Արխիւ

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, ե­րէկ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ սկսաւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րի­տա­սար­դաց միա­ւոր­ման (ՀԵԵՄ) եր­րորդ պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը։ Մայ­րա­վան­քի «Վա­չէ եւ Թա­մար Մա­նու­կեան» Մա­տե­նա­դա­րա­նի դա­հի­լի­ճին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ հա­մա­գու­մա­րը՝ նա­խա­գա­հու­թեամբ Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Արեւմտեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նի։

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2015

25-րդ գումարման Ազգային մեծ ժողովը կը գլխաւորէ ԱՔ կուսակցութեան առաջադրած թեկնածուն:
Խորհրդարանի նոր նախագահի ընտրութեան արդիւնքը ազդանշան մը կը համարուի համախոհական իշխանութեան ձեւաւորման ճանապարհին: Ընդդիմութիւնը բուռն հակազդեցութիւն ցոյց կու տայ ՄՀՓ-ի որդեգրած դիրքորոշման դէմ:

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2015

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած դատի զարգացումներուն շուրջ բացատրութիւններ:
Փրոֆ. Ճէմ Սոֆուօղլուի խօսքերով, հարցը ներկայացուած է զուտ մարդու իրաւանց դիտանկիւնէն:

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2015

Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տան յանձ­նա­խում­բը տե­ղե­կա­ցուց, որ նկա­րիչ Եա­վուզ Քը­լը­չէր վե­րա­նո­րո­գած է Աս­պետ Ջուն­դի իւ­ղա­ներկ գոր­ծե­րը ու վե­րա­դարձու­ցած՝ ի­րենց։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, մի­ջոց մը ա­ռաջ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած էր, որ Աս­պետ Ջուն­դի եւ կո­ղակ­ցին շիր­մին մէջ կախուած մե­ծա­դիր իւ­ղան­կար­նե­րը եւ այլ սրբա­պատ­կեր մը եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր ան­հե­տա­ցած են։

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2015

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թի հիմ­նադ­րու­թեան 35-ա­մեա­կին շար­ժա­ռի­թով յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին Գնա­լը կղզիի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ յո­բե­լե­նա­կան ե­րե­կոյթ մը։ Նա­խըն­թաց օր, այս ձեռ­նար­կին ըն­դա­ռաջ խմբագ­րա­տունս այ­ցե­լե­ցին Է­սաեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Մա­րիամ Տրա­մէ­րեան եւ «Մա­րալ»ի պա­րու­սոյց Կար­պիս Չափ­քան, ո­րոնք մե­զի տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին նա­խա­տե­սուած ընթ­րի­քին կա­պակ­ցու­թեամբ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2015

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ազ­գա­յին տօ­նին՝ Ան­կա­խու­թեան օ­րուան առ­թիւ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ քա­ղա­քիս մօտ ԱՄՆ-ի հիւ­պա­տո­սա­րա­նին մէջ։ Ծա­նօթ է, որ ԱՄՆ-ի Ազ­գա­յին տօ­նը կը նշուի Յու­լի­սի 4-ին, իսկ այս տա­րի հիւ­պա­տո­սա­րա­նի տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան։

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հրա­տա­րակ­չա­կան բա­ժի­նը լոյս ըն­ծա­յեց Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի դա­սա­խօս­նե­րէն Դա­ւիթ Կիւր­ջի­նեա­նի «Հա­յոց լե­զու. խօս­քա­րուես­տի դա­սա­գիրք» խո­րագ­րեալ ու­սում­նաօ­ժան­դակ ձեռ­նար­կը՝ նա­խա­տե­սուած հո­գե­ւոր կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէ ներս գոր­ծա­ծու­թեան հա­մար։ 

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ֆրանսահայ միշտ հմայիչ երգչուհին կ՚ապրի Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ շքանշանին արժանանալու ուրախութիւնը:
Ռոզի Արմէն արտասովոր ուժ մը ունի երազանքներն ու ցանկութիւնները իրականութիւն դարձնելու ուղղութեամբ:

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բնաւ խոր­հա՞ծ էք, թէ կեան­քի մէջ ի՜նչ ար­ժէք­ներ, բա­րիք եւ գե­ղեց­կու­թիւն­ներ կան՝ ո­րոնք թա­ղուած ու ծած­կուած՝ կը սպա­սեն, որ մէ­կը անդ­րա­դառ­նայ ի­րենց գո­յու­թեան եւ յայտ­նուին։ Ի՜նչ գան­ձեր կան պա­հուած, քօ­ղար­կուած՝ ան­յայտ, ո­րոնք կը սպա­սեն օգ­տա­կար ըլ­լա­լու, բայց ան­յայտ կը մնան՝ ան­տար­բեր ու ան­հոգ մար­դոց աչ­քին։

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2015

Պատ­կա­ռե­լի Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ՝ Գերպ. Տ. Թա­թուլ Ծ.­ Վար­դա­պե­տի դի­մու­մին ըն­դա­ռա­ջե­լով Պատ­րիար­քա­րա­նիս դահ­լի­ճին մէջ հա­ւա­քուե­ցաւ Հա­մա­գու­մար Ժո­ղով՝ նա­խա­գա­հու­թեամբ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ՝ Բարձր. Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի:

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2015

Յայտ­նի ե­րա­ժիշտ Տիգ­րան Հա­մա­սեան ե­րէկ իր ունկն­դիր­նե­րուն հո­գին ու միտ­քը ան­գամ մըն ալ նուա­ճեց, այս ան­գամ ալ ե­լոյթ ու­նե­նա­լով «Ճե­մալ Ռե­շիտ Ռէ­յ» (CRR) հա­մեր­գաս­րահին մէջ։ Նա­խըն­թաց ի­րի­կուան «Լոյս ի լու­սո­յ»ի թարմ տպա­ւո­րու­թեան տակ էին հան­դի­սա­կան­նե­րը, ո­րոնք ե­րէկ ալ ա­ռիթն ու­նե­ցան լսե­լու Հա­մա­սեա­նի վեր­ջին՝ Mockroot ալ­պո­մէն գոր­ծեր։

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2015

Անգ­լիոյ Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մի­ջազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հար­ցե­րով տնօ­րէն Նիք Կըր­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Օ­րուան ըն­թաց­քին Նիք Կըրն ըն­դու­նուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի կող­մէ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2015

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սու­րիոյ տագ­նա­պին սկիզ­բէն ի վեր Յոր­դա­նա­նի սահ­մա­նին մերձ ե­ղող Տար­հա քա­ղա­քը (պատ­մա­կա­նօ­րէն Սու­րիոյ Հո­րան գա­ւա­ռը) դար­ձաւ ընդ­դի­մա­դիր բո­լոր ճա­կատ­նե­րուն բոյ­նե­րէն մէ­կը: Տար­հա­յի մէջ է, որ Սու­րիոյ վար­չա­կար­գին դէմ ե­ղած ա­մե­նէն բուռն բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րը սկիզբ ա­ռին:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015

Ան­թի­լիա­սի մէջ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը ըն­դու­նեց Պէյ­րու­թի մօտ Զուի­ցե­րիոյ դես­պան Ֆրան­սուա Պար­րա­սը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան մաս­նակ­ցե­ցաւ Մար­սէյ­լի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող «Հա­յաս­տա­նի տա­րի» ծրագ­րի ձեռ­նարկ­նե­րուն։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ե­րէկ Ան­թի­լիա­սի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին հետ։ Տե­սակ­ցու­թեան ներ­կայ էր նաեւ Պէյ­րու­թի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Ա­շոտ Քո­չա­րեան։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին շրջագ­ծով, ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կը պատ­րաս­տուին յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին հեր­թա­կան ան­գամ այ­ցե­լել հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015

Հայաստանի ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանէն միշտ շինիչ խօսքեր:
«Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութիւնը չէ ձեւաւորած իր նոր համակարգող խումբը:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Անց­նող օ­րե­րուն Հա­լէ­պի վրայ ին­կած են երեք հարիւր հրթիռ­ներ եւ հրթի­ռար­ձա­կում­նե­րը ե­ղած են ան­նա­խըն­թաց: Երեք օ­րե­րու վրայ տե­ղի ու­նե­ցած ռմբա­կո­ծում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով զո­հե­րուն թի­ւը հա­սած է քառասունի, մինչ վի­րա­ւոր­նե­րուն թի­ւը հա­տած է երկու հարիւրը:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թանգարանէն ներս հետաքրքրական ձեռնարկ:
Պատմաբան Տքթ. Թանէր Աքչամի կողմէ բացատրութիւններ տրուեցան Սիսի կաթողիկոսարանի դատին շուրջ:

Էջեր