Արխիւ
Միջազգային ճգնաժամային խումբի Եւրոպայի ծրագրերու տնօրէն Սապինա Ֆրէյզըր յայտնեց, որ Եւրոմիութիւնը կրնայ աւելի կարեւոր դեր մը խաղալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղիներու որոնման գործին մէջ։
Չեխիոյ խորհրդարանը երէկ ընդունեց բանաձեւ մը, որով ճանչցաւ ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտները։ Այս բանաձեւին հեղինակն էր Սոցիալ-դեմոկրատ Ռոպին Պեոհնիշ, որ կը գլխաւորէ Չեխիոյ խորհրդարանէն ներս Հայաստանի հետ բարեկամութեան երեսփոխանական խումբը։
Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն մէջ վերիվայրումները կը շարունակուին։ Երէկ, Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) ընդունեց Թուրքիոյ տեսակէտէ ժխտական որոշում մը, ինչ որ պատճառ դարձաւ Անգարայի ղեկավարութեան բուռն հակազդեցութեան։
Հայաստան եւ Հնդկաստան փոխյարաբերութիւններու զարգացման հետամուտ:
Փոխ-նախագահ Համիտ Անսար երէկ ջերմօրէն հիւրընկալուեցաւ Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ:
Թուրքիա տարածքաշրջանէն ներս բացարձակապէս չի հանդուրժեր ՓՔՔ-ի եւ անոր յարակից կառոյցներու ահաբեկչական լծակներուն:
Բանակը սաստիկ ռմբակոծումներ կատարեց Իրաքի Սինճարի շրջանին եւ Սուրիոյ Քարաչոք լերան մէջ. զինեալ ուժերու գործողութիւնները պիտի շարունակուին:
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ աշակերտները գարնանային գունագեղ խանդավառութեամբ տօնեցին Սուրբ Զատիկը։ Դպրոցէն ներս այս առթիւ կազմակերպուեցաւ մասնաւոր հանդէս մը, որու ընթացքին տղաքը հանդիսականներուն ներկայացուցին նաեւ տօնին խորհուրդը։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Բանալի» հարցադրում մը. բայց այդ «բանալի»ն երկսայրի սուրի նման երկու ծայրեր ունի։ Այդ երկու ծայրերու անուններն են դաւաճանութիւն եւ վստահութիւն, որոնք ընկերութեան մը երկու ներհակ «բանալի»ներն են։
«Լվովի հայկական տաճարի վերածնունդը»՝ կը մատուցուի գեղարուեստական բարձր ճաշակով:
Երեւանի մէջ, Ազգային Պատկերասրահի երդիքին տակ կազմակերպուած ցուցահանդէսը բացուեցաւ հանդիսաւորապէս:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ յաջողելու եւ մտադրուած նպատակի մը հասնելու համար անհրաժեշտ պայմաններ են՝ գիտութիւնը, աշխատութիւնը եւ կարգապահութիւնը, բայց յաջողութիւնը կատարեալ ըլլալու համար անհրաժեշտ է նաեւ այս երեք պայմաններու մէջ յարատեւութի՛ւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ Եկեղեցին, պատմական հնագոյն եկեղեցիներէն մին է, որուն գոյութիւնը սկիզբ կ՚առնէ առաքելական դարէն։ Չորրորդ դարու սկիզբը՝ 301 թուականին, քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս հռչակուած է «Հայ Ժողովուրդի պետական կրօն»՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի օրով եւ անոր միջոցով։
Հնդկաստանի Փոխ-նախագահ Համիտ Անսար երէկ ժամանեց Երեւան։ Զուարթնոց օդակայանին մէջ բարձրաստիճան հիւրը դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփ հրապարակեց իր պաշտօնավարութեան շրջանի առաջին 24 Ապրիլի պատգամը։ Անգարայի ղեկավարութիւնը անակնկալի մը չէ ենթարկուած Տանըլտ Թրամփի պատգամին բերումով, որովհետեւ անոր բովանդակութեան մէջ 1915-ի դէպքերը չեն որակուած որպէս ցեղասպանութիւն։
«24 Ապրիլի ոգեկոչման հարթակը» երէկ երեկոյեան Թիւնէլի հրապարակին վրայ ոգեկոչեց 1915-ի դէպքերուն զոհերը:
«Ժողովուրդ մը ոչնչացուեցաւ՝ իր ամբողջ մշակոյթով, հազարաւոր պատմական շէնքեր, եկեղեցիներ ու դպրոցներ փլատակի վերածուեցան գիտակցաբար»:
Էսաեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ վերջերս կազմակերպուեցաւ միջվարժարանային անգլերէն գրելու խրախճանք մը։ Համայնքային միջնակարգներու աշակերտական խումբերէ կազմակերպուեցաւ այս ծրագիրը։
Հանրապետութեան նախագահը այս տարի եւս Ապրիլի 24-ին պատգամ մը ուղարկեց Պատրիարքարան։
Էրտողանի շեշտադրումները ուղղուած են գլխաւորապէս մեր համայնքին. «Օսմանահայոց յիշատակին եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան տէր կանգնելու ուղղեալ մեր աշխատանքները պիտի շարունակենք յառաջիկային»։
«Ա. Աշխարհամարտի պայմաններուն մահացած օսմանահայերը կը վերյիշեմ յարգանքով ու կը վշտակցիմ անոնց թոռներուն»։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
24 Ապրիլի ամենէն մեծ ու նշանակալից մշակութային ձեռնարկը, երէկ երեկոյեան Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի ունեցած համերգն էր, որու ընթացքին աշխարհասփիւռ հայ երաժիշտներու կատարմամբ հնչեցին Արամ Խաչատուրեանի, Բարսեղ Կանաչեանի, Ալան Յովհաննէսի, Առնօ Բաբաջանեանի, Եդուարտ Միրզոյեանի, Ղազարոս Սարեանի, Էտկար Յովհաննիսեանի, Ալեքսանդր Յարութիւնեանի, Աւետ Տէրտէրեանի, Կոնստանդին Օրբելեանի, Ալեքսանդր Աճէմեանի, Կոմիտասի, Սերժ Թանքեանի ստեղծագործութիւններէն:
Երէկ, Ապրիլի 24-ի առթիւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Հայոց սրբադասեալ նահատակները յիշատակուեցան այս արարողութեան ընթացքին ու միեւնոյն ժամանակ հոգեհանգստեան պաշտօն մը կատարուեցաւ 1915-ի շրջանի բոլոր զոհերուն համար։
Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութիւն։ Աւանդական շուքով նշուեցաւ եկեղեցւոյ անուան տօնը, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հանդիսապետութեամբ։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։
Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ տեղի ունեցան փայլուն արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան։
Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 150-ամեակին ձօնուած յոբելենական փայլուն ձեռնարկ մը՝ Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ:
Համայնքային շրջանակները տօնական տրամադրութեամբ մասնակցեցան երեկոյթին, որու ընթացքին զօրակցութիւն յայտնեցին խնամակալութեան՝ վարժարանի յարատեւութեան ուղղեալ ջանքերուն համար: