Արխիւ

Ուրբաթ, Մայիս 7, 2021

Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ գրող Աշոտ Աղաբաբեանի գիրքին շնորհանդէսը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, գործը կը կոչուի «Գաղտնիքներու տիրակալը»։

Ուրբաթ, Մայիս 7, 2021

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

(…) Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ի թիւս այլ խրոխտ բացագանչութիւններու, յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւն չ՚ըլլար։
Ընդդիմադիրներէն ոմանք սա հասկցան (կամ ձեւացուցին, թէ հասկցան) այնպէս, թէ վարչապետը ըսաւ, որ ան երբեք իշխանութիւնը չի յանձներ ու պիտի իշխէ ցմահ։

Ուրբաթ, Մայիս 7, 2021

Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ վերջին երկու օրերուն Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւնները երէկ հասան իրենց աւարտին։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ բանակցութիւնները տեղի ունեցած են անմիջական մթնոլորտի մը մէջ եւ ծաւալուն բովանդակութիւնով։

Ուրբաթ, Մայիս 7, 2021

Լեթոնիոյ խորհրդարանը երէկ ընդունեց բանաձեւ մը, որով 1915 թուականի դէպքերը բնորոշուեցան՝ որպէս ցեղասպանութիւն։ Թուրքիա բուռն ձեւով բողոքեց այս որոշման դէմ։

Ուրբաթ, Մայիս 7, 2021

Նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան քննարկեցին մարզի առկայ հարցերը:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցները այս փուլին շարժման անցընելու ուղղութեամբ խորհրդակցութիւն:

Ուրբաթ, Մայիս 7, 2021

Զբօսաշրջութեան ոլորտի գործակցութեան թափի պահպանումը Թուրքիա-Գերմանիա օրակարգին վրայ:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու վերջին օրերուն բազմակողմանի շփումներ ունեցաւ Պերլինի մէջ:

Ուրբաթ, Մայիս 7, 2021

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ իր երկիրը հաւատարիմ կը մնայ Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման Սերկէյ Լաւրով աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս երէկ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի կողմէ։ Առաւօտեան առանձնազրոյցէն վերջ, երկու նախարարները գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, որոնց աւարտին սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

Ուրբաթ, Մայիս 7, 2021

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Թուրքիա հայկական հարցի վերաբերեալ խօսոյթը վերջին տարիներուն աստիճանաբար ու շատ աւելի ընդգծուած ձեւով պայմանաւորեց տարածքաշրջանային տեսլականով մը։ Այս խօսոյթը միեւնոյն ժամանակ բանաձեւումն էր այն քաղաքականութեան, որով Անգարա-Պաքու թանտեմը հետզհետէ կը զօրանար։

Հինգշաբթի, Մայիս 6, 2021

Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պաքու, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։ Ղարիպաշվիլիի ընկերակից պատուիրակութեան կազմին մէջ էր Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանի, որ եւս իր հերթին տեսակցեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։

Հինգշաբթի, Մայիս 6, 2021

Քորոնաժահրի համաճարակի առկայ պայմաններուն ներքեւ ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած մնալ կը շարունակէ պատուաստանիւթերու վրայ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Պատուաստանիւթերու համաշխարհային համագումարին կողմէ աշխարհի լաւագոյն պատուաստանիւթը ճանչցուեցաւ «Moderna»ն։

Հինգշաբթի, Մայիս 6, 2021

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան երէկ խորհրդարանի մէջ երեսփոխանի մը հարցումին պատասխանելով անդրադարձաւ Սիւնիքի մարզի կացութեան։ Ան մանաւանդ կանգ առաւ Արաւուս համայնքէն ներս տեղի ունեցած վերջին դէպքին վրայ՝ երբ Ատրպէյճանի բանակէն երկու զինուոր բռնութեան ենթարկած էր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի հովիւ մը։

Հինգշաբթի, Մայիս 6, 2021

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ։ Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ի թիւս այլ հարցերու, Էրտողան եւ Փութին անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման։

Հինգշաբթի, Մայիս 6, 2021

Յետպատերազմեան ցնցումներու եւ ծագած քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ, վերջին ամիսներուն զանազան հանդիպումներ տեղի ունեցած են Հայաստանի եւ Արցախի նախկին նախագահներու մասնակցութեամբ։

Հինգշաբթի, Մայիս 6, 2021

Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան՝ ութ տարուայ ընդհատումէ մը վերջ:
Գահիրէի երկօրեայ քննարկումներուն ժամանակ Լիպիոյ վիճակի եւ Միջերկրականի արեւելքի խնդիրները օրակարգի վրայ:

Հինգշաբթի, Մայիս 6, 2021

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Հայաստան։ Ռուս նախարարը երէկ օրուայ երկրորդ կէսին մեկնեցաւ Երեւան, ուր Զուարթնոց օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի կողմէ։ Լաւրով այս առաւօտ յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։

Հինգշաբթի, Մայիս 6, 2021

Նախագահ Էրտողան հիւրընկալեց Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները:
Անգարայի մէջ, համաճարակի սահմանափակումներուն համապատասխան ընթրիք՝ Չանքայայի ապարանքի երդիքին տակ:

Հինգշաբթի, Մայիս 6, 2021

Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական սրբավայրերու, մշակոյթի կոթողներու եւ ճարտարապետական ժառանգութեան դէմ ոտնձգութիւնները, խորհրդանշական կոթողներու թիրախաւորումները կը շարունակուին։

Հինգշաբթի, Մայիս 6, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Սէրը կը ստիպէ յարգել ու զղջալ սխալ արարքներու համար: Անբացատրելի կապ մը կայ, որ չի ձգեր իրարմէ հեռանալ, երկար ժամանակ մնալ վիրաւորանքի մէջ: Երկուքն ալ զիրար շատ կը սիրեն:

Հինգշաբթի, Մայիս 6, 2021

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մայիսի 8-ին կը լրանայ արեւմտահայ արձակագիր, բանաստեղծ, փիլիսոփայ Եղիա Տէմիրճիպաշեանի 170-ամեակը:
Ծնած է Խասգիւղ, Պոլիս, 1851 թուականին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է «Ներսէսեան» եւ «Նուպար-Շահնազարեան» վարժարաններէն ներս, աշակերտած է ծանօթ գրագէտներու։

Հինգշաբթի, Մայիս 6, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

-Ո՜վ Ռոնտա. ինչպէ՞ս կարելի է զանազանել հոգեկան հիւանդի մը եւ սատանայական ազդեցութեան տակ գտնուողի մը միջեւ:
-Այդ բանը կրնայ զանազանել պարզ եւ հմուտ հոգեբոյժ մը: 

Էջեր