Արխիւ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ամէն առիթով եւ համեստաբար յիշած եմ, թէ հայ գիրքի մը նոր ներկայութիւնը, կամ ծնունդը, զիս միշտ վերապրեցուցած է: Թէ՛ գրողն ու իր գրիչը եւ թէ՛ իր նորատիպ հատորը, միշտ խանդավառութեամբ եւ ջերմ գնահատանքով դիմաւորած եմ:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ասկէ ետք կը ճառէ հրեաներու անհաւատութիւնն ու խստութիւնը.
Խօսք. «Բազմաթիւ հրաշքներ գործած էր անոնց դիմաց» (Յհ 12.37):
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ներկայիս կը հանդիպինք բազմաթիւ ծնողներու, որոնք իրենց մանուկը «հանդարտեցնելու» եւ որոշ չափով իրենք եւս հանգստանալու համար մանուկները կը նստեցնեն մանկական ժապաւէններու (cartoon) դիմաց. այս մէկը պատճառ կ՚ըլլայ, որ մայրեր մտածեն, որ այդ մէկը պարզապէս ժամանց մըն է մանուկին համար՝ առանց անդրադառնալու, որ այդ ժապաւէնը իր դերն ու մասը ունի մանուկի հոգեբանական զարգացման մէջ:
Պատմաբան Սեւան Նշանեան Յունաստանի կողմէ անբաղձալի անձ հռչակուեցաւ։ 2017 թուականին, Ֆոչայի բաց կալանավայրէն խոյս տալով ան ապաստանած էր Եգէականի Սամոս կղզին։
«Արմէնփրէս» գործակալութեան եւ Երեւանի Պետական համալսարանին միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր մը։ Փաստաթուղթը ստորագրեցին գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան եւ համալսարանի վերատեսուչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Յովհաննէս Յովհաննիսեան։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր միօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Ատրպէյճան՝ իր պաշտօնակցին՝ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրին ընդառաջ։ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ սա դէպի Ատրպէյճան Էրտողանի հերթական այցելութիւններէն մին է, որու ծրագիրը չ՚ընդգրկեր մայրաքաղաք Պաքուն։
«Մտքերու հայկական գագաթաժողով»ը շաբաթավերջին երրորդ անգամ կազմակերպուեցաւ Դիլիջանի մէջ:
Կեդրոնական դրամատան նախագահ Գալստեան. «Հայաստան կրնայ տուն մը դառնալ բազմաթիւ նորարարութիւններու համար»:
Հայաստանի մէջ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարը կը շարունակուի։ Վերջին շրջանին վիճակագրական տուեալները հասած են մտահոգիչ համեմատութիւններու։
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցան։ Վերջին շրջանին Թեհրան-Պաքու առանցքին վրայ յառաջացած լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ նախարարները քննարկեցին կողմերու յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցական այցելութիւն մը տուաւ նորոգ հանգուցեալ պետական գործիչ ու մտաւորական Վանօ Սիրադեղեանի ընտանիքին։ Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Վանօ Սիրադեղեանի մահուան զուգահեռ Նիկոլ Փաշինեան բարոյական զօրակցութիւն յայտնած է անոր ընտանիքին։
Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը այս օրերուն կ՚այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ 81-ամեայ պատրիարքը ուղեւորութեան ընթացքին անհանգստանալով Ուաշինկթընի մէջ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ։
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը արեւմտահայ մշակոյթի յարատեւման ու խրախուսման տեսլականով նոր ծրագրի մը ձեռնամուխ եղած է։ Կը հաղորդուի, որ այս նոր նախաձեռնութեան նպատակն է ամրապնդել լեզուի եւ մշակոյթի ներքին ու հարազատ կապը, քաջալերելու համար արեւմտահայերէնով մշակութային ստեղծագործութիւնը։
Հայաստանի խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցաւ մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ ապաշրջափակումը կրնայ որակապէս փոխել երկրի տնտեսական կառուցուածքը:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ Սրբազան Քահանայապետին կողմէ շնորհաւորականներ:
Կաթողիկէ հայոց նորընտիր պատրիարքը Պէյրութի մէջ երէկ պաշտօնական արարողութիւնով կոչուեցաւ առաքելութեան:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընակալեց Ասորի եկեղեցւոյ Հոլանտայի առաջնորդ ու պատրիարքական փոխանորդ Փոլիքարփուս Այտըն Մետրապոլիտը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ինչքա՜ն չարաշահեցինք այս բառը, ինչքա՛ն տեղի-անտեղի գործածեցինք, ինչպէ՛ս այսքան շռայլ գտնուեցանք այս բառին հանդէպ ու յետոյ ալ ինչո՛ւ այսքան սպառեցինք։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սիրելի երաժշտութիւն լսելու պէս յաճախ կը վերադառնանք անցեալի մեր գրողներու մա՛նաւանդ փոքր ու մտերմիկ պատմուածքներուն եւ անոնց մէջ իրական կեանքէն մնացած պատառիկներ կը փնտռենք: Սփիւռքահայ գրականութեան հիմնադիրներէն Համաստեղի (Համբարձում Կելէնեան) գրականութիւնը եւ մանաւանդ՝ անոր կերտած կերպարները հակառակ որ մօտաւորապէս հարիւր տարի առաջ ստեղծուած են, սակայն այսօր այնքա՜ն սիրելի են:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
20-րդ դարու առաջին կէսին Արեւելեան եւ Կեդրոնական Եւրոպայի արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները արուեստի աշխարհէն ներս կը ստեղծէին լայն արձագանգ։ Երկագունդի այդ հատուածէն ներս կը տիրէր ապստամբութեան մթնոլորտ, ուր հասարակական համակարգը կը խախտուէր։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երբեւիցէ տեսա՞ծ էք արցունքները կեանքի յաղթուածներուն, որոնց նկատմամբ կեանքը աւելիո՛վ անիրաւ գտնուած է. արցունքներ՝ որոնք հիւծախտի պէս ողջ ողջ մարդը դէպի վերջին հանգրուան, դէպի՛ գերեզման կ՚առաջնորդեն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ի՞նչ մեղքս պահեմ... մինչեւ այսօր կը զարմանամ, եւ վստահ եմ ինձ նման շատե՜ր նոյն մտածումը կ՚ունենան, թէ ինչպէ՞ս գրուած նամակ մը վայրկեաններու մէջ կը հասնի ովկեաններէն անդին՝ հասցէատիրոջ: