Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020

Աթենա Մանուկեան ներկայացուցած է իր նոր երգի տեսահոլովակը։ Այսպէս, յայտնի յունահայ երգչուհի, երգահան Աթենա Մանուկեան ներկայացուցած է իր նոր «Dolla» երգի տեսահոլովակը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին Պէյրութ այցելութիւնը կրնար ուղենշային իմաստ ստանալ այն առումով, որ գործող կառավարութեան օրով առաջին անգամն է, որ գերտէրութեան մը բարձրաստիճան պաշտօնատարը կը ժամանէ Լիբանան՝ ճգնաժամային պայմաններու մէջ բանակցութիւններ վարելու համար:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, երեսուն օր վերջ առաջին անգամ, երէկ, Թուրքիոյ տարածքին համաճարակի զոհերու թիւը եղաւ 15։ Երկար ժամանակէ ի վեր երկրէն ներս իւրաքանչիւր օրուայ զոհերու թիւը այդ շեմէն աւելի բարձր էր։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020

ԵՐԱՄ

Նորան հասեր էր զառիվարի աւարտին։
Դարձաւ աջ, ու հեռուն, մայթի միւս ծայրին, տեսաւ Անին, որ կու գար։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Յունաց Պատրիարքը նախագահ Էրտողանին հեռաձայնելով շնորհակալութիւն յայտնած է՝ Սիւմելայի պատմական վանքի, Թրապզոն, յետվերանորոգութեան այցելութեան վերաբացման բերումով։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

-Յակոբիկ, երբ մեծնաս ի՞նչ պիտի դառնաս:
-Զոհուած ազատամարտիկ,- հպարտութեամբ ու զիլ ձայնով մը պատասխանեց փոքրիկ Յակոբիկ, առանց հասկնալու իր խօսքերուն իմաստը:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020

«Արեւմտահայերէնի կենսունակացման աշխատանքը կրնայ համակերպիլ սփիւռքեան այլազանութեան հետ»:
Անահիտ Տօնապետեան մատնանշեց հայկական վարժարաններու աշակերտութեան թիւի նուազման ընդհանուր միտումը:

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2020

Հնդկաստանի արեւելքին աւելի քան 100 մարդ զոհուած է հեղեղներու հետեւանքով։ Այսպէս, Հնդկաստանի արեւեքին եւ հիւսիս-արեւելքին հեղեղներու պատճառով զոհուածներու թիւը աւելցած է տասնով ու հասած՝ 110-ի։

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2020

«Հաննա» փոթորիկը կործանած է Թրամփի պատի մէկ հատուածը Միացեալ Նահանգներու եւ Մեքսիկայի սահմանին վրայ։
Այսպէս, «Հաննա» փոթորկի հարուածը քանդած է այն պատի մէկ հատուածը, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Մեքսիկայի սահմանին վրայ կառուցուած էր անօրինական գաղթականները զսպելու համար:

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2020

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժինը հրապարակեց «Խօսք առ» մրցանակին արդիւնքները։ Անցեալ ապրիլին այս մրցոյթը կազմակերպուած էր քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2020

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ վերջին երեք օրերու ընթացքին Թուրքիոյ 21 քաղաքներու մէջ խտացեալ խնամքի տակ առնուած հիւանդ չէ եղած քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ։ Երէկ երեկոյեան Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին տուեալները։

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2020

ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնը ներկայ ամրան շրջանին Հայաստանի սահմանամերձ համայնքներու բնակիչ պատանիներու համար կազմակերպած է մասնաւոր ճամբար մը, որուն շուրջ 90 հոգի մասնակցութիւն բերած է։  2020-ի ճամբարը սկսած է նոր ձեւաչափով մը՝ Տաւուշի, Լոռիի, Շիրակի եւ Սիւնիքի սահմանամերձ համայնքներու շուրջ 90 պատանիներ միացած են ծրագրին՝ հեռավար դրութեամբ:

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2020

Երէկ կէս գիշերուան դրութեամբ Ուքրայնոյ արեւելքին սկսաւ լիակատար հրադադարի գործադրութիւնը։ Այսպէս, հերթական անգամ կը փորձուի հրադադար հաստատել այս լարուած տարածքաշրջանէն ներս, ուր բախումները չեն դադրիր։

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2020

Ընկերային ցանցերու վրայ լայն արձագանգ գտած է ամուսնութեան լուր մը։ Այսպէս, մեր համայնքէն գործարար Արման Պըչաքճը ամուսնացած է դերասանուհի Սոնկիւլ Էօտէնի հետ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2020

Էրտողան եւ Փութին երէկուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձան Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած լարուածութեան:
Անգարա եւ Պաքու որոշած են օգոստոսի սկիզբին լայնածաւալ ռազմափորձեր իրականացնել Նախիջեւանի մէջ՝ զանազան զօրքերու ստորաբաժանումներու մասնակցութեամբ:

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2020

«YouTube»ի վրայ «Keyif Köşesi» ծրագրի ընթացքին հաղորդավար Շեպնէմ Ուզունարսլանի հարցազրոյցը:
Արման Սուճիեան մանրամասնօրէն բացատրեց իր ասպարէզի եզակի ոդիսականը՝ որպէս գոհարեղէններու ծրագրաւորող:

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայկական ծագումով պետական եւ ռազմական գործիչ Փոլ Իկնէյշըս այս տարի կը դառնայ 100 տարեկան: Ան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ամենաբարձր պետական պաշտօնը երբեւէ զբաղեցուցած հայն է:

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2020

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

Ամէն վիճակ իրեն յատուկ լուծումը կամ լուծումները ունի, ինչպէս ամէն վիճակ արդիւնք է նախավիճակի մը, որմէ ունինք այն ինչ ունինք: «Գանք մեր գառնուկին», պիտի ըսէր իմ երկրաչափներէս մին։

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2020

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Հացը, որ Ես պիտի տամ՝ Իմ մարմինս է, որպէսզի աշխարհը կեանք ունենայ» (Յհ 6.52):
Մեկնութիւն.
Աւետարանիչը երբ Քրիստոսի խօսքին մասին ճառեց՝ հոգեւոր հացի մասին, որ է Աստուծոյ Բանը, այժմ կը ճառէ հոգեւոր հացին մասին, որ է Պատարագին խորհուրդը:

 

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ճշմարտութեան հաղորդակցելու իրաւունքը անպայմանաւոր չէ։ Ամէն մարդ պարտի իր կեանքը համակերպել եղբայրական սիրոյն, համայն մարդկութեան սիրոյն աւետարանական պատուէրին հետ։

Էջեր