Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունուար 20, 2022

Անթիլիասի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Լիբանանէ ներս քորոնաժահրի համավարակի թափի սաստկացման հետեւանքով յետաձգուած է՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած «Արցախը հայոց պետականութեան ոլորտին մէջ» նիւթով գիտաժողովը, որ նախատեսուած էր յառաջիկայ ամիս։

Հինգշաբթի, Յունուար 20, 2022

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երէկ Վիեննայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիթի հետ։ Ան այս ուղեւորութեան ձեռնարկած է՝ մասնակցելու համար ԵԱՀԿ-ի ֆորումին։

Հինգշաբթի, Յունուար 20, 2022

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսին։ Քրեմլինի պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Փութին նշեց, որ Ռուսաստան եւ Իրան շատ սերտօրէն կը համագործակցին միջազգային գետնի վրայ։

Հինգշաբթի, Յունուար 20, 2022

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. «Թէեւ Ռուբէն Ռուբինեանը լիազօրած եմ, բայց պատասխանատուն ես եմ»:
Թուրքիոյ հետ բնականոնացման գործընթացի շուրջ տեւական քննարկումներ՝ Հայաստանի խորհրդարանի երդիքին տակ:

Հինգշաբթի, Յունուար 20, 2022

Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքներու վերսկսման շուրջ անհամբեր սպասման մթնոլորտին մէջ արդէն հետզհետէ կը յստականան գործնական մանրամասնութիւնները, որոնց արձագանգ կը հանդիսանայ նաեւ տեղական մամուլը։

Հինգշաբթի, Յունուար 20, 2022

Հայ Աւետարանական եկեղեցիէն վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուի ստորագրութեամբ երէկ Կէտիկփաշայէն թերթիս խմբագրութեան ուղարկուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որով տեղեկացուցած է, որ մեծ ոգեւորութեամբ յառաջ կը տարուի ծրագիր մը, որ կը վերաբերի Թուզլայի «Քամփ Արմէն»ին։

Հինգշաբթի, Յունուար 20, 2022

Հոգելոյս Հրանդ Տինք երէկ ոգեկոչուեցաւ՝ իր դէմ կատարուած մահափորձի տարելիցին առթիւ:
Նահատակ լրագրողի վերյիշման օրը այրին՝ Ռաքել Տինք ունեցաւ յուզումնախառն ելոյթ մը. «Մենք չըլլանք յոյսը մարողը»:

Հինգշաբթի, Յունուար 20, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վերջերս ուրախութեամբ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութեան կողմէ ստացայ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն լոյս տեսած «Դէպի Էջմիածին Երթուդարձի նօթեր» գիրքը, գրուած բանասէր, բանաստեղծ, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ, ինչպէս նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի աշխատակից Թորոս Ազատեանի կողմէ (ապրած 1898-1955 թուականներուն):

Հինգշաբթի, Յունուար 20, 2022

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1902)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

բ. Մարսողութիւնը նոյնպէս կը վնասուի: Վերը մենք նկարագրեցինք ծխողին բերանին ու ըմպանի դրութիւնը: Քանի մը բժիշկներ նոյնիսկ կը կարծեն, թէ ծխելը պատճառ կը դառնայ լեզուի վրայ քաղցկեղի (րակ) զարգանալուն, որ մահացու հիւանդութիւն մըն է:

Հինգշաբթի, Յունուար 20, 2022

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Մերը կը ձգենք, ուրիշինը կը սիրենք:
Մենք շատ բարի ենք, անմիջապէս կը ներենք:
Կարճամիտ չենք, սակայն յիշողութեան հետ կապուած լուրջ խնդիրներ ունինք:
Առանց ներողութիւն խնդրելու՝ կը ներենք, կրնանք ներել:

Հինգշաբթի, Յունուար 20, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայերէն առաջին տպագիր գիրքը լոյս տեսնելէն (1512, Վենետիկ, «Ուրբաթագիրք») 260 տարի ետք միայն Հայաստանի մէջ կը տպագրուի առաջին գիրքը: Այն կը տպագրուի 1772 թուականին՝ Էջմիածնի տպարանին մէջ: 250 տարի անցած է այդ պատմական իրադարձութենէն:

Հինգշաբթի, Յունուար 20, 2022

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը յայտարարեց, որ սփիւռքի վերակազմակերպումը անյետաձգելի հրամայական մըն է։ Իր խօսքով՝ սփիւռքի մասին խօսիլը այսօր տարօրինակ երեւոյթ մը չի համարուիր, այլ՝ բնական է, որովհետեւ ան մատնուած է տագնապի։

Հինգշաբթի, Յունուար 20, 2022

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ վարչական կարեւոր հաւաք մը։ Թեմը այս տարի կը նշէ իր հաստատման 95-ամեակը եւ յոբելենական շրջանին առթիւ ստեղծուած է արտասովոր աշխուժութիւն։

Հինգշաբթի, Յունուար 20, 2022

Կը տեղեկանանք, որ այս տարի կը լրանայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի հիմնադրութեան 10-ամեակը։ 2012 թուականին գործել սկսած է ներկայ մատենադարանը, որ մայրավանքի համալիրէն ներս առանցքային խարիսխ մըն է։

Չորեքշաբթի, Յունուար 19, 2022

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր Մոսկուայի մէջ կը հիւրընկալէ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսին։ Քրեմլինի աղբիւրները հաղորդեցին, որ երկու ղեկավարները կը քննարկեն Մոսկուա-Թեհրան համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու ամբողջ համալիրը՝ ներառեալ առեւտրատնտեսական ոլորտէ ներս համատեղ նախագծերու իրականացումը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 19, 2022

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակէ հանրային կարծիքի ուշադրութեան առարկայ մնալ բոլոր երեսակներով։ Երեւան-Անգարա առանցքին վրայ ակնկալուած զարգացումներու մթնոլորտին մէջ կը կատարուին իրերայաջորդ յայտարարութիւններ՝ մանաւանդ անցեալ շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումէն վերջ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 19, 2022

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան աւարտեց դէպի Ապու Տապի աշխատանքային այցելութիւնը։ Ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին ան հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) թագաժառանգ Շէյխ Մուհամմէտ պին Զաիտ էլ Նահիանի հետ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 19, 2022

Տարիները թաւալգլոր կ՚անցնին ու նահատակ լրագրողի կերպարը տակաւ կը դառնայ առասպել՝ իր թողած աւանդի եւ պատգամի ժամանակներու մէջ բիւրեղացումով:
Հոգելոյս Հրանդ Տինք այսօր համատարած յարգանքով կը վերյիշուի՝ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրատան առջեւ իր դէմ գործուած աններելի ոճրագործութեան 15-րդ տխուր տարելիցին առթիւ:

Չորեքշաբթի, Յունուար 19, 2022

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Տասնհինգ տարի առաջ այսօր Փարիզ էի։ Քատէի կայարանին մօտ բջիջային հեռաձայնիս վրայ յայտնուեցաւ SMS մը։ Կեցութեանս վերջին օրն էր... Հրանդը զոհ գացած էր մահափորձի մը։ Ցնցումը, անշուշտ, մէկ կողմ, առաջին պահուն կարելի չէր պատահածը պատկերացնել լիարժէք, ամբողջ խորքով ու մանաւանդ՝ անյաղթահարելի հետեւանքներով, որոնց ծանրութիւնը հետզհետէ ծանրացաւ ու կը ծանրանայ անվերջ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 19, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Իրադարձութիւններու կեդրոնին ենք հիմա։ Հայ-թրքական թնճուկի ամենածանր մէկ շերտին վրայ ընդգծուած է անունդ, որուն ամբողջ հասակին շուքը կը տարածուի հոս՝ Երեւանի մէջ եւ կը հասնի մինչեւ Պոլսոյ ամենախոր հատուածները։

Էջեր