Արխիւ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հայ գի­րե­րու գիւ­տը սկզբնա­կէ՛տն է հա­յադ­րոշմ մշա­կու­թե­նա­կան շար­ժու­մի, հա­յադ­րոշմ գրա­կա­նու­թեան եւ հա­յա­շունչ դպրու­թեան ու դաս­տիա­րա­կու­թեան։ Մէկ խօս­քով, Հայ գի­րե­րու գիւ­տը՝ նոր եւ նո­րո­գուած ըն­կե­րա­յին եւ մշա­կու­թա­յին կեան­քի մը եր­ջան­կա­բեր սկիզբն է։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2015

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

​Մար­դիկ ի­րենց ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քին կրնան հան­դի­պիլ զա­նա­զան եւ բազ­մա­զան, ան­գոյն եւ կամ գու­նա­ւոր հար­ցե­րու, դէմ­քե­րու, դէպ­քե­րու, տե­սա­րան­նե­րու, ե­րե­ւոյթ­նե­րու, ի­րա­վի­ճակ­նե­րու եւ կամ խնդիր­նե­րու, ո­րոնք ի­րենց հա­մար ան­հասկ­նա­լի կը թուին եւ նոյ­նիսկ՝ ան­բա­ցատ­րե­լի:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2015

Մեր հա­մայն­քը վեր­ջին օ­րե­րուն կը հիւ­րըն­կա­լէ Հուն­գա­րիա­յէն հա­յա­գէտ Պե­նե­տէք Ժիկ­մոն­տը։ Իւ­րա­յա­տուկ հիւր մըն է ան մեր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ո­րով­հե­տեւ բա­ւա­կան բարձր մա­կար­դա­կով կը տի­րա­պե­տէ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի եւ իր այդ ի­մա­ցու­թեան հի­ման վրայ ա­ռար­կայ կը դառ­նայ թէ՛ հա­մակ­րան­քի եւ թէ հիաց­մուն­քի։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2015

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը այս շաբաթավերջին այցելութիւն մը կու տայ Թիֆլիզ:
Վաղը պիտի վերաօծուի վերջերս վերանորոգուած Ս. Գէորգ պատմական եկեղեցին, որ կառուցուած է 13-րդ դարուն: Ներկայ պիտի գտնուին նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի ղեկավարները:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Անց­նող շաբ­թուան մէջ Հա­յաս­տա­նի նրբա­ճա­շակ հա­մայն­քը հե­տաքրք­րա­կան եւ ինք­նա­տիպ ձեռ­նար­կի մը ներ­կայ ե­ղաւ. Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կէն 300 մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ գտնուող Խո­րե­նա­ցի փո­ղո­ցը վեր խո­յա­ցող Ե­րե­ւա­նի նո­րա­կա­ռոյց շէն­քե­րէն մէ­կուն՝ 2012 թուա­կա­նին կա­ռու­ցուած «Է­լիթ փլա­զա» գոր­ծա­րար հա­մա­լի­րին մէջ բա­ցու­ցաւ իր տե­սա­կին մէջ ե­զա­կի ըն­կե­րու­թեան մը սրա­հը: Բնա­կան նիւ­թե­րէ ստա­ցուած յար­դա­ր­­ման մի­ջոց­նե­րու, գե­ղա­նիւ­թե­րու եւ շփա­նիւ­թե­րու «Նաի­րիա­ն» հայ­կա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը (Nairian Cosmetics) ազ­դա­րա­րեց իր մեկ­նար­կը: «Է­լիթ փլա­զա»ի մէջ կը գոր­ծեն ըն­կե­րու­թեան թէ՛ ցու­ցաս­րահ-վա­ճա­ռաս­րա­հը, թէ՛ ալ՝ գրա­սե­նեա­կը:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2015

«Ո­մանք» խում­բը նա­խըն­թաց օր ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Գա­տը­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան Եէլ­տե­ղիր­մէ­նիի գե­ղա­րուես­տի կեդ­րո­նին մէջ։ Խում­բը ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց ամ­բող­ջու­թեամբ հա­յե­րէն եր­գե­րէ բաղ­կա­ցեալ ծրա­գիր մը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր հիւ­րըն­կա­լեց Կէ­տիկ­փա­շա­յի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ Զուարթ­նոց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի տնօ­րէն խոր­հուր­դին ան­դամ­նե­րը, ո­րոնց հետ էր նաեւ Դպրաց դա­սու նա­խա­գահ Տ. Զա­ւէն Քհնյ. Պը­չաք­ճեան։ Երգ­չա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ կը պատ­րաս­տուին յա­ռա­ջի­կայ Նո­յեմ­բե­րի 22-ին տօ­նախմ­բել ի­րենց տա­րե­դար­ձը՝ կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թիւն­նե­րով։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2015

Ազ­գա­յին կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ար­դէն ո­րո­շած է յա­ռա­ջի­կայ Նո­յեմ­բե­րի 25-ին տե­ղի ու­նե­նա­լիք TEOG-ի քննու­թեան ըն­թաց­քին մաս­նա­ւոր հար­ցում­ներ ուղ­ղել թրքա­հայ վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րուն՝ կրօ­նա­գի­տու­թեան եւ բա­րո­յա­գի­տու­թեան ա­ռար­կա­յի պա­րա­գա­յին։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2015

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու ե­րէկ խմբագ­րու­թեանս հետ կապ հաս­տա­տեց՝ լու­սա­բա­նու­թիւն­ներ տա­լու հա­մար Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) վեր­ջին ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ու­նե­ցած ե­լոյ­թին շուրջ։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին խօ­սած էր մեր կրթա­կան հա­մա­կար­գի առ­կայ հրա­տապ հար­ցե­րուն շուրջ եւ այս ամ­բող­ջին մէջ անդ­րա­դար­ձած՝ կարգ մը վար­ժա­րան­նե­րը միաց­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2015

Freedom House մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­պաշտ­պան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը հրա­պա­րա­կեց իր տա­րե­կան զե­կոյ­ցը, որ կը վե­րա­բե­րի աշ­խար­հի եր­կիր­նե­րուն մէջ հա­մա­ցան­ցի ա­զա­տու­թեան։ Այս զե­կոյ­ցին մէջ Հա­յաս­տան դա­սուե­ցաւ այն եր­կիր­նե­րու շար­քին, ուր հա­մա­ցան­ցը ա­զատ է։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2015

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն տարածքաշրջանային այցելութիւնը աւարտած:
Միջնորդները վերջին շփումներու լոյսին տակ յոյս կը յայտնեն, որ Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ կը հանդիպին շուտով:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2015

Հայոց սրբադասեալ նահատակներուն ի յիշատակ արարողութիւն՝ Ուեսթմինսթրեան աբբայութեան մէջ:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը հանդիսութեան նախագահեց Լոնտոնի Եպիսկոպոս Ռիչըրտ Չարթրըսի հետ, քոյր եկեղեցիներէ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Ներկայ էին նաեւ Արքայազն Չարլզ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2015

Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը այ­սօր կը դառ­նայ 92 տա­րե­կան։ Ա­մէն տա­րուան նման այս տա­րի եւս մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ կը նշուի Հոկ­տեմ­բե­րի 29-ի Հան­րա­պե­տու­թեան տօ­նը։ Մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի եւ բո­վան­դակ Թուր­քիոյ քա­ղաք­նե­րուն մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նան փայ­լուն տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ։
Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նա­դիր Մեծն Ա­թա­թիւր­քի եւ իր լծա­կից ըն­կեր­նե­րու ո­գե­կոչ­ման հա­մար ալ այս օ­րը կը հան­դի­սա­նայ հեր­թա­կան շար­ժա­ռի­թը։ Ժո­ղո­վուր­դը կը վե­րա­նո­րո­գէ իր ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րը Մուս­թա­ֆա Քե­մալ Ա­թա­թիւր­քին եւ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան ճա­նա­պար­հին դեր ստանձ­նած գոր­ծիչ­նե­րուն նկատ­մամբ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Օ­տա­րա­խօս հա­յե­րը» վեր­նա­գի­րը, Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեա­նի «Հայ բար­բա­ռա­գի­տու­թիւն - Ու­րուա­գիծ եւ դա­սա­ւո­րու­թիւն հայ բար­բառ­նե­րի» (1911) ըն­դար­ձակ աշ­խա­տա­սի­րու­թեան են­թա­բա­ժա­նում­նե­րէն մէ­կուն խո­րա­գիրն է։ Ար­դա­րեւ, հա­յուն հա­յե­րէն չխօ­սի­լը ընդ­հան­րա­պէս զբա­ղե­ցու­ցած է միտ­քեր՝ ո­րոնք այս հա­կա­սու­թեան պատ­ճա­ռը ու­զած են հասկ­նալ։ Մի­թէ «հա­կա­սու­թիւն» չէ՞ «հայ» ըլ­լալ, բայց «հա­յե­րէն» չգոր­ծա­ծել, հա­յե­րէն չխօ­սիլ, չգրել եւ չկար­դա՛լ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) 2015-2016 շրջա­նի ա­ռա­ջին ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին կարգ մը հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­ներ փո­խան­ցե­ցին ի­րենց հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ շարք մը կա­րե­ւոր տե­ղե­կու­թիւն­ներ։ Ժո­ղո­վին վե­րա­բե­րեալ ե­րէ­կուան ման­րա­մասն հա­ղոր­դում­նե­րէն վերջ այ­սօր կ՚անդ­րա­դառ­նանք նաեւ հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րուն կող­մէ փո­խան­ցուած այդ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2015

Եւ ա­հա՛ նոր այ­գա­բաց մը... Հայ մամ­լոյ նա­հա­պե­տը կ­՚ող­ջու­նէ հեր­թա­կան ար­շա­լոյ­սը՝ որ­պէս կեր­պար ա­կա­նա­տե­սի, որ­պէս մարմ­նա­ւո­րում յի­շո­ղու­թեան եւ որ­պէս գործ­նա­կան ա­պա­ցոյց ա­ռա­քե­լու­թեան։ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թը այ­սօր կը թե­ւա­կո­խէ իր հրա­տա­րա­կու­թեան 108-րդ տա­րին։ Սա այս թեր­թի յաղ­թա­կան ու փա­ռա­պանծ եր­թի թարմ ու շէն­շող տա­րե­մու­տե­րէն մին է։ Սա այս թեր­թի ու­րոյն գոր­ծու­նէու­թիւ­նը նո­րո­վի կշիռ­քի վրայ դնե­լու օրն է, ա­նոր ե­զա­կի ժա­ռան­գու­թիւ­նը թարմ հա­յեաց­քով դի­տար­կե­լու պա­տեհ ա­ռի­թը։ Պատ­կա­ռե­լի այդ ամ­բող­ջին մէջ, ակն­թար­թի մը տե­ւո­ղու­թեանմբ շունչ քա­շե­լու պահն է այ­սօր՝ տա­րի մը եւս դի­մա­նա­լու, տա­րի մը եւս դի­մադ­րե­լու ու եւս տա­րի մը բո­լո­րած ըլ­լա­լու հա­մար։ 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2015

28 Հոկ­տեմ­բեր 1908՝ իր հիմ­նադ­րու­թե­նէն ի վեր յա­րա­տե­ւօ­րէն կը շա­րու­նա­կէ իր ճամ­բան «ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ» օ­րա­թեր­թը։ Ան իր ճամ­բան շա­րու­նա­կե­լէ ա­ւե­լի՝ կը սու­րա՜յ ա­րա­գըն­թաց փո­խադ­րա­կան մի­ջո­ցի մը նման՝ ո­րուն նպա­տա­կա­կէտն է՝ ժո­ղո­վուր­դին հո­գե­ւոր եւ մտա­ւոր ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցա­նել։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2015

Ռուս դի­ւա­նա­գէտ­ներն ու քա­ղա­քա­գէտ­նե­րը, մին­չեւ ծուն­կե­րը խրած ձիւ­նի մէջ, ե­րես­նե­րը փո­թո­րի­կի խա­րա­զա­նով մտրա­կուած եւ ապ­շա­հար դէմ­քե­րու նման, այ­սօր կը խո­կան, ար­դեօք Պաղ պա­տե­րազ­մի օ­րերը՞ վե­րա­դար­ձած են, կամ մօ­տա­լուտ են, Ա­րեւ­մուտ­քի քա­ղա­քա­կան խա­ղե­րը նկա­տի ու­նե­նա­լով։ Իսկ ան­դին, Ա­րեւ­մուտ­քը իր ար­բա­նեակ­նե­րով, ոտ­քեր­նին խրած Ա­սիոյ, Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի, Ափ­րի­կէի կամ Եւ­րո­պա­յի խառ­նի­ճա­ղանճ պա­տե­րազ­մա­կան եւ քա­ղա­քա­կան վե­րի­վայ­րում­նե­րու ճախ­ճա­խուտ­նե­րուն մէջ, նոյն հար­ցին պա­տաս­խա­նը կու տան­… շա­րու­նա­կե՞նք, թէ ոչ ար­դէն Պաղ պա­տե­րազմ է կա­տա­րուա­ծը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2015

Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նի յայ­տա­րա­րեց, որ իր երկ­րին դէմ սահ­մա­նուած պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րը պի­տի ջնջուին մին­չեւ տա­րե­վերջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, «Րէօյ­թըրզ» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ Հա­սան Ռու­հա­նի այս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ը­րած է՝ Թեհ­րա­նի մօտ Սպա­նիոյ դես­պա­նին հա­ւա­տար­մա­գի­րը ըն­դու­նե­լու ժա­մա­նակ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2015

Ա­սիա­կան զար­գաց­ման դրա­մա­տու­նը ո­րո­շեց շուրջ 113 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի ար­ժո­ղու­թեամբ վարկ յատ­կաց­նել Հա­յաս­տա­նին։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, դրա­մա­տու­նը «Քա­ղա­քա­յին կա­յուն զար­գաց­ման ներդ­րու­մա­յին ծրա­գիր»ին շրջագ­ծով պի­տի յատ­կաց­նէ այս վար­կը։

Էջեր