Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յունիս 21, 2017

Հայաստանի մէջ «Ամառնային ընթերցանութիւն» մանկապատանեկան գիրքերու փոխանակման ամենամեայ ծրագրի նպատակն է գիրքերը աւելի մատչելի ու սիրելի դարձնել երախաներուն: Այս տարի ծրագրի շրջանակներէն ներս ընդգրկուած են չորս նոր գիրքեր:

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2017

Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ կը կարդանք.-

Ամերիկահայ 16-ամեայ Սամուէլ Սեւեան առաջին տեղը գրաւեց Քոլոմպիա շրջանի Մետէյլին քաղաքին մէջ աւարտած Ամերիկայի ճատրակի ախոյենութեան:

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2017

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կազմակեպուած է «Արի տուն» ծրագիրը։ Երէկ, Երեւանի մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը սկսաւ «Արի տուն-2017» ծրագիրը։

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2017

Տարբերակումը բացառիկ հնարաւորութիւն՝ գործընկերութեան ամբողջականութեան:
ԵՄ-ի անդամ եւ Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու նախարարներուն հաւաքը:

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2017

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խըմ-բակի համանախագահները աւարտեցին իրենց հերթական ուղեւորութիւնը՝ դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Միջնորդները, որոնք նախորդ շաբաթավերջին այցելած էին Հայաստան եւ Արցախ, երէկ ալ Պաքուի մէջ տեսակցեցան Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2017

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) մասնակից երկիրները պիտի համագործակցին ուղղաթիռներու նորոգման կեդրոններու ցանցի մը ստեղծման ուղղութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Միլեքս-2017» պաշտպանական ոլորտի ցուցահանդէսի ծիրէն ներս ստորագրուեցաւ պայմանագիր մը՝ Ռուսաստանի կողմէ արտադրուած ուղղաթիռներու նորոգման կեդրոններու ցանցի ստեղծման ուղղութեամբ համագործակցութեան շուրջ։

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2017

«Տաշիր» հոլտինկի ռուսահայ սեփականատիրոջ զբօսանաւը այս օրերուն խարսխած է Պոտրումի մէջ:
Սամուէլ Կարապետեանի «ACE»ն մամլոյ հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ իր բազում առանձնայատկութիւններով:

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2017

Թուրքիա եւ Յունաստան ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը քննարկեն իրենց օրակարգի բոլոր առկայ հարցերու լուծման հեռանկարները:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ. «Անգարա կը ձգտի նոր մեկնարկ մը ապահովել Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն մէջ նոր տեսլականով մը»:

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեք հայ բժիշկներ մէկ ամիսով մեկնած էին ափրիկեան Նուպայի լեռները՝ փոխարինելու «Աւրորա» մրցանակի այս տարուան մրցանակակիր, ամերիկացի բժիշկ՝ Թոմ Քաթինան, որ տարիներէ ի վեր կը գտնուի Սուտան, Նուպայի լեռներուն մէջ գտնուող «Գթութեան մայր» հիւանդանոցէն ներս եւ քանի որ երբեք փոխարինող չէ ունեցած, ուրեմն առանց ծանրակշիռ պատճառի անցնող ինը տարիներուն չէ լքած հազարաւոր խնամեալները, որոնք իր կարիքը ունին:

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2017

​Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ տեղի ունեցաւ, Հառիճի վանքէն ներս գործող Թրբանճեան ընծայարանի հիմնանորոգուած մասնաշէնքի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Ընծայարանը վերանորոգուած է ու կը գործէ Լոս Անճելըսէն՝ Ճերալտ եւ Փաթրիսիա Թրբանճեաններու ազնիւ բարերարութեամբ։

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2017

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Փարիզի մէջ, Ֆրանսա, 2015 թուականին ստուերագծուած վերոյիշեալ համաձայնութեան գլխաւոր նպատակն էր նուազեցնել համաշխարհային օթերեւութաբանական ջերմացումը 2 սանթիկրատ կամ 3.6 ֆարէնհայթ աստիճանով: Կլիմայ հետազօտող գիտնականները կը հաւատան, թէ որեւէ պատճառով, եթէ այդ առաջարկուած ջերմաստիճանի սեմին գերագոյն չափը գերազանցուի, յետագային շատ լուրջ եւ վտանգաւոր կլիմայի անվերաշրջելի հետեւանքներ պիտի յառաջանան:

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2017

​Մշակոյթի նախարար Նապի Ավճը անցեալ շաբաթավերջին իֆթարի սեղանի մը մասնակցեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Դպրոցի պարտէզին մէջ սարքուած սեղաններուն շուրջ նախարարին առընթեր համախմբուեցան շարք մը բարձրաստիճան դիւանակալներ, ինչպէս նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան։

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Անշո՛ւշտ որ մահուան մասին խօսիլ անհաճոյ կը թուի շատերուն։ Մահը, սակայն, կեանքի ամենէն անվիճելի, յստա՛կ իրականութիւնն է, քանի որ ան անխուսափելի՛ է։

Երկուշաբթի, Յունիս 19, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աշխատանքի շրջանէ մը վերջ, ահաւասիկ հասաւ արձակուրդի շրջանը։ Արձակուրդը, ընդհանրապէս ընթացիկ, սովորական զբաղումներու ժամանակաւոր դադա՛ր մըն է՝ մտապէս, հոգեպէս եւ մարմնապէս հեռանալ աշխատանքի կեանքէն, եւ հանգստանալ, կերպով մը զբաղիլ եւ հետաքրքրուիլ իր իսկ կեանքին հետ՝ փոխանակ հասարակական կեանքի։

Երկուշաբթի, Յունիս 19, 2017

Պէյրութի «Հայկազեան» հայագիտական համալսարանէն ներս շահեկան ու ծաւալուն գիտաժողով մը:
Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի նախաձեռնութեան աջակցեցաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը:

Երկուշաբթի, Յունիս 19, 2017

Եւրոմիութեան անդամ եւ անոր կողմէ հովանաւորուած Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները այսօր հանդիպում մը կ՚ունենան Լիւքսեմպուրկի մէջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 19, 2017

Յառաջիկայ Սեպտեմբերի Հայաստան-Սփիւռք վեցերորդ համաժողովին ընդառաջ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան խորհրդակցութիւն մը կազմակերպելով ծանօթացաւ մշակուած ծրագրին:

Երկուշաբթի, Յունիս 19, 2017

Արցախի ճակատին վրայ շաբաթավերջին չորս հայ զինուոր նահատակուեցաւ՝ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով:
Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը տեսակցին ալիեւի հետ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն «Պաքու կը փորձէ առաւելութեան հասնելու պատրանք ստեղծել առաջնագծի վրայ, ինչ որ դատապարտուած է ձախողման»:

Երկուշաբթի, Յունիս 19, 2017

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքի յայտնի բարերարներէն Արէտ Երկանեանի արդիւնաբերական արտադրանքի ընկերութիւնները միշտ պատնէշի վրայ կը մնան Թուրքիոյ գործարար աշխարհէն ներս։ Այսպէս, վերջերս հրապարակուեցաւ Թուրքիոյ մեծագոյն հինգ հարիւր ճարտարարուեստի ընկերութիւններու ցուցակը, որու վրայ կը գտնուին Երկանեանի երկու ընկերութիւնները։

Էջեր