Արխիւ
Հոգելոյս Հրանդ Տինքի ոգեկոչման համար արտադրուած գործը ցուցադրուեցաւ CRR-ի երդիքին տակ:
Տխուր մահափորձի 15-րդ տարելիցին Իւմիտ Քըվանչ պատրաստեց փաստավաւերագրական ուրոյն ժապաւէն մը:
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի առկայ իրավիճակը եւ Ղազախիստանի իրադարձութիւնները։
Վերլուծաբաններու հետ զրոյց «Ազատութիւն»ի եթերին. «Թուրքիոյ հետ դրական տեղաշարժ ապահովելը շնչելու հնարաւորութիւն պիտի տայ Հայաստանին»:
Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի Մոսկուայի վաղուայ առաջին ժամադրութեան ընդառաջ գործընթացը բոլոր երեսակներով խոշորացոյցի տակ առնուած է զանազան հարթութիւններու վրայ:
Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման հերթական փորձը կ՚արժեւորուի տարածաշրջանի նոր իրադրութեան ու վերաձեւաւորեալ հաւասարակշռութիւններու պայմաններուն ներքեւ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ճշմարիտ քրիստոնեայի տունը պէտք է օրհնուի:
Տնօրհնէքը, ինչպէս կը վկայէ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին, հիմնադրուած է յարուցեալ Փրկչի կողմէ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանաբնակ վարպետ խոհարար Գարեգին Օհանեան նոր կեանք կու տայ մոռցուած հայկական ուտեստներուն: Ան համացանցային շարք մը ունի՝ «Սնուեցէք հայերէն» խորագրով, որուն մէջ ներկայացուող հայկական ճաշերը, ըմպելիքները, անուշեղէնները նորութիւն են բոլորիս համար:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տարիներ առաջ գիրքի մը խմբագրութիւնը կատարեցի եւ տպագրութեան ծախսերու մեկենասութեան համար ազգի մեծահարուստներէն մէկուն հետ հեռախօսազրոյց մը ունեցայ եւ ի յիշատակ իր հանգուցեալ ծնողին գիրքի մեկենասութիւնը խնդրեցի:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1902)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ծխախոտին թոյնն ալ, ինչքան չնչին ըլլայ անոր քանակութիւնը, դարձեալ կամաց-կամաց ծխողին առողջութիւնը կը քայքայէ:
Բժիշկ մը հազար ծխողի հարց ու փորձ ըրած է, եւ իմացած է, որ անոնցմէ իննհարիւրը օրուայ ընթացքին մինչեւ քսան գլանակ (ծխախոտ) կը ծխեն:
Գարակէօզեան Տան բարեյիշատակ ու երախտաշատ հիմնադիրը՝ հոգելոյս Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեան երէկ հերթական անգամ վերյիշուեցաւ՝ իր շիրիմին վրայ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով։ Գարակէօզեանի ընտանիքը այս առթիւ անգամ մը եւս բիւր յարգանքով իր խոնարհումը բերաւ՝ կրթօճախը հաստատած հիմնադրի անթառամ յիշատակին առջեւ։
2022 թուականը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ հռչակուած է Սփիւռքի տարի։ Ինչպէս հաղորդած էինք, անցեալ շաբաթավերջին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի հանդիսաւորապէս ընթերցուած էր համապատասխան հռչակագիրը։
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց նորաօծ այն 11 քահանայ հայրերը, որոնք անցեալ նոյեմբերի 21-ին ձեռնադրուած էին Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի մէջ եւ արդէն աւարտած են իրենց ապաշխարութեան շրջանը։ Վեհարանի հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ղազախիստանի իրադարձութիւններու քաղաքական տարատեսակ ընթերցումներն ու մեկնաբանութիւնները՝ յաճախ հակասական, երբեմն իրար լրացնող, այնուամենայնիւ պատահարներուն բուն շարժառիթները չեն կրնար տեղադրել յստակ շրջագիծի մէջ:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ Երեւանի մէջ մահկանացուն կնքած է հայկական արդի բանաստեղծութեան տիտաններէն Ռազմիկ Դաւոյեան։ 81 տարեկան հասակին կեանքէ հեռացած է մեծանուն բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեան, որու կորուստին արձագանգած է նաեւ Հայաստանի Գրողներու միութիւնը։
Ատրպէյճան երէկ յետմիջօրէէն սկսեալ դարձեալ կրակ բացաւ Հայաստանի սահմանի դիրքերուն վրայ:
ԵԱՀԿ կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի Երեւան եւ Պաքու բովանդակային երկխօսութեան մէջ մտնեն՝ զերծ մնալով ուժ կիրառելէ:
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպման ընդառաջ Միացեալ Նահանգներ սերտ կապ կը պահէ կողմերուն հետ:
Ուաշինկթըն կը ջանայ Անգարայի եւ Երեւանի տրամադրութիւնը շօշափել Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի Մոսկուայի կարեւոր ժամադրութեան նախօրեակին:
Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ այս շրջանին հերթական անգամ հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձած է։ Այս Ամանորին Սիպիլ հանդէս եկաւ «ARTI» հեռուստակայանէն։
«Իրականութեան մէջ, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը մտաւորական ժառանգականութեան վառ օրինակ մըն է եւ Թուրքիայէ ներս հայերու ներկայութեան խորհրդանիշ»:
Երեւանի «Ալիք մետիա» կայքէջը արձագանգեց թերթիս կողմէ հնչեցուած ահազանգին՝ յայտնի մտաւորական ու հասարակական գործիչ Տիգրան Պասկեւիչեանի ստորագրած յօդուածով:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բոլոր մարդկութեան քո՞վ այդպէս է, թէ ոչ միայն մօտս, չե՛մ գիտեր, սակայն աւելի քան տասն տարի է կը զգամ իմ մէջս անձէս բացի այլ անհատի մը ներկայութիւնը, որ շարունակ կը խօսի: Կը զգամ գոյութիւնը երկրորդ ձայնի մը, որ շատ անգամ կը վիճի, կը հակաճառէ, նոյնիսկ կը ծաղրէ ու կը հեգնէ արարքներ, զորս ես կը կատարեմ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեր ժողովուրդին ապրած արհաւիրքն ու այդ արհաւիրքին պատճառած հետեւանքները նաեւ ծանր կերպով ազդած են մեր ընկերային կեանքին վրայ, գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ: Ամբողջ աշխարհով մէկ սփռուած բազմաթիւ տաղանդաւոր հայորդիներ, ի՜նչ-ինչ պատճառներով մնացած են անշուքութեան մէջ, եւ երբեմն ալ լուռ քաշուած են անկիւն մը, եւ «ապրած» իրենց կեանքը: