Արխիւ

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2015

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Պէյ­րու­թի ծո­վուն մօտ գտնուող Պուրճ Հա­մու­տը Ա­րա Մա­ծու­նեա­նի ծննդա­վայրն է: Ա­նոր խո­նաւ ա­մառ­նե­րով ու անձ­րե­ւոտ ձմեռ­նե­րով հա­սակ ա­ռած քա­նի-քանի սե­րունդ­ներ ար­դէն կը վկա­յեն այս հայ­կա­կան ա­ւա­նին մա­սին:

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2015

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ տեղ­ւոյն հա­յու­թեան են­թար­կուած ող­բեր­գու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Վեր­ջին օ­րե­րուն բռնի դէպ­քե­րը սաստ­կա­ցած են Հա­լէ­պի մէջ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ այս պատ­ճա­ռով քա­ղա­քի հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րը կրած են լուրջ վնաս­ներ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2015

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց ռու­սա­կան «Կազփ­րոմ» ըն­կե­րու­թեան նա­խա­գահ Ա­լէք­սէյ Միլ­լէ­րը։ Զրու­ցա­կից­նե­րը քննար­կե­ցին ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռէն ներս հայ-ռու­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ներ­կայ մա­կար­դա­կին եւ զար­գաց­ման հե­ռան­կա­րին վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2015

 Վար­չա­պե­տի ա­ւագ խորհր­դա­կան Է­թիէն Մահ­չու­պեան կո­չուե­ցաւ հանգս­տեան։ Ե­րէկ, զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ լայն ար­ձա­գանգ գտաւ այս ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը։ Ըստ պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն, ան հանգս­տեան կո­չուեցաւ տա­րի­քի բեր­մամբ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2015

«Tarih Vakfı»ի Հինգշաբթիի զրոյցներու շարքին երէկուան փուլը:
1915-ի օրինակը մեկնաբանուեցաւ խտրականութեան ընդհանուր խնդիրներու շրջագծին մէջ:

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2015

Հանրապետութեան նախագահը Աստանայի շփումներուն ընթացքին երէկ դարձեալ ձայն բարձրացուց Եւրոխորհրդարանի որոշման դէմ:
Ըստ Էրտողանի, 1915-ի դէպքերուն պատրուակով որոշում ընդունողները մտադրութիւն չունին հայոց իրաւունքը պաշտպանելու եւ անոնց ցաւերը բաժնելու:

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2015

Շիշլիի գերեզմանատան նկարներու հարցին շուրջ Կեդրոնական վրժ.ի նկարչութեան ուսուցչին խօսքը:
Եավուզ Քըլըչէր. «Պէյօղլուի թաղային խորհուրդին հետ կ՚աշխատինք փոխադարձ վստահութեամբ»:

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ այ­ցե­լեց Ֆէ­նէ­րի Յու­նաց Պատ­րիար­քա­րա­նը։ Ուղ­ղա­փառ աշ­խար­հի Ս. Զատ­կի տօ­նին առ­թիւ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը փու­թաց շնոր­հա­ւո­րու­թեան, իր հետն ու­նե­նա­լով Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեա­նը եւ Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեա­նը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2015

Ճատ­տէ­պոս­տա­նի «Մեծ ա­կումբ»ին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան բա­ցու­մը կա­տարուե­ցաւ ցու­ցա­հան­դէ­սի մը, ո­րուն զու­գա­հեռ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ նաեւ ա­ճուրդ մը։ Ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պուած էր ի նպաստ ԶԻ­ՊԷՉ-ի, «Փա­րոս» ամ­սագ­րի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2015

​Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ Ս. Զատկի տօնին առթիւ խանդավառ երաժշտահանդէս:
Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ Վարդանանց երգչախումբին կողմէ փայլուն կատարումներ:

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Պահ մը դի­տենք մեր շուր­ջը եւ անդ­րա­դառ­նանք բնու­թեան եւ ա­նոր մէջ մար­դուն ընդ­հա­նուր նկա­րագ­րին։ Ի՞նչ կը տես­նէք։ Բնու­թիւ­նը շա­րու­նակ կը շի­նէ, կ՚ար­տադ­րէ եւ կը պա­հէ, կը պահ­պա­նէ, հոգ կը տա­նի, կը խնա­մէ իր շի­նա­ծին։ Մարդ ի՞նչ կ՚ը­նէ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին պատ­մու­թեան ա­մէն շրջա­նին՝ գա­ղա­փա՛րն է, որ բարձր բռնած է մար­դուն ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւնն ու ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը, քա­նի որ գա­ղա­փա­րի եզրն է, որ մարդս կը բարձ­րաց­նէ եւ կը զա­տէ միւս բո­լոր ապ­րող էա­կա­նե­րէ։ Ար­դա­րեւ գա­ղա­փա՛րն է, որ ըն­թա­ցքը կ՚ո­րո­շէ կեան­քին եւ մարդս կ՚ուղ­ղէ նպա­տա­կի մը՝ հասկ­նա­լու կեան­քին ի­մաս­տը իր բո­լոր ե­րես­նե­րով։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ոչ միայն այս տա­րուան, այլ նաեւ հե­տա­գայ դա­րե­րու հա­մար մե­ծա­գոյն ի­րա­դար­ձու­թիւն էր 12 Ապ­րի­լին Վա­տի­կա­նի Ս. Պետ­րո­սի տա­ճա­րին մէջ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տին կող­մէ Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի հռչա­կու­մը իբ­րեւ «Տիե­զե­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պե­տ»: Այդ շնոր­հու­մով հայ գրա­կա­նու­թեան վե­րած­ննդեան հիմ­նա­դիր եւ հայ ի­մաս­տա­սի­րու­թեան մտքի գա­գաթ նկա­տուող Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին դար­ձաւ այն ա­նուն­նե­րէն մէ­կը, ո­րուն տրուե­ցաւ այս խիստ բա­ցա­ռիկ պա­տուա­ւոր կո­չու­մը, որ 2000-ա­մեայ քրիս­տո­նէա­կան պատ­մու­թեան մէջ երեսունվեց ան­ձե­րու տրուած է միայն:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2015

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն եւ մեր գե­ղա­րուես­տա­կան կեան­քի ծա­նօթ ա­նուն­նե­րէն մին՝ Կա­րօ Այ­վազ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2015

Շիշլիի գերեզմանատունէն Ասպետ Ջունդի ստեղծագործութիւնները կը պակսին՝ Կարօ Համամճեանի ատենապետած յանձնախումբի պաշտօնավարութեան շրջանէն ի վեր:
Այժմու պատասխանատուներուն բացատրութիւններով, նորոգութեան ուղարկուած այդ պաստառները շուրջ ամիս մը վերջ վերստին պիտի զետեղուին իրենց տեղը:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2015

Ռու­սաս­տա­նի Ազ­գա­յին ֆիլ­ար­մո­նիք նուա­գա­խում­բի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար ու գլխա­ւոր վա­րիչ, աշ­խար­հահռ­չակ ջու­թա­կա­հար եւ խմբա­վար Վլա­տի­միր Սփի­վա­քով նա­խըն­թաց օր ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2015

Թուր­քիոյ Ֆութ­պո­լի հիմ­նար­կի նո­րըն­տիր վար­չու­թիւ­նը գու­մա­րեց իր անդ­րա­նիկ նիս­տը։ Ճան­տէ­միր Պերք­մա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած այս վար­չու­թեան փոխ-նա­խա­գահ­նե­րէն մին է Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2015

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ հա­մակ­րե­լի մե­ներգ­չու­հի Լի­տա Քէօ­սէօղ­լու վեր­ջերս ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կած է Փա­րի­զի մէջ։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Իս­թան­պու­լի պատ­մա­կան թե­րակղ­զիի հա­տուա­ծի՝ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի հա­մաշ­խար­հա­յին ժա­ռան­գու­թեան ցու­ցա­կին մէջ ընդգրկ­ման 30-ա­մեա­կին առ­թիւ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցան յո­բե­լե­նա­կան ձեռ­նարկ­ներ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2015

«Նոսթալժի» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ «Galeri Birzamanlar»ի նախաձեռնութեամբ ասուլիս:
Խոր ու փառաւոր անցեալի հիման վրայ Երեւանէն՝ նախկին սուրիահայ հասարակական գործիչ եւ հրապարակագիր Յարութ Էքմանեան խօսեցաւ ներկայ արհաւիրքին եւ ապագայի անորոշութեան կապակցութեամբ:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2015

2015 թուականի մթնոլորտին մէջ Եւրոպական խորհրդարանը երէկ հերթական բանաձեւ մը ընդունելով վերահաստատեց իր դիրքորոշումը հայկական հարցին շուրջ:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ կառոյցը գերազանցած է իր լիազօրութիւններու սահմանը եւ որոշումը անյարիր է միջազգային իրաւունքին:

Էջեր