Արխիւ

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2015

Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեան վեր­ջերս հիւ­րըն­կա­լեց Սէն Փե­թերս­պուր­կի նա­հան­գա­պետ Կէոր­կի Փոլ­թաւ­չեն­քոն։ Մար­գա­րեան եւ Փոլ­թաւ­չեն­քօ քննար­կե­ցին եր­կու քա­ղաք­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռանկար­նե­րը։ Ա­նոնք միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ստո­րագ­րե­ցին հա­մա­ձայ­նա­գիր մը, որ կը նա­խա­տե­սէ Ե­րե­ւա­նի եւ Սէն Փե­թերս­պուր­կի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կար­նե­րուն ընդլայ­նու­մը։

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2015

Լեռնային Ղարաբաղի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին յայտարարութիւնը:
Արցախի նորընտիր խորհրդարանի անդրանիկ նիստի գումարման գործընթացը կը շարունակուի:

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2015

Լի­բա­նա­նա­հայ խումբ մը սու­զորդ­ներ նա­խըն­թաց օր Մի­ջերկ­րա­կա­նի յա­տա­կին խաչ մը տե­ղադ­րե­ցին՝ 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն շրջագ­ծով։ Մի­ջերկ­րա­կա­նի Լի­բա­նա­նին վի­ճա­կած հա­տուա­ծէն ներս, 35 մեթր խո­րու­թեան վրայ զե­տե­ղուե­ցաւ այս խա­չը՝ ի յի­շա­տակ հա­յոց նա­հա­տակ­նե­րուն։

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2015

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Լի­բա­նա­նեան տիւր­զի հա­մայն­քի ա­մենէն հե­ղի­նա­կա­ւոր ա­ռաջ­նոր­դը՝ Ո­ւա­լիտ Ժոմպ­լաթ ան­ցող օ­րե­րուն իր վկա­յու­թիւ­նը տուաւ Լի­բա­նա­նի նա­հա­տակ վար­չա­պետ Ռա­ֆիք Հա­րի­րիի սպան­ու­թեան գոր­ծը քննող մի­ջազ­գա­յին դա­տա­րա­նին առ­ջեւ: Լի­բա­նան­ցի­նե­րու մե­ծա­գոյն տո­կո­սին հա­մար մի­ջազ­գա­յին դա­տա­րա­նի գոր­ծը­նթա­ցը ո՛չ միայն կա­րե­ւոր է, այլ նաեւ դա­տաի­րա­ւա­կան գոր­ծըն­թաց մը ըլ­լա­լէ ան­դին նոր հանգ­րուա­նի մը ա­ռա­ջին փու­լը կը հա­մա­րուի:

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2015

Սուրիահայութեան անելանելի կացութիւնը հետզհետէ կը խորանայ ծանրածանր հետեւանքներով:
Անվտանգութեան խնդիրներուն վրայ աւելցած տնտեսական բարդութիւնները անտանելի կը դարձնեն կեանքը:

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ հետզ­հե­տէ կը խո­րա­նայ տեղ­ւոյն հա­յու­թեան ա­նե­լա­նե­լի վի­ճա­կը։ «Ար­մէնփրէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը ե­րէկ ար­ձա­գանգ հան­դի­սա­ցաւ Հա­լէ­պի «Գան­ձա­սար» թեր­թի ա­հա­զան­գին։

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2015

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Մա­յիս 6-ին, 112 տա­րի ա­ռաջ, Վա­նի մէջ ապ­րող Մար­տի­րոս Գա­բու­զեան (կամ Գար­բու­զեան) ա­նուն հա­մեստ հա­յու մը ըն­տա­նե­կան յար­կին տակ, լոյս աշ­խարհ ե­կաւ մանչ զա­ւակ մը, ո­րուն ա­նու­նը դրին Վահ­րամ։ Մա­նուկ Վահ­րամ հա­զիւ սկսած էր հա­սակ նե­տել եւ պա­տա­նե­կան տա­րի­քը թե­ւա­կո­խել, երբ հասաւ 1915-ին ար­հա­ւիր­քը… Բազ­մա­հա­զար վա­նե­ցի­նե­րու հետ, ար­մա­տա­խիլ ե­ղաւ նաեւ Գա­բու­զեան­նե­րու ըն­տա­նի­քը, որ ռու­սա­կան նա­հան­ջող զօր­քին հետ ան­ցաւ Ե­րե­ւան եւ հոն բնա­կու­թիւն հաս­տա­տեց։

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2015

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԵՊԵՃԵԱՆ

«Հայրենասէր մըն էր Պատուելին…»։

Հայ ժողովուրդի պատմութեան ամբողջ առանցքին, աշխարհական առաջնորդներու կողքին՝ ունեցած ենք նաեւ եկեղեցականներ, որոնք կարեւոր եւ մեծ ներդրում ունեցած են մեր ազգային, հայրենասիրական ու քաղաքական կեանքի ոլորտներուն մէջ։ Հայ ժողովուրդի պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն մէջ, ներառելով նաեւ 1915-ի արհաւիրքի օրերը, եկեղեցականներն ու հոգեւոր առաջնորդները նաեւ մնացած են պատնէշի վրայ եւ իրենց ժողովուրդին հետ «գացած են մինչեւ վերջ»։

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Սուրիոյ ներքին պատերազմի սաստկացման զուգահեռ՝ մտահոգիչ թափով կը խորանայ նաեւ տեղւոյն հայութեան ողբերգութիւնը:
Հալէպի հայերը, որոնց հաղորդակցութեան բոլոր միջոցները խզուած են, արդէն յայտնուած են մահուան գօտիի մը մէջ:

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բամ­բա­սան­քը ո­րե­ւէ կեր­պով ար­դա­րաց­նել կա­րե­լի չէ՛։ Բայց ո­մանք կ՚ը­սեն, թէ խօ­սե­լիք նիւ­թի պա­կա­սի պատ­ճա­ռով է, որ մար­դիկ կը նա­խընտ­րեն բամ­բա­սել։ Հա­մո­զիչ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն մը չէ՛ ա­սի­կա։ Քա­նի որ «խօ­սե­լիք նիւ­թի պա­կաս»ին վե­րագ­րել «սխալ» մը՝ կը նշա­նա­կէ «սխա­լը ու­րիշ սխա­լով մը սրբագ­րել», ինչ որ ա­ւե­լի մեծ սխալ մը կը ստեղ­ծէ եւ սխա­լը կը բազ­մա­պատ­կէ։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

​Կալաթասարայի «Ճեզայիր» համալիրին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նոր ժողովածուի շնորհանդէսը:
«Ferah Tut Yüreğini» գրքի գինեձօնին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ անմոռանալի վարպետի այրին Անայիս Եալտըզճեան:

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

 Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­­կո­ղա­յոս ե­կե­ղե­ցին վեր­ջերս ընդ­հա­նուր մաք­րու­թեան եւ վե­րա­նո­րո­գու­թեան են­թար­կուած էր՝ Ար­տա­շէս Տիւյ­մէ­ճեա­նի նուի­րատուու­թեամբ։ Ծա­նօթ է, որ Ար­տա­շէս Տիւյ­մէ­ճեան մեր ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի նուի­րեալ ա­նուն­նե­րէն մին է։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

Վեհ. Հայրապետը մասնակցեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի պատգամաւորական ժողովին։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախագահեց Ուաշինկթընի Անարատ Յղութեան մայր տաճարին մէջ։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նե­րե­լը ա­ռա­քի­նու­թիւն է, ազ­նուու­թիւն է, ըն­տիր մար­դու գործ է։ Բայց նե­րե­լու, նե­րո­ղա­միտ ըլ­լա­լու ի­մաս­տը ի՞նչ է։ Ար­դա­րեւ նե­րե­լը, իր լայն ի­մաս­տով, կը նշա­նա­կէ՝ ժա­մա­նա­կա­ւոր պա­տի­ժի մը կամ հատու­ցու­մի մը թո­ղու­թիւն տալ՝ ո­րոնց պատ­ճառ ե­ղած յան­ցան­քը ջնջուած է։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը թա­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ման­կա­պար­տէ­զին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին կազ­մա­կեր­պեց ման­կանց գար­նա­նա­յին խրախ­ճանք մը, որ ստեղ­ծեց մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Դպրո­ցի ման­կա­պար­տէ­զի սա­նե­րուն ա­ռըն­թեր այս ձեռ­նար­կին հրա­ւի­րուած էին թա­ղե­ցի մա­նուկ­ներ, ո­րոնք կը պատ­րաս­տուին յա­ջորդ կրթա­կան շրջա­նին ման­կա­պար­տէզ յա­ճա­խել եւ ի­րենց տե­սա­կէ­տէ ե­զա­կի փոր­ձա­ռու­թիւն մըն էր Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի մթնո­լոր­տը շնչե­լը։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Նէճ­տէտ Էօ­զէլ շա­բա­թա­վեր­ջին ար­ձա­կուր­դի մեկ­նե­ցաւ՝ են­թար­կուած ըլ­լա­լով վի­րա­հա­տու­թեան։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ ան տասն­հինգ օրուան հա­մար մեկ­նած է ար­ձա­կուր­դի։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

Հան­րա­պե­տու­թեան 7-րդ նա­խա­գահ Քէ­նան Էվ­րէն շա­բա­թա­վեր­ջին կնքեց իր մահ­կա­նա­ցուն՝ 98 տա­րե­կան հա­սա­կին։ Ե­րեք տա­րիէ ի վեր Ան­գա­րա­յի մէջ, «Կիւլ­հա­նէ» զի­նուո­րա­կան բժշկա­կան ա­կա­դե­միոյ մօտ դար­ման­ման տակ էր Քէ­նան Էվ­րէն, ո­րու ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը շա­բա­թա­վեր­ջին վատ­թա­րա­ցաւ անշր­ջա­դար­ձե­լիօ­րէն եւ ան հրա­ժեշտ ա­ռաւ կեան­քէն:

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

Ե­րէկ, Սա­մա­թիոյ մէջ սկսաւ միջ­միու­թե­նա­կան 26-րդ «Ռու­բէն Սէ­մէր­ճեան» պաս­քէթ­պո­լի մրցա­շար­քը։ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ ա­ռա­ջին հան­դի­պու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Տա­տեան սա­նուց միու­թեան եւ Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան խում­բե­րուն մի­ջեւ։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

21-22 Մա­յիս թուա­կան­նե­րուն Ռի­կա­յի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Եւ­րո­միու­թեան Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղո­վը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ԵՄ-ի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ այս գա­գա­թա­ժո­ղո­վին շրջագ­ծով Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մի­ջեւ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման շուրջ։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

Պա­րըն ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ապ­րե­ցաւ եր­ջա­նիկ ու յատ­կան­շա­կան օր մը։ Այս­պէս, Գու­րու­չէշ­մէի Ե­րեւ­ման Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ մեր հա­մայն­քի հա­մակ­րե­լի ե­րի­տա­սարդ ա­մոլ­նե­րէն Ար­մաշ-Ա­նա­հի­տա Պա­րըն­նե­րու դստեր՝ փոք­րիկն Ա­րիա­նա Պա­րը­նի Ս. Մկրտու­թեան խորհր­դա­կա­տա­րու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վին մօտ եր­կու տե­ղե­կագ­րեր պատ­րաս­տուե­ցան հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ։ «Միլ­լի­յէթ» օ­րա­թեր­թի ե­րէ­կուան հա­ղոր­դում­նե­րով, խորհր­դա­րա­նի հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու բա­ժան­մուն­քին կող­մէ պատ­րաս­տուած են այս տե­ղե­կագ­րե­րը, ո­րոնց­մէ մին կը վե­րա­բե­րի հա­յոց Սփիւռ­քին, իսկ միւ­սը՝ հայ­կա­կան հար­ցի կա­պակ­ցու­թեամբ կող­մե­րու պնդում­նե­րուն եւ դիր­քո­րո­շում­նե­րուն։

Էջեր