Արխիւ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան նշանակուեցաւ Տաւուշի Թեմի առաջնորդ։
Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքէն ներս յատկանշական օր մը:
Կիլիկեան Աթոռի միւռոնօրհնութեան արարողութիւնը ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսին տեղի ունեցաւ «Եղիցի լոյս» մրցանակներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը։
Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինը (SARF) կը տեղեկացնէ, որ Համազգայինի «Սայաթ Նովա» երգչախումբը եւ «Անի» պարախումբը որոշած են յատուկ ելոյթով մը իրենց մասնակցութիւնը բերել սուրիահայութեան համար կատարուող նպաստի աշխատանքներուն:
ԶԱՐՄԻԿ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Անցնող օրերուն, սուրիահայութիւնը իր դառն առօրեային մէջ յոյսի եւ ուրախութեան եզակի պահեր ապրեցաւ, երբ հայկական վարժարաններու բեմահարթակներուն վրայ միջնակարգի եւ երկրորդականի շրջանաւարտ հունձքերու պայծառ ներկայութիւնը վայելեց:
Միջազգային պանդոկներու ցանցերը մասնաճիւղեր կը բանան Հայաստանի մէջ:
Սերժ Սարգսեան մասնակցեցաւ Երեւանի «Doubletree By Hilton»ի բացման:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղարի պաշտօնին մէջ վերջին օրերուն ապրուեցաւ հերթի փոփոխութիւն։
Երեւանի մամլոյ ակումբի հիմնադրութեան 20-ամեակին առթիւ ջերմ հաւաքոյթ:
Շնորհաւորելով տարեդարձը՝ Աստղիկ Գէորգեան պարգեւ մը յանձնեց Պորիս Նաւասարդեանին:
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ շքանշաններու յանձնման արարողութիւն մը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ այս արարողութիւնը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երաժշտական աշխարհի համակրելի անուններէն Գէորգ Դաւիթեան նշանակուած է Իսթանպուլի Պետական օփերայի եւ պալէի տնօրէն, ինչ որ արձագանգ գտած է նաեւ տեղական մամուլին մօտ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իմաստութիւն է՝ նախ խորհիլ եւ յետոյ խօսիլ։ Իսկ անխոհեմութիւն է՝ առանց դատելու, կշռելու խօսիլ։ Իրաւ է, որ խօսքը միտքը, մտածումը կը յայտնէ, բայց խօսքին ու խօսածին ուշադիր ըլլալ՝ կենցաղավարական պահանջք մըն է, որ կ՚ենթադրէ յարգել դիմացինին, խօսակիցին անձը եւ մանաւանդ խուսափիլ արժանապատուութիւն վիրաւորելէ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յուլիս 15-ին կը տօնենք ծննդեան տարեդարձը հայ գրականութեան եւ մշակոյթի անմահ դէմքերէն Արշակ Չօպանեանի։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի սրտին վրայ՝ բացօթեայ ցուցադրութիւններու հնարաւորութեամբ, ամառնային եզակի ու զով անկիւն մը:
Մայրաքաղաքի բնակիչները եւ զբօսաշրջիկները կը փնտռեն ուրոյն միջավայրով կէտեր, ուր մշակոյթը, բնութիւնն ու կենցաղը զիրար կը լրացնեն:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի հայկական համագումարի հոգաբարձուներու խորհուրդի համանախագահ Վան Գրիգորեանը։ Հարկ է նշել, որ Վան Գրիգորեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։
Հայաստանի մէջ ելեկտրական ուժանիւթի սակագինի բարձրացման հարցին բերումով ստեղծուած բողոքի ալիքը կը շարունակուի։ «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան կողմէ բարձրացուած աղմուկը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել երկրին օրակարգը։ Ներկայիս այդ նախաձեռնութիւնը վերանուանուած է որպէս «Ոտքի՛ Հայաստան»։
Ստեփանակերտի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ շփման գծին վրայ իրավիճակը տակաւ կը սրուի:
Արցախի ղեկավարութիւնը տարակարծութիւն յայտնեց Ճէյմս Ուորլիքի վերջին յայտարարութիւններուն շուրջ:
Իրանի Մշակոյթի եւ իսլամական առաջնորդման նախարար Ալի Ճանաթի վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրնկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան իրանցի իր պաշտօնակցին հետ քննարկեց երկու երկիրներու մշակութային համագործակցութեան հեռանկարներուն վերաբերեալ զանազան հարցեր։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը թելադրած է առկախել «Թռչնոց բոյն»ի գերեզմաններու փոխադրութեան ծրագիրը։ «Ասպարէզ» օրաթերթի հաղորդումներով, «Թռչնոց բոյն»ի խնամակալութեան ատենապետուհի Սեդա Խտըշեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ որոշուած է առկախել գերեզմանատուներու փոխադրման ծրագիրը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պոլսոյ մեր աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Պոլսոյ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս շաբաթավերջին պիտի այցելէ Լիբանան, ուր պիտի մասնակցի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կատարուելիք միւռոնօրհնէքի արարողութեան: Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդին այս հանգրուանին Անթիլիաս այցելելու հանգամանքը մէկէ աւելի առումներով կարեւոր կը համարուի:
Համախոհական կառավարութիւն մը ձեւաւորելու որոնումներուն շրջագծով աւարտեցաւ միջկուսակցական շփումներուն առաջին փուլը:
ՀՏՓ պատրաստակամութիւն յայտնեց դուրսէն խրախուսելու՝ ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի հաւանական համագործակցութիւնը: