Արխիւ

Երկուշաբթի, Յուլիս 24, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ​

Վարուժան Մաղաքեան. «Ամենայն պատասխանատուութեամբ կը մօտենանք մեր նախկին գերեզմանատան տարածքին համար մեզի փոխանցուած հատուցման տնօրինման»։
Սուրբ Նիկողայոս Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը, «Յովակիմ 1461» հիմնարկն ու VADİP-ը՝ եռեակ մը կազմելով, մասնաւոր յանձնախումբի մը միջոցաւ պիտի արժեւորեն Պէյքոզի նոր գոյացած միջոցները՝ ըստ համայնքի կարիքներուն: Վաղը պատրիարքարանի մէջ նախատեսուած է նորաստեղծ կազմի անդրանիկ ժողովը:
«Այժմ հասած է 20 միլիոն 620 հազար թրքական լիրա՝ Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ, յառաջիկային պիտի աւելնայ նաեւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան կողմէ ակնկալուած գումարը։ Իմ կարծիքով, պէտք է գնել հսկայ կալուած մը եւ այդ մէկուն հասոյթով դիմագրաւել մեր հաստատութիւններուն ծախսերը»

Երկուշաբթի, Յուլիս 24, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ քահանայական ձեռնադրութիւն մը կատարեց Հայաստանի մէջ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Նորին Սրբազնութիւնը Ապարանի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ քահանայ ձեռնադրեց Վանանդ Սրկ. Պաղտասարեանը, որ յառաջիկայ շրջանին ծառայութեան պիտի կոչուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմէն ներս։

Երկուշաբթի, Յուլիս 24, 2017

Yarından itibaren bir haftalığına yurt dışında olacağımdan dolayı, dini yazılarıma ara vermek zorundayım. Ancak beni ve siz cemaat üyelerimi ilgilendiren bu yazıyı dikkatinize sunuyorum.  Sizden ricam sonuna kadar okumanız ve paylaşmanız.

Երկուշաբթի, Յուլիս 24, 2017

Հանրապետութեան նախագահը երէկ տեսակցեցաւ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին հետ եւ անցաւ Քուէյթ:
Թուրքիա կը ջանայ ամենաբարձր մակարդակի վրայ իր նպաստը բերել Քաթարի ճգնաժամի յաղթահարման ջանքերուն:

Երկուշաբթի, Յուլիս 24, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Անհաւատարմութիւն», բառն իսկ հնչել, մարդուն սարսափ եւ նողկանք կը պատճառէ՝ անշուշտ եթէ ան խղճամիտ եւ ողջախոհ մէկն է։ Անհաւատարմութիւնը՝ խաբէութիւն է, վստահութեան շահագործում եւ վերջապէս մարդկային արժանապատուութիւնը ծանրապէս վիրաւորող անհաճոյ արա՛րք մը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 24, 2017

Արծաթեայ հայկական գեղեցիկ գօտիները, բաժակները եւ սպասքի այլ պարագաները, որոնք կը պատկանին Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան «Թանկարժէք մետաղներու եւ թանկարժէք քարերու պետական գանձարան»ին, վերջերս ցուցադրուեցան Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան ժողովրդական արուեստի կեդրոնէն ներս: Ներկայացուեցան գործակալութեան ազգային պահեստանոցի պատմամշակութային արժէքներու 51 նմոյշ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 24, 2017

Բրիտանական գահու թագաժառանգ Քէյմպրիճի դուքս Ուիլիըմ եւ իր եղբայրը՝ արքայազն Հարի առաջին անգամ կը պատմեն իրենց մօր՝ արքայադուստր Տայանայի մասին վաւերագրական ժապաւէնի մը մէջ, որ եթերով կը հեռարձակուի ITV հեռուստաալիքէն, այսօր՝ Յուլիսի 24-ին: 

Երկուշաբթի, Յուլիս 24, 2017

«Յուսոյ առագաստ-2017» հեղինակաւոր երգի միջազգային փառատօնը Սեւանի ափին համախմբած է հայ եւ օտարազգի կատարողները՝ Ռուսաստանէն, Վրաստանէն եւ Ուքրայնայէն։ Փառատօնը, որ տեղի ունեցած է անընդմէջ երրորդ տարին ըլլալով՝ ունի միջազգային ձեւաչափ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 24, 2017

Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ շաբաթավերջին ունեցան հանդիպում մը, որու ընթացքին շօշափեցին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սոչիի մէջ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին երկու նախագահները քննարկած են տարածքաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։ 

Երկուշաբթի, Յուլիս 24, 2017

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան յայտարարեց, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան չի խոչընդոտեր Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի աշխատանքը։ Հայաստանի tert.am կայքէջին տուած հարցազրոյցին մէջ կրօնական ժողովի ատենապետը յայտնեց, որ Նախաձեռնարկ մարմինը պէտք է շուտով պետութեան ներկայացնէ պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ ժամկէտներն ու կանոնադրութիւնը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 24, 2017

Իսթանպուլի մէջ շաբաթավերջին բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ Նեւա Շալոմ սինակոկին առջեւ։ Իսրայէլի կողմէ Երուսաղէմի մէջ՝ Մեսճիտի Աքսայէ ներս ձեռնարկուած միջոցները բողոքելու համար կատարուեցաւ այս ցոյցը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 24, 2017

Շաբաթավերջին, Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան արարողութիւններ, որոնց հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Շաբաթ, Յուլիս 22, 2017

Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան վերջերս հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն եւ ԵՄ-ի պատուիրակութեան ղեկավարին հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին Կարէն Կարապետեան ընդգծեց, որ Հայաստան պատրաստակամ է զարգացնելու ԵՄ-ի հետ համագործակցութիւնը՝ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ բոլոր ուղղութիւններով։

Շաբաթ, Յուլիս 22, 2017

ԱՄՆ-էն արտաքին առեւտուրի հարցերով բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այցելեց Երեւան:
Կողմերը ներկայիս նախապատրաստական աշխատանքներ յառաջ կը տանին՝ ներդրումներու խորհուրդի ժողովին համար:

Շաբաթ, Յուլիս 22, 2017

Հանրապետութեան նախագահը ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Արաբական ծոցի երեք երկիրներ:
Անգարա պատրաստակամ՝ Քաթարի տագնապի յաղթահարման եւ տարածքաշրջանի կայունութեան համար իր նպաստը բերելու:

Շաբաթ, Յուլիս 22, 2017

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) Լոնտոնի մասնաճիւղի անդամները։ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչներուն ուղեկցեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպիսկոպոս Մանուկեան։

Շաբաթ, Յուլիս 22, 2017

Պատրաստեց՝ ՄԻՒՌՈՆ ՔՀՆՅ. ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ 

Հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մէկն է Յիսուս Քրիստոսի այլակերպութիւնը, քրիստոնէական հնագոյն ժամանակներէն ժողովրդային ամենասիրելի եւ աւանդական տօներէն ըլլալով՝ կոչուած է նաեւ Վարդավառ:

Շաբաթ, Յուլիս 22, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այն ինչ, որ կը կատարուի Սուրիա-Լիբանան սահմանային հատուածին վրայ գտնուող Արսէլ աւանի լեռնային շրջաններուն մէջ, կրնայ բաւական բարդ դրութիւն մը ստեղծել Լիբանանի համար:

Շաբաթ, Յուլիս 22, 2017

Վարդավառը քրիստոնէական հինգ տաղաւարներէն մէկն է եւ կը կոչուի «Այլակերպութեան» կամ «Պայծառակերպութեան» տօն։ Վարդավառը շարժական տօն է. անիկա կը նշուի Զատիկէն 98 օր ետք եւ կրնայ իյնալ Յունիս 28-էն Օգոստոս 1-ի միջեւ։

Շաբաթ, Յուլիս 22, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ 

Երկուորեակ անուանումը առհասարակ կը տրուի այն երեխաներուն, որոնք մէկ մօր արգանդէն դուրս եկած են եւ իրարու կապուած են՝ թէ՛ արեամբ եւ թէ նմանութեամբ…։ Մարդուն նկարագրային գիծերուն մէջ ալ երկուորեակ մարդախանձ մոլուցքներ կան, որոնք մարդս իր արժանիքներէն եւ կոչումէն ամբողջապէս կը հեռացնեն ու ցոփապաշտութեամբ կը մոլեգնեն։

Էջեր