Արխիւ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2024

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Կը շարունակենք անդրադառնալ միջազգային տնտեսական ոլորտի երկու հսկաներուն՝ հանքարդիւնաբերութեան եւ կազա-քարիւղագործման։ Այս կէտին պէտք է խոստովանիլ, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ՝ ստեղծուեցաւ արդիւնաւէտ ու համակարգուած միջազգային տնտեսական համակարգ մը, որ այս երկու ոլորտները ներդաշնակեցուց ու կատարելագործեց։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Գրականութեան հարուստ պատմութեան, ինչպէս նաեւ տարբեր մշակոյթներու կամրջման մէջ կարեւոր դեր ունեցած են թարգմանիչները, որոնք լեզուական սահմանները անցնելով կարեւորած են գաղափարն ու փիլիսոփայական մտածողութիւնը. անոնք միակ միջոցն էին օտար աշխարհը ծանօթացնելու ուրիշներուն. անոնց թարգմանական աշխատանքն էր հայելին Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ այլ երկիրներու մտածողութեան եւ այդ իսկ պատճառով գրականութեան, ինչպէս նաեւ ընկերութեան մէջ կարեւոր դեր մը ունէին, սակայն այսօր կը տեսնենք, թէ նուազած է անոնց ունեցած կարեւորութիւնը, չըսելու համար ընդհանրապէս վերացած:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2024

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Շաբաթ օրուան նախորդ մեր երկու գրութիւնները նուիրած էին Եղիազար Մուրատեանին: Առաջինին մէջ ներկայացուցած էինք անոր կենսագրութիւնն ու գործունէութիւնը:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Այսօրուան կրօնը նո՛յնն է քսանմէկ դար առաջ Քրիստոսի քարոզած կրօնին՝ մարմինով ալ բացատրուած հոգիի կրօնին, կամ ինչպէս սովորութիւն է եղած ըսել, այսօրուան կրօնն է «հաւատքի եւ գործի կրօն»ը, երկուքն ալ իրարու մէջ ձուլուած, իրարու ագուցուած, մէկը միւսով ամբողջացուած, կամ իրարմով բացատրուած։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մինչեւ օրս բազմիցս բարձրաձայնած ենք սփիւռքի մէջ գրեթէ ամէն օր շարունակուող լեզուի նահանջի մասին. աւելի քան կէս դար հայ մամուլը իր մտահոգութիւնը յայտնած ու պէտք եղածէն շատ աւելի բարձրաձայնած է. սակայն այսօր կու գանք տարբեր մտահոգութեամբ. ո՛չ միայն սփիւռքի, հայրենիքի մէջ եւս վտանգուած է հայոց լեզուի ապագան:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2024

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեւանի «Մերիտիան» կեդրոնի եռօրեայ աշխատանքի աւարտին մասնակիցները արձանագրեցին բազում հում միտքեր, որոնք յառաջիկայի կրնան հասարակաց յայտարարներու վերածուիլ ու կրնան խմորուիլ տեղական առանձնայատկութիւններու լոյսին տակ: Համահայկական հարթութեան վրայ հետզհետէ կը ձեւաւորուի նոր օրակարգ մը, որու առաջադրանքները կ՚ենթարդրեն առկայ տուեալներու պակասի յաղթահարումն ու թուային շտեմարաններու հաստատումը:
Համաշխարհային հայկական երկրորդ գագաթաժողովը երէկ եզրափակուեցաւ հեռանկարային սպասումներով: Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձին առթիւ մեծ ոգեւորութիւն:
Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան հորիզոնին վրայ կարեւոր նշանակութիւն կը ստանայ փոխադարձ պատասխանատուութիւններու չափաբաժնի հաւասարակշռումը բոլոր կենսական ուղղութիւններով:
Համազգային ձգտումներու արդի պատումն ու բանաձեւումները կը բիւրեղանան՝ մասնագիտական ներուժի արժեւորման եւ յաւակնոտ ու մրցունակ ներդրումային միջավայր մը ստեղծելու առանցքներուն շուրջ:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2024

Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգախումբը արդէն բացաւ նոր եղանակը։ Երէկ երեկոյեան, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ 2024-2025 շրջանի առաջին հաւաքը, որու ընթացքին դպրաց դասու նախագահ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան իր օրհնութիւնը տուաւ երգչախումբի բոլոր անդամներուն։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը պատրաստուի այցելել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Գումգաբուի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ յառաջիկայ շաբաթավերջին նախատեսուած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութիւններուն մասնակցութիւն պիտի բերէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2024

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա տեղեկացուց, որ Հարաւային Կովկասի համար ձեւաւորուած «3+3» ձեւաչափով հարթակի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը յառաջիկային նախատեսուած է Անգարայի մէջ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2024

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունեց այն տեղական ներկայացուցիչները, որոնք սփիւռքի գլխաւոր յանձնաժողովին կողմէ իրենց համայնքներէն ներս պաշտօնի կոչուած են՝ որպէս տուեալ շրջանի ներկայացուցիչ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2024

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-պետական քարտուղարի տեղակալ Ճոշուա Հաքի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2024

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Հանքարդիւնաբերութիւնը շատ հին մարդկային գործունէութիւն մըն է եւ ան նախապատմական ժամանակաշրջանէն ի վեր առընչուած է տնտեսական ճիւղերուն կամ ինքնին տնտեսութեան հետ: Մարդ արարածին անհատական ու մանաւանդ հաւաքական կերպարի հիմնական դրսեւորումներէն մէկը տնտեսական ոլորտն է եւ այդ տնտեսութեան շարժիչ ուժը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2024

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ՝ Արցախի վերջնական հայաթափման առաջին տարելիցին առթիւ։ «Տարի մը առաջ, սեպտեմբերի 19-ին, Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական յարձակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ բնիկ բնակչութիւնը՝ աւելի քան 115 հազար հայ, քանի մը օրուան ընթացքին ստիպուած եղաւ լքել սեփական բնակավայրը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2024

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Նովայի ազդեցութիւնը յայտնի է որպէս «Բախտի ողբերգութիւն» եւ կը վերաբերի իրադարձութիւններու անորոշութեան՝ ըստ մեր միջավայրի գնահատման։ Հոգեբանութեան մէջ Նովայի ազդեցութիւնը կը նմանցուի «թիթեռնիկի ազդեցութեան». իւրաքանչիւր առաջին քայլ, իրադարձութիւն կամ երեւոյթ, որ սկիզբին փոքր կամ նոյնիսկ աննշան կը թուի, կրնայ տոմինոյի ազդեցութիւնը ունենալ եւ փոխել ամբողջ ընթացքը:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոգեւոր բաւարարութեան եւ ներքին խաղաղութեան սերտօրէն առընչուած միջոցներէն մին է «խորհրդածական պահեր»ը՝ որոնք պէտք է ստեղծել կեանքի ընթացքին։
Արդարեւ, մարդուս կեանքը մտահոգութիւններով, դժուարութիւններով, նեղութիւններով, զանազան աշխարհային զբաղումներով խճողուած կեանք մըն է:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Առիթով մը հօրեղբայրս, երկու հօրաքոյրներս հաւաքուած լուրջ ձեւով կը փորձէին լուծել հօրս ծննդեան հանելուկը. հօրս ծննդեան թուականը ո՛չ ոք գիտէր։ Ողորմած մեծմայրս կ՚ըսէր «դպրոցները նոր սկսած էր». չեմ գիտեր ինչպէս հօրեղբայրս կը յիշէր, որ ձմեռ էր, նոր տարուան շրջան մը:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2024

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովի եռօրեայ ծաւալուն աշխատանքը այսօր կ՚աւարտի: Երեւանի «Մերիտիան» կեդրոնի բազմակողմանի քննարկումները անկաշկանդ ու բաց խօսակցութիւններու թատերաբեմը հանդիսացան՝ քանի անկեղծ երկխօսութիւնը բազմապատկիչ գործօններ ստեղծելու անհրաժեշտ նախապայմանը կը համարուի:
Փոխադարձ զարգացման ճանապարհ:
Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ նոր չափումներ:
Համահայկական հարթութեան վրայ հետզհետէ առաջնահերթ կը դառնայ առկայ խնդիրներու պարագային թիրախային արձագանգի դրութիւններու հաստատումը՝ մինչ համագործակցութեան ընդհանուր հունը բոլորը կ՚առաջնորդէ՝ դէպի մարդուժի պատրաստութեան եւ ժողովրդագրական մարտահրաւէրներու դիմագրաւման հետամուտ ռազմավարութեան ձեւաւորումը: Համազգային մտայնութեան եղափոխութեան ծիրէն ներս ի յայտ կու գայ համակարգային լուծումներով ընթանալու նկատմամբ ընդգծեալ նախապատուութիւնը՝ սերնդափոխութեան զուգահեռ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2024

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Համահայկական հարթութեան վրայ առաջնահերթութիւններուն շուրջ քնարկումներ ծաւալելու առիթ Երեւանէ ներս: Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովը՝ ապագայ ծրագրելու մշակոյթ հաստատելու ուղղեալ ջանքերու ճանապարհին կարեւոր նախաձեռնութիւն. «Մենք թէեւ հազարամեայ ժողովուրդ ենք, բայց, կը մտածենք կարճաժամկէտ»:
Հայրենիքը հեռուէն չսիրել, դադրեցնել անոր կարեկցանքի առարկայ դառնալը եւ գալիքի տեսլական յստակացնել՝ առանց մտածելակերպի բացարձակութեան:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ Հայաստան աշխարհի որքան շատ երկրի հետ տնտեսական փոխկապակցուածութեան մէջ ըլլայ՝ այնքան աւելի անվտանգութեան երաշխիքներ կ՚ունենայ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հոգեւոր-մշակութային ուղղուածութիւն ունեցող հայկական «Շողակաթ» հեռուստաընկերութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած Միւռոնօրհնութեան առթիւ մեկնարկած է ութ մասէ կազմուած տեսաժապաւէնի մը ցուցադրութիւն՝ «Միւռոնօրհնեէքը պատմութեան էջերուն մէջ» խորագրով:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք փունջ մը մտածումներ Եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ՝ Ս. Միւռոնի մասին:
* Սուրբ Յովհան Օձնեցի Կաթողիկոսը իր կանոններուն մէջ կը գրէ.
Պարտ եւ արժան է որ հայրապետը օրհնէ Սուրբ Միւռոնը, այսինքն՝ անուշահոտութեան իւղը, ինչպէս նաեւ՝ իւրաքանչիւր եպիսկոպոս՝ մէկ անգամ Զատիկի հինգշաբթի օրը, ինչպէս հրամայուած է:

Էջեր