Արխիւ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան խորհրդարանի ամպիոնէն ելոյթ մը ունենալով վերահաստատեց երկրի դիրքորոշումը՝ Շուշիի հռչակագրին առընչութեամբ, որ անցեալ տարի ստորագրուած էր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան յայտնեց, որ այս կապակցութեամբ որեւէ փոփոխութեան չէ ենթարկուած հայկական կողմի դիրքորոշումը, որ արտայայտուած է տակաւին անցեալ տարի։
ՆԱԹՕ-ի Պաղ պատերազմի ժամանակներէն ի վեր ամենանուրբ հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Պրիւքսելի մէջ:
Նախագահ Էրտողան դաշնակիցներուն հետ մէկտեղուելէ առաջ գլխաւորեց Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստը:
Երէկ, Մեծ պահոց շրջանի Միջինքն էր արդէն։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան առաւօտուն Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Արեւագալի արարողութեան, որու ընթացքին խօսեցաւ քարոզ մը։ Յետմիջօրէին ալ Մեծ պահքի Միջինքին առթիւ խաղաղական ժամերգութիւն տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ՝ նոյնպէս Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Կեդրոնական վարժարանի վոլէյպոլի խումբը բացառիկ յաջողութիւն մը արձանագրած է Պէյօղլուի Կրթական տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած մարզական փառատօնի մը շրջանակէն ներս։ Այսպէս, սոյն մեծ մրցաշարքին ներգրաւուած են Պէյօղլուի գաւառակի բոլոր միջնակարգերն ու լիսէները։
Պէյրութի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ նշանակալի իրադարձութիւն մը, որ լիբանանահայութեան տեսակէտէ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր՝ առկայ բարդ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման ժամանակաշրջանին։
Էրտողան Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մասին. «Միակ ելքի ճանապարհը դիւանագիտութիւնն է»:
Թէ՛ Մոսկուա եւ թէ Քիեւ չեն յաջողիր հասնիլ իրենց նպատակներուն: Փութին եւ Մաքրոն դարձեալ զրուցեցին հեռաձայնի վրայ: Պայտըն ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին առթիւ Եւրոպայի մէջ, ուր կը հրապարակէ նոր պատժամիջոցներ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անցնող շաբթուան ընթացքին ներկայ գտնուեցայ Էջմիածնի Երուանդ Օտեանի անուան թիւ 7-րդ դպրոցին մէջ տեղի ունեցած դասախօսութեան մը, ուր խօսուեցաւ ընդհանուր Հայաստանի Խորհրդային Միութենէն դուրս գալուն եւ կամաց կամաց կազմակերպուելուն մասին:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Քառասնորդաց պահքին ծովը ահաւասիկ ընդմիջեցինք, ուր թեթեւ նաւով մտանք ծով: Պահքի այս ծովը կրնայ ցամքեցնել մեղքերուն ծովը: Ծով, որ առանց արբեցութեան հիւթի կայացաւ, արդարութեան տունկ բազմաթիւ ոստերով, որ զանազան պտուղներ կը բխէ՝ կերակրուողներուն անմահ կեանք պարգեւելով:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Իմ մանկութիւնը անցած է կենդանիներու շրջապատին մէջ: Մեր տունի մէջ միշտ շատ կենդանիներ կային: Շուն ու կատուներէ զատ, իմ վաղ մանկութեան տարիներուն մեծ հայրս կը պահէր կով:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն տքթ. Երուանդ Զօրեանը, որ Հայկական համացանցային համալսարանի եւ «Synopsis Armenia» ընկերութեան հիմնադիրն է։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի 24-րդ օրն է: Ժողովրդային անուանումով՝ Միջինք:
Շատեր, Միջինքը որպէս հանգստութեան եւ ուրախութեան առիթ կ՚ընկալեն, ոմանք նոյնիսկ իրենց պահեցողութիւնը կը խախտեն՝ մտածելով, թէ այդ օրը հանգիստի օր է, այն ինչ, այս օրը յատկապէս, վերաքննութեան, ինքնագնահատումի ամենէն կարեւոր օրն ու առիթն է, հասկնալու համար, թէ մինչեւ այսօր մեր ճանապարհորդութիւնը ինչպէ՞ս անցաւ, ո՞ւր հասած ենք, ի՞նչ վիճակի մէջ են, եւ այս ինքնաքննութիւնը, գնահատումն ու արժեւորումը կատարելէ ետք վերազինուինք, թարմանանք, նոր եռանդով ու ոգիով շարունակենք մեր ճանապարհորդութիւնը, ա՛լ աւելի ինքնապաշտպանուած հոգեւոր զէնքերով ու առաքինութիւններով:
Արցախի նախկին արտաքին գործոց նախարարներէն Արման Մելիքեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան պիտի փորձէ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմէն իրեն համար առաւելագոյն օգուտները ապահովել Արցախի կտրուածքով։ Արման Մելիքեան, որ ներկայիս Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի կոչումը ունի, հարցազրոյց մը տուաւ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթին։
Նորոգ վախճանեալ ազգային բարերար Գառնիկ Եագուպեանի մահը համատարած ցաւ յառաջացուցած է հայ իրականութենէն ներս։ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) բազմամեայ կարկառուն վարիչներէն մին եղած էր Գառնիկ Եագուպեան, որու մահուան տխուր փուլին կը վերարժեւորուին մատուցած նուիրեալ ծառայութիւնները։
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Պերլինի շփումներու ծիրէն ներս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական նախարար Թոպիաս Լինտների հետ։
«Ուքրայնայի պատերազմը կրնայ շրջադարձային ըլլալ, կտրուկ փոփոխութիւնները չեն բացառուիր»:
Շահան Գանտահարեան. «Թուրքիա ներկայիս կը կարեւորէ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններու սկիզբը»:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) շնորհաւորական մը հրապարակեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի պաշտօնի կոչուելուն կապակցութեամբ։ Այս առթիւ մատնանշուեցաւ, որ Վահագն Խաչատուրեանի պաշտօնավարութիւնը կը սկսի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ հայ ազգը կանգնած է բազմաթիւ տարածաշրջանային ու համաշխարհային բարդ մարտահրաւէրներու առջեւ։
Սիպիլի ելոյթը խոր տպաւորութիւն գործած է լիբանանահայ համայնքի երաժշտասէրներուն վրայ:
Յայտնի մեներգչուհիի մասնակցած բացառիկ ձեռնարկին մասին արձագանգները կը շարունակուին՝ դրուատալի տողերով:
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Պերլինի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի Անվտանգութեան ու արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդական Եէնս Փլէօթների հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան Հայաստան-Գերմանիա եւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու օրակարգային հարցեր։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան յղուած «խաղաղութեան 5 առաջարկներու» թղթածրարի կէտերը հետեւեալներն են.
•Ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, պետական սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ միմեանց քաղաքական անկախութեան փոխադարձ ճանաչում:
Հայաստանի պետական լրատուական գործակալութեան՝ «Արմէնփրէս»ի տնօրէն նշանակուեցաւ Նարինէ Նազարեան։ Հարկ է նշել, որ գործակալութիւնը ունի փակ բաժնետիրական ընկերութեան կարգավիճակ։ Տնօրէնի թափուր պաշտօնին համար կատարուած է մրցոյթ, որ տեղի ունեցած է 15 մարտին։