Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը, սիրելի՜ բարեկամներ, կը նմանի ճամբու մը՝ որ երբեմն մութ փապուղիներէն անցնելու կը հարկադրուի ճամբորդը։
Արդարեւ, այն որ կ՚ապրի կեանք մը, ստիպուած է հանդուրժել անոր մութ ճամբաներուն, որքան սիրով կը վայելէ լոյսը նոյն ճամբուն վրայ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին անդրադարձան Հիւսիսային Քորէայի շուրջ ծաւալուած իրադրութեան։
Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կը շարունակուին եռակողմանի ձեւաչափով բազմաբնոյթ ուղղութիւններով նիւթերու քննարկումները:
Արտաքին գործոց նախարարներ Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Միխէյիլ Ճանելիծէ եւ Էլմար Մամետեարով կարծիքներ կը փոխանակեն տարածքաշրջանային համագործակցութեան շուրջ:
Հայաստանի «Ալեքսանդր Սպենդիարեան» ազգային օփերայի եւ պալէի թատրոնը երէկ երեկոյեան հանդիսաւորապէս բացաւ նոր խաղաշրջանը։
Հայկական կերպարուեստի 25 գլուխ գործոցներ՝ Երեւանի «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառէն ներս:
Մինչեւ ամսավերջ պիտի շարունակուի ձեռնարկը, որու բացման պատուոյ հիւրն էր Վարչապետ Կարէն Կարապետեան:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Գործի մը, առաքելութեան մը յաջողութեան գլխաւոր չափանիշներէն մին է շարունակականութիւնը։ Հաւաքական կեանքէ ներս յարատեւութիւնը շատ յաճախ ինքնին կը նշանակէ նուաճում։ Հետեւողականութիւնը նախապայման մըն է ամէն տեսակ ձեռքբերումի համար։
Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Վարդանանց երգչախումբի խմբավար Ատրուշան Հալաճեան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին յայտարարեց, որ շատ լաւ տպաւորութիւններ ունին դէպի Հայաստան ուղեւորութենէն։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի երգեցողութեան աւարտին ան հակիրճ զրոյց մը ունեցաւ մեզի հետ՝ բաժնելով զգացումներն ու տպաւորութիւնները։
Վարդանանց երգչախումբի Երեւանի համերգին ընթացքին արտայայտուեցաւ Դպրաց դասու նախագահ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր ելոյթի սղագրութիւնը։
Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Իսթանպուլի հայ համայնքի օրերը Հայաստանի մէջ» ծրագրի 2017 թուականի փուլը նշանաւորուեցաւ մաէսթրօ Ատրուշան Հալաճեանի սաներուն անմոռանալի ու գերազանց համերգով, որ ձօնուած էր Յովհաննէս Չեքիճեանի 90-ամեայ յոբելեանին եւ որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ կենդանի առասպել երաժիշտ մը՝ Տիգրան Մանսուրեան:
Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը հերթական յաղթանակը տօնեց երեւանի օփերայի բեմին վրայ եւ արդարօրէն արժանացաւ երախտագիտութեան մետայլի:
«Արամ Խաչատուրեան» սրահի երդիքին տակ Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետ Անուշեան անդրադարձաւ մշակոյթներու միջեւ կառուցուած կամուրջներու: Մենակատարներն ալ պարգեւատրուեցան՝ ծափահարութիւններու տարափի մթնոլորտով:
Ֆէրիգիւղցիներու ուղեւորութեան իմաստը լիարժէք արտայայտութիւնը գտաւ՝ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարի նուիրական կամարներուն ներքեւ կատարուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի երգեցողութեամբ:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան օրհնութեան գիր մը ուղարկեց Վարդանանց երգչախումբի Երեւանի համերգին առթիւ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ օրհնութեան գիրը, զոր ընթերցեց դպրապետ Սեդրակ Սարկաւագ Տավութհան։
Խմբագրական «Պայքար»ի, Պոսթոն
Սեպտեմբեր 18-20 կայանալիք համահայկական 6-րդ համաժողովը պարտ էր որակական յաւելումներով համախմբել մասնակիցները. սակայն, որոշ հերթականութեամբ կայացող այս համաժողովները կարծէք օրկանական կապով մը չեն զօդուած իրարու եւ իբրեւ հետեւանք՝ որակական չափելի վիճակ մը կարելի չէ փնտռել:
Քարին տակ գիւղէն ոչ հեռու, դիմահայեաց լանջին, հերթական տարին է, որ կ՚աշխատին խումբ մը հնագէտներ: Անոնք արդէն հասցուցած են, առնուազն հնագիտական շրջանակներու մէջ, շրջանառութեան մէջ դնել նոր անուն՝ Քարին տակի քարանձաւը:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ողջոյնի խօսք մը փոխանցեց Վարդանանց երգչախումբի Երեւանի համերգին առթիւ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ պատգամը, զոր ներկայացուց փոխ-նախարար Սերժ Սրապիոնեան։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր՝ 5 Սեպտեմբերին, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ - AGBU) Լոնտոնի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ Լոնտոնի «Սոհօ» պանդոկի ցուցադրութիւններու սրահին մէջ կը կայանայ «Ոսկան Երեւանցի» շարժանկարի ցուցադրութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Վիշտ, ցաւ, տառապանք. այս բոլորը կեանքին անբաժանելի եւ անխուսափելի իրողութիւններն են։ Ասիկա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, քանի որ չկա՛յ մարդ՝ որ դիմաւորուած չըլլայ անոնց՝ երկար եւ կամ կարճ ժամանակով մը իր կեանքին մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Նախաձեռնութեամբ Երեւանի մօտ Եգիպտոսի դեսպանութեան, վերջերս Հայաստան այցելեցին խումբ մը եգիտպացի լրագրողներ: Լրագրողներու պատուիրականութեան գլխաւոր նպատակն էր յատուկ նիւթեր պատրաստել Հայաստանի մասին, եւ յատկապէս, կեդրոնանալ զբօսաշրջութեան ոլորտին վրայ, ինչպէս նաեւ յօդուածներ հրատարակել եգիպտական մամուլի մէջ. տեղւոյն լայն հասարակութիւնը իրազեկելու համար Հայաստանի տարբեր կողմերուն մասին եւ քաջալերել հանդիսանալու երկու երկիրներու միջեւ զբօսաշրջային յաւելեալ կապեր հաստատելու կապակցութեամբ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի հիւսիս-արեւելքը՝ Տաւուշի մարզի Իջեւան շրջանին մօտակայքը, Ենոքաւան գիւղէն 3 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ լայն անտառներով պատուած, խորհրդաւոր վայր մը կայ, որ մանաւանդ վերջին տարիներուն գրաւած է թէ՛ հայ, թէ՛ օտար այցելուներու ուշադրութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մ. Ա. Վոլթէր կ՚ըսէ, թէ՝ «Բնութեան այն հիանալի՜ համակարգը, անջրպետի ներդաշնակութիւնը, լոյսին ազդեցութիւնը, ամէն տեսակ ապրող-կենդանի էակի գոյութիւնը եւ գործունէութիւնը՝ անվերջ հրաշքներ են»։
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Արեւմտահայ գրականութեան վիթխարիներէն Գրիգոր Զօհրապի սոյն հատորին գրութիւնները լաւագոյնս կը բացայայտեն մեր առօրեայ կեանքը:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Չեն թողնում, բալէս, որ էնտեղ՝ մի քիչ հեռու, քաղաքին մօտ գնամ ու պամիտորներս մի քիչ թանկ վաճառեմ, թէկուզ 100 դրամի:
Եօթանասունը անց մամիկին հնչիւնները մի առ մի կը կրկնուին մտքիս մէջ, պատկերն ալ կարծես դաջուած է բիբիս վրայ: