Արխիւ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015

Հանրապետութեան նախագահը շաբաթավերջին այցելեց Գոճաէլի, ուր եւս արտայայտուեցաւ հայկական հարցի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Սփիւռքն ու Հայաստանի պետութիւնն է, որ խնդիր ունին մեզի եւ մեր հայ եղբայրներուն հետ»:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան շա­բա­թա­վեր­ջին Ս. Զատ­կի տօ­նին առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րա­կան այց մը տուաւ Ա­սո­րի կա­թո­լիկ­նե­րու հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ Մոն­սե­նիէօր Եու­սուֆ Սա­ղին

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Նոր տա­րի» մը՝ նոր կեան­քի մը ա­ռա­ջին օրն է, որ մար­դուս կ՚ա­ւե­տէ նո­րո­գուած, բա­րե­փո­խուած նոր շրջան մը։ Ե­րա­նի՜ ա­նոնց, որ գի­տեն օգ­տա­գոր­ծել այդ նո­րու­թիւ­նը ի­րենց կեան­քէն ներս։ Ար­դա­րեւ, «Նոր»ը դի­մա­ւո­րել չի բա­ւեր, այլ պէտք է իւ­րաց­նե՛լ, օգ­տա­գոր­ծել, ա­ռիթ մը նկա­տել զայն, էա­պէս նո­րո­գուե­լու։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015

Ս. Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին նա­խորդ շա­բա­թա­վեր­ջին Ս. Զա­տի­կը նշեց ըստ Հին տո­մա­րի։ Ա­ւան­դա­կան խան­դա­վա­ռու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015

Ա­նա­նիա Շի­րա­կա­ցիի ան­ուան ճե­մա­րա­նին մէջ սկսաւ «Կա­նաչ մո­լո­րակ» բնա­պահ­պա­նա­կան մի­ջազ­գա­յին մրցոյ­թի հա­յաս­տա­նեան փու­լը: Ար­դէն եր­րորդ տա­րին է, որ մի­ջազ­գա­յին այս մրցոյ­թի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը ճե­մա­րա­նին կը վստա­հին տա­րա­ծքաշր­ջա­նա­յին փու­լի կազ­մա­կեր­պու­մը:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի տնօ­րի­նու­թեամբ գա­ւա­ռի մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ Ս. Զատ­կի առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցած տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2015

Բիւ­րա­կա­նի մէջ վեր­ջերս հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը բա­ցուե­ցաւ «Հե­ռան­կար­ներ» մի­ջազ­գա­յին ե­րաժշ­տա­կան փա­ռա­տօ­նի ա­կա­դե­միան։

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2015

Աշ­խար­հահռ­չակ ե­րա­ժիշտ Ա­րամ Խա­չա­տու­րեա­նի որ­դին՝ Կա­րէն Խա­չատուրեան այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Ե­րե­ւան։ Կա­րէն Խա­չա­տու­րեան այս առ­թիւ այ­ցե­լեց Կո­մի­տա­սի նո­րա­հաս­տատ թան­գա­րան-կա­ճա­ռը։

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2015

Գեր­մա­նիա­յէն խորհր­դա­րա­նա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւն մը վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լեց Հա­յաս­տան։ Պուն­տես­թա­կի ան­դամ­նե­րը Ե­րե­ւա­նի մէջ շփում­ներ ու­նե­ցան Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի շրջա­նակ­նե­րէն ներս, նաեւ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի կող­մէ։

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2015

«Կազփրոմ»ի միջոցներով Երեւանի մէջ կը կառուցուի ուսումնամարզական նոր կեդրոն մը:
Հիմնարկէքի արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2015

Անգարայի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ բողոքարկել Եւրոխորհրդարանի որոշման դէմ:
Ըստ Ահմէտ Տավուտօղլուի, վերջին բանաձեւը կը գրգռէ իսլամի եւ Թուրքիոյ դէմ թշնամութիւնը:

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2015

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Պէյ­րու­թի ծո­վուն մօտ գտնուող Պուրճ Հա­մու­տը Ա­րա Մա­ծու­նեա­նի ծննդա­վայրն է: Ա­նոր խո­նաւ ա­մառ­նե­րով ու անձ­րե­ւոտ ձմեռ­նե­րով հա­սակ ա­ռած քա­նի-քանի սե­րունդ­ներ ար­դէն կը վկա­յեն այս հայ­կա­կան ա­ւա­նին մա­սին:

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2015

Քրիս­տո­սի Ս. Յա­րու­թեան տա­ղա­ւա­րին առ­թիւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Ար­ք. Աթէշեանի ար­տօ­նու­թեամբ, Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան եւ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան հո­վուա­կան այ­ցե­լու­թիւն տուին Մա­լա­թիոյ եւ Է­լա­զը­ղի հայ հա­մայնք­նե­րուն։

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2015

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նին մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րուն ըն­թերց­ման տօ­նը։ Ներ­կայ կրթա­կան շրջա­նի ար­դէն վեր­ջըն­թեր ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծին մէջ կազ­մա­կեր­պուած այս հան­դի­սու­թիւ­նը մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծեց դպրո­ցէն ներս։

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2015

Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նին մէջ վեր­ջերս «Քի­նօ քոնկ»ի կազ­մին կող­մէ կա­տա­րուե­ցաւ կար­ճա­ժամ­կէտ ժա­պա­ւէն­նե­րու ցու­ցադ­րու­թիւն մը։ Այս առ­թիւ դպրոց այ­ցե­լե­ցին «Քի­նօ Քոնկ»ի կազ­մէն Սար­գիս Փա­չա­ճը, Խա­չիկ Պայ­վեր­տեան եւ Մու­րատ Է­զէր։

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կ՚ը­սեն՝ թէ ծե­րու­թեան շրջա­նը եր­կա­րա­տեւ ըլ­լա­լու հա­մար պէտք է կա­նուխ ծե­րա­նալ։ Ար­դա­րեւ տա­րի­քոտ ըլ­լալ եւ ծեր ըլ­լալ, թէեւ մեր­ձի­մաստ են, բայց էա­պէս կը տար­բե­րին ի­րար­մէ։ Տա­րիք ու­նե­ցող մէ­կը կրնայ ինք­զինք ե­րի­տա­սարդ զգալ, եւ փո­խա­դար­ձա­բար տա­րի­քը քիչ ըլ­լալ բայց ծեր զգալ ինք­զինք։

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2015

Թուր­քիոյ մաս­նա­ւոր վար­ժա­րան­նե­րու միու­թեան կող­մէ Թուր­քիա հրա­ւի­րուած խումբ մը օ­տար կրթա­կան գոր­ծիչ­ներ ե­րէկ այ­ցե­լե­ցին Սուրբ Խաչ դպրե­վանք։ Վեր­ջին օ­րե­րուն Իս­թան­պու­լի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ վե­րո­յի­շեալ միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած հա­մա­ժո­ղով մը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2015

Ճատ­տէ­պոս­տա­նի «Մեծ ա­կումբ»ին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան բա­ցու­մը կա­տարուե­ցաւ ցու­ցա­հան­դէ­սի մը, ո­րուն զու­գա­հեռ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ նաեւ ա­ճուրդ մը։ Ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պուած էր ի նպաստ ԶԻ­ՊԷՉ-ի, «Փա­րոս» ամ­սագ­րի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2015

​Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ Ս. Զատկի տօնին առթիւ խանդավառ երաժշտահանդէս:
Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ Վարդանանց երգչախումբին կողմէ փայլուն կատարումներ:

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Պահ մը դի­տենք մեր շուր­ջը եւ անդ­րա­դառ­նանք բնու­թեան եւ ա­նոր մէջ մար­դուն ընդ­հա­նուր նկա­րագ­րին։ Ի՞նչ կը տես­նէք։ Բնու­թիւ­նը շա­րու­նակ կը շի­նէ, կ՚ար­տադ­րէ եւ կը պա­հէ, կը պահ­պա­նէ, հոգ կը տա­նի, կը խնա­մէ իր շի­նա­ծին։ Մարդ ի՞նչ կ՚ը­նէ։

Էջեր