու օրակարգին վրայ:
Սէրկէյ Լաւրով Պաքուի շփումներուն շրջագծով հիւրընկալուեցաւ Նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
2015-2016 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ իսթանպուլահայ հինգ լիսէներու տնօրէնները հիւրընկալուեցան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան երդիքին տակ - 1:
Մեր վարժարանները կը դիմագրաւեն լուրջ մարտահրաւէրներ՝ արդիական ուսում մը ջամբելու, ինքնութեան հարցերու եւ ծնողներու ակնկալութեանց խաչմերուկին վրայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մկրտիչ Ա. Վանեցի Խրիմեան՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս (1892-1907), Հայ եկեղեցական պատմութեան մէջ եզակի դէմքերէն մէկն է եղած եւ այս իսկ պատճառով, անուանուած է «Խրիմեան Հայրիկ»։ Իր «տիպա՛ր հոգեւորական»ի կեցուածքով, կեանքով եւ գործունէութեամբ արժանացած է «Հայրիկ» յորջորջումին՝ մանաւանդ իր հայրախնամ հոգեւոր ծառայութեամբ եւ հոգածութեամբ ժողովուրդին նկատմամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ողջախոհութիւն» կը նշանակէ՝ համա-լըրումը իմացականութեան եւ բանականութեան մարդուն մէջ։ Աւելի նեղ ու յատուկ իմաստով, կը նշանակէ՝ ժուժկալութիւն, չափաւորութիւն։
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ կրթական մշակներուն համար տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը:
Վեհափառ Հայրապետը վերամուտի առթիւ համախմբուեցաւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն հետ:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Երկրորդ խօսք առնողը եղաւ սուրիահայ լեզուաբան, մանկավարժ, արեւմտահայերէնի դասագիրքերու հեղինակ, եւ այժմ Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօս Յակոբ Չոլաքեան: Ան հանդէս եկաւ «Գրական հայերէնի երկու ճիւղերու մերձեցման խնդիրները սփիւռքահայ դպրոցի համապատասխան փորձի լոյսին տակ» զեկուցումով:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Անցեալ շաբաթ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը Հայաստանի սահմանամերձ Բերդ քաղաքին մէջ մասնակից եղաւ Հայաստանի աւանդական փառատօներէն մէկուն՝ Մեղրի եւ հատապտուղներու փառատօնին: