Արխիւ

Շաբաթ, Փետրուար 24, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սուրիոյ պատերազմի ներկայ փուլը կը յատկանշուի մասնաւորապէս երկրի հիւսիսային շրջաններուն մէջ տեղի ունեցող արագ զարգացումներով: Խնդիրն այն է, որ Սուրիոյ պատերազմին մասնակիցներուն կամ այդ պատերազմի ընդհանուր հունին վրայ ազդեցութիւն ունեցող բոլոր կողմերուն համար նոր հանգրուան մը կը բացուէր այդ երկրին մէջ սպանդներու, ոճրագործութիւններու, աւերակումներու պատճառ դարձած ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) ազդեցութեան տկարացմամբ:

Շաբաթ, Փետրուար 24, 2018

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԵՑ՝ Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Կրօնական եռանդը այնքան եռուն էր, որ ժողովուրդը սոսկ հին երգերով եւ բացագանչութիւններով չէր բաւարարուեր, ուստի նոր երգեր յօրինուեցան, որոնք իրենց նիւթը քաղած էին Աստուածաշունչէն, սաղմոսներէն եւ մարգարէական օրհնութիւններէն։ Բայց դժբախտաբար այդ հոգեւոր երգերու հեղինակները ծանօթ չեն մեզի, ուստի չենք գիտեր, թէ ո՞ր դարու գործեր են։ Թորգոմ Պատրիարք այս իրողութեան առնչաբար կը հաւաստէ՝ ըսելով. «Ուր որ կեանք կայ եւ աճումի օրէնք, հոն միշտ ընդլայնում կայ եւ բարձրացում. իրը՝ իրողութեան, անհատը՝ ընկերութեան եւ գործը՝ դրութեան վերածուելու ընդունակութեամբ» (Գուշակեան Թորգոմ Պատրիարք, Բարեկարգութիւն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ, Երուսաղէմ, 1940, էջ 53)։

Շաբաթ, Փետրուար 24, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեծ պահքի շրջանի երրորդ Կիրակին, աւանդաբար կը կոչուի «Անառակին», Ճաշու Աւետարանին՝ «Անառակ որդիին առակը» հատուածին (ՂՈՒԿ. ԺԵ 11-32) հետեւողութեամբ։ Արդարեւ, այս հատուածին կից «կորսուած ոչխար»ին եւ «կորսը-ւած դրամ»ին առակներուն պատճառով, այս երրորդ Կիրակին կոչուած է նաեւ «Կորուստնե՛րու Կիրակի»։

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2018

Երեւանի մէջ վերջերս լոյս տեսաւ «Գերմանական Կվինտետ» անուն գիրքը, որու հեղինակն է յայտնի քաղաքական մեկնաբան, «Առաւօտ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Աբրահամեան։ Լրագրող ըլլալու առընթեր, հեղինակը միեւնոյն ժամանակ երաժշտագէտ է եւ արուեստագիտութեան թեկնածու։

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2018

Շիշլի մարզակումբի վոլէյպոլի կազմը ներկայ մրցաշրջանին կ՚արձանագրէ բացառիկ յաջողութիւններ։
Շիշլիցի աղջիկները շրջանային լիկը առաջնութեամբ աւարտելէ վերջ, աւարտական փուլին ալ արձանագրեցին իրերայաջորդ յաղթանակներ։ 

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2018

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ թափով յառաջ կը տարուին նախապատրաստական աշխատանքներ:
Երիտասարդական տարուան ծիրէն ներս, յառաջիկայ Յուլիսին նախատեսուած են մեծ ձեռնարկներ՝ նոր սերունդի համախմբումով:

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2018

Հոլանտայի խորհրդարանը երէկ հաւանութիւն տուաւ՝ վերջերս օրակարգի վրայ եկած հայկական բանաձեւերուն։ Այս որոշումը առնուեցաւ այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, երբ Թուրքիոյ եւ Հոլանտայի յարաբերութիւններուն գծով կ՚ապրուին վերիվայրումներ։

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Լիբանանի նախագահ Միշել Աունը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Նախագահական ապարանքին մէջ Սերժ Սարգսեան զինուորական պաշտօնական արարողութիւնով դիմաւորեց իր պաշտօնակիցը։

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2018

Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիոյ հիւսիսին յառաջ կը տանին «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները այս առաւօտ տեղեկացուցին, որ գործողութիւններու սկիզբէն ի վեր ոչնչացուած ահաբեկիչներու թիւը հասած է 1873-ի։

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2018

Նոթրը Տամ տը Սիոն ֆրանսական լիսէի երդիքին տակ փայլուն երաժշտահանդէս:
Վահան Մարտիրոսեան եւ Լուսինէ Յարութիւնեան խորապէս տպաւորեցին ունկնդիրները:

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2018

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանի աւարտին այս առաւօտ հրապարակուեցաւ պաշտօնական յայտարարութիւն մը, որու բովանդակութեան մէջ կը մատնանշուի պետութեան հետ սահմանուած ընթացակարգով ընտրութիւններու կազմակերպումը:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը արտայայտեց Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի վերջին իրադարձութիւններուն վերաբերեալ դիրքորոշումը: Նկատի կ՚առնուի Կրօնական ժողովի 9 Փետրուար 2018 թուականի որոշումը: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հանդէս եկաւ շինիչ ու շրջահայեաց յորդորներով:

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յաճախ կը լսուի դժգոհութեան, գանգատի ձայներ. «Երիտասարդ սերունդը եկեղեցի չի յաճախեր, օտարացած է իր եկեղեցիին, պաշտամունքի…»։ Բայց գանգատողներ չեն պրպտեր, թէ ի՞նչ է պատճառը այդ օտարացման, թէ երիտասարդ սերունդը ինչո՞ւ հեռացած է եւ հետզհետէ կը հեռանայ եկեղեցիէն։

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2018

ՑՈՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ

Տօնածառին լոյսերը կը վառին ու կը մարին: Կը նայիմ անոնց՝ անփոյթ եւ անգործ: Ի՜նչ լաւ է այս զգացումը, կը խորհիմ: Տաքուկ, հանգիստ եւ անհոգ, տունը նստած՝ տօնածառը կը դիտեմ:

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2018

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

-Աղջի՛կ ճան, էդ երեխու ձէնը կտրի, էլի՛:
«Աղջի՛կ ճան»ը «Սատկելի՛ք»ի պէս կը հնչէ, մանաւանդ երբ այս վանկերը կը լսես առտուան ժամը ութին, վարձած տանդ կողքի բնակիչներէն: Խօսողը, այլ՝ դժգոհողը, տան հարսին կեսուրն է, աս ալ իմացած եմ ամէնօրեայ իրենց բարձրաձայն զրոյցները ակամայ ունկնդրելով, տանդ մէջ կը բնակին կարծես, ամէն ինչի մասին կը տեղեկանաս:

Հինգշաբթի, Փետրուար 22, 2018

Հոլիվուտի Առեւտրարդիւնաբերական պալատը կը ստորագրէ արտօնութեան համաձայնագիր մը՝ Milestones ընկերութեան հետ։ Այսպէս, Հոլիվուտի Առեւտը-րարդիւնաբերական պալատը եւ Milestones ընկերութիւնը ստորագրած են Համբաւի ճեմուղին (Walk of Fame) Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծելու համաձայնագիը:

Հինգշաբթի, Փետրուար 22, 2018

Միացեալ Նահանգներ բնակող իրանահայ ճարտարագէտ Արմէն Սագինեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստան եկած է ներդրումային երկու ծրագրեր իրականացնելու նպատակով: Առաջին ծրագիրը կը վերաբերի Իրանի սահմանին՝ Մեղրիի շրջակայքին զուարճանքներու ընդգրկուն համալիր կառուցելուն, որ պիտի ներառէ ժամանցի համար նախատեսուած բոլոր պայմանները՝ ճաշարաններ, սրճարաններ եւ շարժապատկերի սրահներով յագեցած, նոյնիսկ կրնայ ըլլալ, որ համալսարան կառուցուի:

Հինգշաբթի, Փետրուար 22, 2018

ԵՄ եւ Հայաստան կը պատրաստուին իրականացնել Գործընկերութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստը:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 22, 2018

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Հայաստան:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռի մէջ հիւրընկալեց Միշել Աունը:

Հինգշաբթի, Փետրուար 22, 2018

Հայաստանէն յայտնի նկարիչ Տիգրան Մատուլեան երէկ ցուցահանդէս մը բացաւ Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոսութեան մշակոյթի կեդրոնին՝ Պէյօղլուի «Շիշմանոկլիօ» ապարանքի երդիքին տակ։ Սա նկարչի առաջին անհատական ցուցահանդէսն է Թուրքիոյ մէջ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 22, 2018

«Քոմշու քափըսը» Մաչքայի զօրակցութեան միութեան երդիքին տակ անմիջական մթնոլորտով երեկոյթ:
«Փակ սահմանի երկխօսութիւն» փաստավաւերագրական ժապաւէնը միշտ այժմէական՝ իր շօշափած խնդիրներով:

Էջեր