Արխիւ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2015

​Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը, որ այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Յու­նաս­տան, հար­ցազ­րոյ­ցի մը մէջ անդ­րա­դար­ձաւ Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­ձեռք­բեր­ման նպա­տա­կով Ան­թի­լիա­սի կող­մէ բա­ցուած դա­տին՝ Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2015

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին ելոյթը՝ Chatham House-ի մէջ:
Ըստ Նալպանտեանի, Պաքու կը խաթարէ ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծման գործընթացը:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2015

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2015

Ահաբեկչական վերջին դէպքերու մթնոլորտին մէջ Պատրիարքարանը հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով՝ թարգման հանդիսանալով մեր համայնքի տրամադրութիւններուն:
Անպատասխանատու կարգ մը անձերու կողմէ հայոց հասցէին կատարուած ժխտական արտայայտութիւններուն դէմ Գումգաբուի կողմէ հակազդեցութիւն: Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նամակ մը ուղարկեց Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուին:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը ե­րէկ հան­դէս ե­կաւ կա­րե­ւոր ու շատ տե­ղին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ Շուրջ եր­կու ա­մի­սէ ի վեր, ան­հա­մե­մա­տօ­րէն, մթնո­լոր­տը շի­կա­ցած է Թուր­քիոյ մէջ։ Օր չ՚անց­նիր ա­ռանց մտա­հո­գու­թեան, ի­րե­րա­յա­ջորդ կը պա­տա­հին ա­րիւ­նա­լի, տմար­դի դէպ­քեր, ո­րոնց զոհ կ՚եր­թան զինուոր­ներ, ոս­տի­կան­ներ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ծա­ռը կը ճանչ­ցուի իր պտու­ղէն, ինչ­պէս կ՚ը­սուի առ­հա­սա­րակ։ Ար­դա­րեւ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մը ար­ժէ­քը պէտք է փնտռել զայն կազ­մող ու կազ­մա­ւո­րող ան­հատ-ան­դամ­նե­րուն մէջ։ Հա­կա­ռակ կեա­նքի ա­մէն տե­սակ պայ­ման­նե­րուն, ա­նոնց ժխտա­կան ազ­դե­ցու­թեան, հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մը բարձր սկզբունք­նե­րու երբ կը հե­տե­ւի, այդ սկզբունք­նե­րը կեան­քի կը վե­րա­ծէ, այդ կը նշա­նա­կէ՝ թէ հաս­տատ ու ան­շեղ նկա­րագ­րի տէր, բա­րո­յա­պէս զօ­րա­ւոր ան­հատ­նե­րէ բաղ­կա­ցած է։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2015

Ո­ՒԷ­ՖԱ-ի նա­խա­գահ Մի­շէլ Փլա­թի­նի Հոկ­տեմ­բե­րին պի­տի այ­ցե­լէ Ատր­պէյ­ճա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Պա­քու, ուր պի­տի մաս­նակ­ցի հա­ւա­քա­կան խում­բե­րու նոր ու­սում­նա­մար­զա­կան կեդ­րո­նի բաց­ման:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2015

ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Վեր­ջին շա­բաթ­նե­րու ըն­թաց­քին, Մայ­րի­նե­րու եր­կի­րի ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով ոչ թէ հրա­ցան­նե­րու հա­մա­զար­կով, այ­լեւ իր նո­րա­հաս սե­րուն­դին հո­գե­կան ու­ժե­րու ան­սանձ խո­յան­քով ոտ­քի էր ե­լած, Պէյ­րու­թի Նա­հա­տա­կաց հրա­պա­րա­կին վրայ, լի­բա­նա­նեան քա­ղա­քա­կան հին ու կարծ­րա­ցած մտայ­նու­թիւն­նե­րը կոր­ծա­նե­լու եւ ա­նոր փլա­տակ­նե­րուն  վրայ  նո­րը, մարդ­կա­յինն ու ար­դա­րը կա­ռու­ցե­լու: Բո­վան­դակ Լի­բա­նա­նը՝ հիւ­սի­սէն մին­չեւ հա­րաւ, կ­­՚ապ­րէր յե­ղա­փո­խու­թեան ա­զա­տա­րար շուն­չով: 

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան տե­սակ­ցե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մօտ ԻՒ­ՆԻ­ՍԷՖ-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թա­նիա Ռա­տո­չա­յի հետ։ Ող­ջու­նե­լով հիւ­րը՝ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան Ռա­տո­չան շնոր­հա­ւո­րեց նոր պաշ­տօ­նին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ա­ւե­լի վերջ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան կա­րե­ւո­րեց ԻՒ­ՆԻ­ՍԷՖ-ի Հա­յաս­տա­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, որ ա­ւե­լի քան եր­կու տաս­նա­մեա­կէ ի վեր կը շա­րու­նա­կուի։ Ըստ Յա­կո­բեա­նի, այդ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կը նպաս­տէ ման­կա­կան զա­նա­զան ծրագ­րե­րու ար­դիւ­նա­ւէտ ի­րա­կա­նաց­ման։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2015

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ Քո­պա­նիէն խոյս տա­լով Ուր­ֆա ա­պաս­տա­նած, ա­ւե­լի վերջ ալ Իս­թան­պու­լի վրա­յով Ե­րե­ւան ու­ղե­ւո­րուած Թով­մա­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քին ան­դամ­նե­րը ար­դէն աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կած են՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ ի­րենց հա­մար նոր ա­պա­գայ մը կեր­տե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2015

«Իս­տո­ս» հրա­տա­րակ­չա­տան կող­մէ հրա­տա­րա­կուած «6-7 Սեպ­տեմ­բեր 1955-ը՝ պատ­րիար­քա­կան լու­սան­կա­րիչ Տի­միթ­րիոս Քա­լու­մե­նո­սի ոսպ­նեա­կէ­ն» հա­տո­րը տխուր դէպ­քե­րու 60-ա­մեա­կի այս օ­րե­րուն կ՚ար­ժա­նա­նայ յա­տուկ ու­շադ­րու­թեան։ Լրագ­րող Սէր­տար Քո­րու­ճուի եւ Յու­նաց պատ­րիար­քա­րա­նի լու­սան­կա­րիչ Նի­քո­լա­յոս Ման­կի­նա­սի հա­մա­տեղ աշ­խա­տու­թեամբ հրա­տա­րա­կուած լու­սան­կար­նե­րը ա­ռիթ կու տան նոր հա­յեաց­քով դի­տե­լու ան­ցեա­լի ող­բեր­գու­թիւ­նը եւ տես­նե­լու ող­բեր­գու­թեան ա­հա­ւո­րու­թիւ­նը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2015

Դէ­պի Լոն­տոն կա­տա­րած պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով, ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Անգ­լիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆի­լիփ Հա­մոն­տի հետ։ Ող­ջու­նե­լով իր հայ պաշ­տօ­նա­կի­ցը՝ Հա­մոնտ կա­րե­ւո­րեց բարձր մա­կար­դա­կի աշ­խոյժ շփում­նե­րուն շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2015

​Հանրապետութեան նախագահը երէկ Անգարայի մէջ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահին հետ:
Էրտողան. «Անջատողական ահաբեկչական կազմակերպութիւնը չի կրնար ըլլալ մեր քիւրտ եղբայրներուն ներկայացուցիչը»:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2015

Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ժան Քլոտ Եուն­քէր ե­րէկ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի առ­ջեւ ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Սթրազ­պուր­կի մէջ։ Այս առ­թիւ ան յայ­տա­րա­րեց, որ ե­կած է ազ­նուու­թեան, միաս­նա­կա­նու­թեան եւ հա­մե­րաշ­խու­թեան ժա­մա­նա­կը։ Անդ­րա­դառ­նա­լով փախս­տա­կան­նե­րու հիմ­նախն­դիր­նե­րուն՝ Եուն­քէր դի­տել տուաւ, թէ տա­րես­կիզբէն ի վեր շուրջ 500 հա­զար հո­գի բռնած է Եւ­րո­պա եր­թա­լու ճա­նա­պար­հը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2015

​Ամսավերջի Միւռոնօրհնութեան ընդառաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին կողմէ ուշագրաւ կարգադրութիւն:
Նահատակներու սրբանկարը Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2015

​Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մարդկային շահագործման դէմ պայքարը հետզհետէ աւելի առաջնահերթ տեղ մը կը զբաղեցնէ միջազգային օրակարգին վրայ
Հայաստանի Լսատեսողական լրագրողներու ընկերակցութեան հիմնադիր-նախագահ Արզուման Յարութիւնեանի հարցազրոյցը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​«Ան­գի­տա­պաշ­տու­թիւն» (agnosticisme), ընդ­հա­նուր ա­ռու­մով կը նշա­նա­կէ՝ ան­գի­տա­նալ, չգիտ­նալ եւ այդ վի­ճա­կին մէջ ըլ­լալ, որ հո­սանք մը, մտա­ծե­լա­կերպ մըն է։ Իսկ իր յա­տուկ ի­մաս­տով, կրօ­նա­կան մար­զի մէջ՝ Աս­տու­ծոյ գո­յու­թիւ­նը կամ չգո­յու­թիւ­նը գիտ­նա­լու ան­կա­րե­լիու­թեան վրայ հաս­տա­տուած մտա­ծե­լա­կերպ մըն է։ Ըստ ան­գի­տա­պաշտ­նե­րու՝ Աս­տուած գո­յու­թիւն ու­նի կամ չու­նի, ա­սի­կա գիտ­նալ, այս մա­սին տե­ղե­կու­թիւն ու­նե­նալ կա­րե­լի չէ…։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2015

Գեր­մա­նաբ­նակ քա­ղա­քա­գէտ, մի­ջազ­գայ­նա­գէտ, ԱՊՀ-ա­կան եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ծրագ­րե­րու տնօ­րէն Ա­լեք­սանտր Ռառ յայ­տա­րա­րեց, որ Եւ­րո­միու­թիւ­նը պատ­րանք կը ստեղ­ծէ, որ Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թիւ­նը ձա­խո­ղած չէ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2015

Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ պի­տի ստո­րագ­րուի հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան միաս­նա­կան հա­մա­կար­գի մը ստեղծ­ման ուղ­ղեալ հա­մա­ձայ­նա­գիր մը։ «Ին­թէր­ֆաքս» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րուն վրայ «Ար­մէնփ­րէս» տե­ղե­կա­ցուց, թէ Ռու­սաս­տան կ՚աշ­խա­տի Հա­յաս­տա­նի, Խրղը­զիս­տա­նի, Տա­ճի­կիս­տա­նի եւ Ղա­զա­խիս­տա­նի հետ հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան միաս­նա­կան տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հա­մա­կարգ մը ստեղ­ծե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2015

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Անգլիա:
Եդուարդ Նալպանտեան Chatham House-ի երդիքին տակ ելոյթ մը կ՚ունենայ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն շուրջ:

Էջեր