Արխիւ
Մարդու իրաւանց հարցերը պէտք է աւելի բաց քննարկուին ԱՊՀ-ի շրջանակներէն ներս:
Լաւրով օրինակ մէջբերեց. «Հայաստանի մէջ ատրպէյճանցիներ եւ հակառակը՝ թէեւ շատ քիչ են»:
«Բաւական է ապրիլ խաբկանքի մէջ, այն արհաւիրքը, որ եղած է, մեծ ինքնախաբէութեան հետեւանքն է»:
Թուրքիա-Հայաստան բանակցութիւններուն անդրադառնալով՝ Արարատ Միրզոյեան կոչ ուղղեց հեքիաթները մէկ կողմ դնել:
Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ս. Սինոդի տարեկան ժողովը յառաջիկայ շաբաթ տեղի պիտի ունենայ Հռոմի մէջ։ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարքի նախագահութեամբ պիտի գումարուի Ս. Սինոդը։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Տարուան ընթացքին տարբեր պաշտօններ իրենց տօնակատարութեանց համար սահմանուած յատուկ օրեր կ՚ունենան, ինչպիսին են վարդապետաց տօնը, քահանայից տօնը, ուսուցչաց տօնը, բժշկաց տօնը եւ այլն։ Այս տօները, առիթներ կը դառնան, որպէսզի հոգեւոր եւ ընկերային տօնակատարութիւններով յատուկ անդրադարձ կատարուի յիշեալ ասպարէզներու պարտաւորութիւններուն եւ պատասխանատուութեանց։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Ալեքսէյ Զայցեւ շաբաթական մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի յստակեցման հարցով յանձնաժողովի ստեղծման նիւթին։
Հայաստանի զինեալ ուժերու կազմաւորման երեսնամեայ յոբելեանին առթիւ հանդիսաւոր աղօթք:
Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ, եկեղեցական արարողութենէն վերջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունելութիւն:
Դերասանուհի եւ Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Ֆ. Կիրիք յուղարկաւորուեցաւ յուզումնախառն մթնոլորտով:
Քաղաքապետարանի առջեւ եւ CRR-ի մէջ տեղի ունեցած սգահանդէսներէն վերջ, աղօթք կատարուեցաւ Թէշվիքիյէի մզկիթի համալիրէն ներս, ուր ներկայ էին նաեւ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Էրսոյ եւ Իսթանպուլի կուսակալ Երլիքայա:
Ռուսահայ յայտնի գործարար եւ բարերար Սամուէլ Կարապետեան կը շարունակէ միջազգային լրատուամիջոցներու ուշադրութեան արժանանալ՝ իր յաջողութիւններով եւ ձեռքբերումներով։ «Forbes»ի կողմէ Ռուսաստանի կալուածոց շուկայի յառաջատարներուն վերաբերեալ 2021 թուականի համար պատրաստուած ցուցակին մէջ ընդգրկուած է Սամուէլ Կարապետեանի անունը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հաստատեց՝ երկրէն ներս նախատեսուած սահմանադրական փոփոխութիւնները իրականացնելիք բարեփոխումներու խորհուրդի կազմն ու գործունէութեան կարգը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդը կը գլխաւորէ Արդարադատութեան նախարար Կարէն Անդրէասեան։
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման օրակարգով Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հանդէս եկաւ հերթական յայտարարութիւններով։ «Հայաստանի հետ մեր սկսած եւ Ատրպէյճանի կողմէ աջակցութիւն գտած կարգաւորման գործընթացը կը շարունակուի՝ վստահութեան բարձրացման ուղղեալ քայլերով։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի հերթական ժողովը երէկ գումարուեցաւ Պեշթեփէի համալիրի երդիքին տակ:
Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման նպատակով շարժման անցուած հնարաւորութիւններու ծիրէն ներս կարեւորուեցաւ Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ձեր հե՞տ ալ պատահած է, որ փորձէք պարզ ու անկարեւոր բան մը յիշել, տանջած էք ձեր միտքն ու ուղեղը, սակայն յաղթուած մոռացութեան կողմէ: Կամ պատահա՞ծ է, որ անցորդ մը ճանչնայ ձեզ, բարեւէ, սակայն դուք չյիշէք կամ չգիտնաք, թէ ով է...:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Մարդիկ իրենց կեանքի ընթացքին կրնան հանդիպիլ բազմազան, անգոյն եւ գունաւոր հարցերու, դէմքերու, դէպքերու, տեսարաններու, երեւոյթներու, իրավիճակներու եւ կամ խնդիրներու, որոնք իրենց համար անհասկնալի կը թուին եւ նոյնիսկ՝ անբացատրելի:
ԶԱՔԱՐԻԱ ԹԱՄԷՐ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Աքլորը ըսաւ իր հաւ կնոջ.
-Ո՜ւֆ, յոգնեցայ ամէն առտու կանչելէն, երանի քիչ մը ծուլութենէդ հրաժարիս եւ փոխարէնս կանչես:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Հոլանտայի փոխ-դեսպան Էրիք Վեսթրէյտը, որ Պատրիարքարան այցելեց ընկերակցութեամբ քաղաքիս մօտ Հոլանտայի աւագ հիւպատոս Արիէն Վիթերլինտի։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Յիրաւի, վեհ եւ մարդկային մասնագիտութիւն մըն է բժշկութիւնը: Մարդուն վերադարձնելով կորսուած առողջութիւնը՝ բժիշկները մէկընդմիշտ կը մնան պաշտելի էակներ հիւանդներուն համար:
Երէկ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Դալար եւ Արթօ Հորոզօղլուները, որոնք կը գլխաւորեն Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի կամաւոր հոգաբարձութիւնը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի ներկայացուցիչ տքթ. Եոաննա Վրոնեցքան։ Այցելութեան ընթացքին ներկայացուցիչը Նորին Սրբութեան նամակ մը յանձնեց ընդհանուր քարտուղարին կողմէ։
«Գաբրիէլ Սունդուկեան» ազգային ակադեմական թատրոնը կ՚ողջունէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակը:
Մայր թատրոնի յոբելեանին առթիւ Երեւանի մէջ երէկ կազմակերպուած հաւաքոյթի ընթացքին հատուեցաւ կարկանդակ մը:
Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսի երէկ ընդունեց Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը, որ այցելութիւն մը տուաւ Թեհրան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին զանազան ոլորտներէ ներս երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած զարգացման կապակցութեամբ՝ ներառեալ ռազմական համագործակցութիւնը։