Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Աւստրալիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Հայկազուն Եպսկ. Նաճարեան իրատեսական հայեացքներով կը ներկայացնէ այլ գաղութներու հետ համեմատաբար երիտասարդ համարուող Աւստրալիոյ համայնքին իրավիճակը: Սրբազան հայրը նաեւ չի թաքցներ, որ Աւստրալիոյ մէջ կեանքի պայմանները շատ տարբեր են Միջին Արեւելքի եւ Հայաստանի պայմաններէն, որոնք նաեւ պատճառ կը դառնան, որ համայնքային կեանքը տուժէ եւ սփիւռքի այդ կողմերու ապագային վերաբերեալ առկայ շեշտադրումները դրական երանգներ չունենան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ, ամբողջ պատմութեան ընթացքին, իր կեանքը դիւրացնելու համար գործիքներ, առարկաներ հնարած է, որոնք իրապէս դիւրատար ըրած են կեանքը։ Եւ դարձեալ մարդ, ժամանակի ընթացքին գործիքները, առարկաները դասաւորած է եւ մանաւանդ բաժնած է երկու գլխաւոր մասերու՝ բարի գործի ծառայող գործիքներ եւ չար գործի ծառայող գործիքներ։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ռաս ալ Հայմի էմիր, Շէյխ Սաուտ պըն Սաքր ալ Ղասիմի բացումը կատարեց startup վեհաժողովին, որ առաջին անգամն ըլլալով կը կայանայ էմիրութեան Ալ Մարիան կղզիին մէջ:
Ծովեզերեայ startup վեհաժողովը առաջինն է, զոր «Startup Հայաստան» հիմնա-դըրամը կը կազմակերպէ Հայաստանի սահ-մաններէն դուրս:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Գալիֆորնիոյ ծովեզերեայ Սանթա Մոնիքա քաղաքի բնակիչներէն Միշէլ Թրիթըն՝ եոկայի (Yoga) ուսուցիչ է։ Եոկայի իր դասընթացքը սակայն տարբեր է ուրիշ դասընթացքներէ այն առումով, որ անոր դասարանը ազատ մուտք ունին այծերը, որոնք կը դեգերին քիչ մը ամէն տեղ։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թրամփի վարչակարգը վճռած է մօտէն հետեւիլ Միջին Արեւելքի զարգացումներուն: Այդ անշուշտ չի նշանակեր, որ մինչեւ հիմա Միացեալ Նահանգներ «բարձիթողի» ըրած էր խնդիրները Միջին Արեւելքի, ուր շատ մը պարագաներու ինք, որպէս ոչ-օրկանիք մարմին մը կը մասնակցի դէպքերու հոլովոյթին։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) ազգային-գաղափարական ու մարդկային-բարոյական աւանդներու հունաւորման մէջ, գլխաւոր ներդրում ունեցած հիմնադիրներու շարքին, իր առանձնայատուկ տեղը կը գրաւէ մեծանուն հայ մանկավարժ ու փայլուն մտաւորական Յովհաննէս Թ. Հինդլեան, որ Փետրուարի 16-ին, 1950-ին, Պոլսոյ մէջ հրաժեշտ տուաւ մեր աշխարհին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք Մեծ պահքի կիրակիներուն. չորրորդ Կիրակին՝ «Տնտեսի Կիրակի»ն ներկայացնել՝ մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն։
Մարդ իր հնարաւորութիւնները պարտաւո՛ր է օգտագործել ո՛չ թէ իր անձնական շահերուն ի նպաստ, այլ՝ հանրային օգտին եւ հասարակաց բարի՛քին համար։
Գրականութիւնը, գիրքը մեր մտերիմն է, սրտակից ընկերը, հարազատն ու բարեկամը։ Ան նորանոր հորիզոններ կը բանայ մեր առջեւ, հնարաւորութիւն կու տայ ճանչնալ աշխարհը, մարդկայի բարդ ու խճճուած յարաբերութիւնները, կը սորվեցնէ սիրել, երազել, պայքարիլ։
Սերժ Սարգսեան կրկնեց. «Մենք չենք կրնար առ յաւէտ սպասել Թուրքիոյ պատասխան քայլերուն»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը մասնակցեցաւ Միւնիխի 54-րդ անվտանգութեան միջազգային համաժողովին:
Յայտնի մորթաբանին հրաժեշտը՝ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ:
Փրոֆ. Յակոբ Կոթողեան յաւերժութեան ուղեւորուեցաւ՝ հոծ թիւով սգաւորներու աղօթակցութեամբ եւ արտասուքով:
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը դարձեալ խանդավառ պատրաստութիւններու շրջանի մը մէջ է։ Միութեան երդիքին տակ մարալցիները այս շրջանին ընդհանուր փորձեր կ՚իրականացնեն բարձր տրամադրութեամբ։
Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը մեկնաբանեց Սանասարեանի դատավճիռը:
Ըստ Պետրոս Շիրինօղլուի, երախտագիտութիւն պէտք է ցուցաբերել պետութեան դրական վերաբերմունքին համար եւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նկատմամբ, որ տարաւ հետեւողական աշխատանք:
Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին կարգի WBO-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ յայտարարեց, որ իր յաջորդ մենամարտը պիտի կատարէ 28 Ապրիլին, հակառակ անոր որ իր մրցակիցին անունը ցարդ անորոշ է:
ՖԻՖԱ-ի աշխարհի ախոյենութեան բաժակը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով գտնուեցաւ Հայաստանի մէջ:
Հոլանտայի մէջ համախոհական իշխանութեան մասնակից չորս կուսակցութիւնները կը պատրաստուին խորհրդարանի մէջ հաւանութիւն տալ՝ հայկական հարցին շուրջ պատրաստուած երկու բանաձեւերու։ «Պի.Պի.Սի.»ի թրքական ծառայութեան հաղորդումներով, այդ երկու բանաձեւերուն հեղինակն է Քրիստոնէական միութեան կուսակցութեան երեսփոխաններէն Ժոէլ Վորտեւինտ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ տեսակցեցաւ՝ իր գլխաւորած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ նախագահի թեկնածու առաջադրուած Արմէն Սարգսեանի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան հանդիպման ընթացքին Սերժ Սարգսեանին տեղեկացուց, որ ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու ըլլալու առաջարկը։
Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ռեքս Թիլըրսըն երէկ հանդէս եկան համատեղ կարեւոր յայտարարութիւնով մը:
Թուրքիա եւ ԱՄՆ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ճանապարհին առաջնահերթութիւն պիտի ընծայեն Մենպիչի հարցին:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Տեառնընդառաջի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ մասնակցեցան արարողութեան, որու ընթացքին նորին սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։
Երէկ երեկոյեան Էսաեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ միջմիութենական բանաստեղծութեան մրցոյթ մը, որ ձօնուած էր գրող Զարեհ Խրախունիի յիշատակին։ Մրցոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան, որ միեւնոյն ժամանակ վարեց հանդիսավարի պաշտօնը։
Նորոգ հանգուցեալ աշխարհահռչակ մորթաբանը ցաւ ի սիրտ կը յուղարկաւորուի այս շաբաթավերջին:
Բժշկական աշխարհը կը սգայ Փրոֆ. Տքթ. Յակոբ Կոթողեանի մահը՝ վերջին յարգանքի վառ արտայայտութեամբ: