Արխիւ
Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնութեամբ նախընթաց օր Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ «Տնտեսական օրակարգ» խորագրեալ համաժողով մը, որու բացումին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան։ Հեռուստալրագրող Արտակ Ալեքսանեանի հանդիսավարութեամբ տեղի ունեցած բացման նիստի միւս ատենախօսներն էին նախարարներ՝ Վաչէ Գաբրիէլեան եւ Կարէն Ճշմարիտեան։
Իսթանպուլի Ճատրակի միութիւնը կը սգայ Հայաստանի Ճատրակի դաշնակցութեան բազմամեայ պատասխանատուներէն, «Շախմատային Հայաստան» հանդէսի գլխաւոր խմբագիր Գագիկ Յովհաննիսեանի մահը։ Սա իսկապէս լուրջ կորուստ մըն է ճատրակի աշխարհին համար։ Գագիկ Յովհաննիսեան քանի մը օր առաջ մահկանացուն կնքեց Երեւանի մէջ, խոր ցաւ յառաջացնելով Հայաստանի ճատրակի ընտանիքին մօտ։
Պէյրութի Հայկազեան հայագիտական համալսարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան փայլուն հանդիսութիւն մը, որով եզրափակուեցաւ ներկայ կրթական շրջանը։
Երեւանի մէջ, «Խաչատուր Աբովեան» Հայաստանի Պետական մանկավարժական համալսարանի երդիքին տակ երէկ ապրուեցաւ հանդիսաւոր օր մը։ «Կրթութեան կառավարում» մասնագիտութեան մագիստրոսներու շրջանաւարտութեան հանդիսութեան առթիւ ապրուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։
Հայաստանի չորրորդ միջազգային բժշկական համագումարը երէկ եզրափակուեցաւ:
Սարգսեան կարեւորեց սփիւռքեան մասնագէտներու ներդրումը՝ երկրի առողջապահական համակարգի զարգացման գծով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին օրերուն Եգիպտոսի Սինա նահանգին մէջ արձանագրուած դէպքերը կրնան բաւական բարդ իրադրութիւն ստեղծել զօրավար Ապտըլֆաթթահ Ալ Սիսիի իշխանութիւններուն համար: Երկրին մէջ իշխանազուրկ եղած եւ մահուան դատապարտուած նախկին նախագահ ՝ Մուհամմէտ Մուրսիի բանտարկութենէն ի վեր այս մակարդակի ծանր բախումներ չեն գրանցուած:
Ռուսաստան Հայաստանի հետ կը բանակցի հրթիռային համակարգերու վաճառքի շուրջ:
Մոսկուայի ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան բնագաւառի աղբիւրներուն ուշագրաւ պնդումները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքին մէջ անիրաւներ կը քալեն մեծ յաջողութեամբ, իսկ արդարներ եւ իրաւացիներ նկուն են ընդհանրապէս։ Հին շրջաններէ ի վեր այս իրողութիւնը չէ՛ փոխուած՝ չարամիտներ կը յաջողին եւ արդարներ կը ձախողին։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագրերու շրջանակներէն ներս Հայաստանի մէջ գտնուող տասնվեց հայ ուսանողներ երէկ այցելեցին Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւն։ Այդ ուսանողները Հայաստան մեկնած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Լիբանանէն, Ռուսաստանէն եւ Ֆրանսայէն։
Էսաեան վարժարանը միշտ կը հանդիսանայ իր զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներուն ժամադրավայրը։ Այսպէս, երէկ դպրոց այցելեցին Էսաեանի 1964-1965 տարեշրջանի նախակրթարանի շրջանաւարտները, որոնք ապրեցան յուզումնալի պահեր եւ ունեցան անմոռանալի տպաւորութիւններ։
Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան նախընթաց օր այցելեց խմբագրատունս, ուր հիւրընկալուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի կողմէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երկինք ու երկիր Աստուծոյ փառքը կը պատմեն անտարակոյս։ Միանգամայն՝ յետին մասնիկը «ստեղծագործութեան մեծ ծրագրին»։ Ցորենահատիկ մը, մէկ հատիկ գեղեցիկ ծաղիկ մը, դեղնած կամ կանաչ տերեւ մը, ձիւնի փաթիլ մը, խոտի աննշան շեղբ մը, եւ հազար ու մէկ, տեսակ տեսակ բնութեան հրաշալիքներ, վերջապէս այն միլիոնաւոր միաւորները՝ որոնցմով կը ստեղծուի, կը յօրինուի բնութեան հիանալի՜ համայնապատկերը։
Հայաստանի չորրորդ միջազգային համագումարին շրջագծով բազմակողմանի աշխատանք Երեւանի մէջ:
Առողջապահութեան նախարարութեան եւ Հայկական բժշկական միջազգային կոմիտէի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ համախմբուած շուրջ երկու հազար մասնագէտներ կը կեդրոնանան բազմաբնոյթ առաջնահերթութիւններու վրայ:
Ռուսաստան 200 միլիոն տոլար պետական արտածման վարկ պիտի տրամադրէ Հայաստանին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նիստին ընթացքին երեսփոխանները քննարկեցին Հայաստանի եւ Ռուսաստանի կառավարութիւններուն միջեւ Յունիսի 26-ին Երեւանի մէջ ստորագրուած համապատասխան համաձայնագիրը։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահութիւնը հաւանութիւն տուաւ նոր Հայկական հանրագիտարան մը ստեղծելու ծրագրին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Հայկական հանրագիտարան» հրատարակչութեան առաջարկին հիման վրայ ներկայացուած է այս ծրագիրը։
Ֆրանսահայ յայտնի գրող Վալերի Թորանեանի «Օտարը» գիրքը արժանացաւ «Մատամ Ֆիկարօ» մրցանակին։ «Մատամ Ֆիկարօ»ն յայտնի «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթի կանանց յաւելուածն է, որ ունի բաւական լայն տարածում ու կը կազմակերպէ նման մրցոյթ մը։
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան յառաջիկայ շաբթուան մէջ պիտի այցելէ Լոնտոն եւ ելոյթով մը հանդէս պիտի գայ Անգլիոյ Միջազգային յարաբերութիւններու արքունի կաճառին մէջ։ Պաշտօնական հրաւէրով ան պիտի խօսի Chatam House-ի երդիքին տակ, ինչ որ զայրոյթ յառաջացուցած է Պաքուի մօտ։
Փարիզի «Գէորգ Արապեան» նորակառոյց նախակրթարան-միջնակարգը վաղը պաշտօնապէս պիտի բանայ իր դռները:
Վարժարանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան պիտի մասնակցին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի վարչապետները՝ Յովիկ Աբրահամեան եւ Մանուէլ Վալս:
«Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի այսօրուան հաղորդումներով, Պէյրութի մէջ, հայկական պատմական գերեզմանատուն մը կը փորձուի վերածել պանդոկի եւ այս գործարքը կ՚իրականացուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հաւանութեամբ։ Ըստ թերթի հաղորդումներուն, պատմական Կիպրոս քաղաքի ծովափին գոյութիւն ունի հարիւր տարուան վաղեմութեամբ հայկական գերեզմանատուն մը, որու տեղափոխութիւնը կը նախատեսուի, որպէսզի այնտեղ կառուցուի առափնեայ լիւքս զբօսարան մը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Հայ Եկեղեցւոյ երիտասարդաց միաւորման (ՀԵԵՄ) երրորդ պատգամաւորական ժողովը։ Մայրավանքի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի դահիլիճին մէջ տեղի կ՚ունենայ համագումարը՝ նախագահութեամբ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։