Արխիւ
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Պատկերին մէջ ի՞նչ կը տեսնէք, ի՞նչ կ՚երեւակայէք: Կ՚ուզեմ, որ գրէք թուղթի մը վրայ:
Կը թելադրէ ուսուցիչը մեծ պատկեր մը տեղաւորելով գրատախտակին վրայ:
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի 2018-2019 կրթական շրջանի ընթացաւարտներուն համար ներկայ շաբթուան սկիզբին տեղի ունեցաւ հրաժեշտի երեկոյթ մը, դպրոցի պարտէզին մէջ։ Ներկայ էին ատենապետ Թորոս Ալճանի կողմէ գլխաւորուած խնամակալութեան անդամները, սանուց միութեան ներկայացուցիչները, ուսուցչական կազմը, Դպրեվանքի ընտանիքէն պատասխանատուներ, շրջանաւարտներու ծնողներ եւ հիւրեր։
Միջմիութենական պասքեթպոլի աւանդական մրցաշարքը, որ տարիներէ ի վեր կը կազմակերպուի ի յիշատակ Ռուբէն Սէմէրճեանի, այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ մեր մարզասէր շրջանակներէն ներս։ Մրցաշարքի ախոյեանը հանդիսացաւ Պէզճեան սանուց միութիւնը, որ աւարտական խաղին առաւելութեան հասաւ Լեւոն-Վարդուհեան սանուց միութեան խումբին առջեւ։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու խորագիրն է՝ Değabah Seçim Tarihi Üzerine Bir Açıklama։ Ստորեւ կը ներկայացնենք նորին սրբազնութեան յայտարարութեան թրքերէն բնագիրը
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, երէկ, Հայաստանի կառավարութենէն ներս տեղի ունեցաւ յատուկ օրակարգով խորհրդակցութիւն մը։ Այս առթիւ քըն-նարկուեցաւ «Կովկասեան ելեկտրահաղորդման ցանց» ծրագրի իրականացման ընթացքը։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու խորագիրն է՝ Episkopos Sahak Maşalyan’ın Talihsiz Açıklaması Ve Tenezzül Eşiği։ Ստորեւ կը ներկայացնենք նորին սրբազնութեան յայտարարութեան թրքերէն բնագիրը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքական տեղապահի ընտրութիւնը թէեւ միայն մէկ շաբաթով յետաձգուած է, սակայն այդ պատճառով այնպիսի ահաւոր կացութիւն մը ծագած է, որ հետեւանքներու յաղթահարման համար ամիսներն ալ կրնան բաւարար չըլլալ։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի միջեւ ծագած վէճը իսկապէս աներեւակայելի համեմատութիւններու հասած է։
Մալթայի Արտաքին գործոց եւ առեւտուրի խթանման նախարար Քարմելօ Ապելա այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։
Վրաստանի փոխ-վարչապետ Մայա Ցքիթիշվիլի այսօր երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Հայաստան-Վրաստան առեւտրատնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի 10-րդ նիստին առթիւ կը կայանայ այս երկօրեայ այցելութիւնը։
Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ առկայ տագնապալի վիճակին մէջ չեն շեղիր իրենց դիրքորոշումներէն:
Հուլուսի Աքարի եւ Մարք Էսփըրի Պրիւքսելի երէկուան տեսակցութենէն վերջ կը սպասուի նախագահներու հանդիպման:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի այցելել Հեռաւոր Արեւելք։ Այսպէս, իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը յառաջիկայ շրջանին ուղեւորութիւն մը պիտի իրականացնէ դէպի Վիեթնամ եւ Սինկափուր։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկուան անակնկալ իրադարձութիւններէն վերջ ընկերային ցանցերու վրայ հակիրճ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ տեղապահի ընտրութեան յետաձգման կապակցութեամբ։ Ըստ երեւոյթին, նորին սրբազնութեան այս յայտարարութեան պատճառ դարձած են Իսթանպուլի կուսակալութեան կողմէ Պատրիարքարան հասած պաշտօնագրին զուգահեռ՝ կարգ մը շրջանակներու կողմէ համայնքէն ներս տարածուած շշուկները, ըստ որոնց պետութիւնը տեղապահի ընտրութեան թուականի փոփոխութիւն պահանջած է անոր փափաքով։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայութիւնը վայրկեան մը իսկ կորսնցնելու ճոխութիւնը, նաեւ համբերութիւնը չունի պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ։ Ուստի, տեղապահի ընտրութեան վերջին պահուն անակնկալօրէն յետաձգումը համայնքէն ներս տեղի տուած է որոշ անհանգստութեան։
Մետասաներորդ պահ. Իսթանպուլի կուսակալութեան կողմէ երէկ յետմիջօրէին Գումգաբու հասաւ պաշտօնական գրութիւն մը, որով կատարուեցաւ թուականի փոփոխութիւն:
Այսօրուան Եկեղեցականաց համագումարը, որով պիտի ընտրուէր պատրիարքական տեղապահը, յետաձգուեցաւ շաբաթ մը՝ 4 յուլիս 2019-ին, ինչ որ շատ լայն արձագանգ ստեղծեց հայաշխարհէ ներս:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Եթէ կ՚ուզէք Աստուծոյ գեղեցկութիւնը տեսնել՝ լուսնին նայեցէք, եւ եթէ կ՚ուզէք Աստուծոյ զօրութիւնը, կարողութիւնը եւ փառքը տեսնել՝ արեւին նայեցէք»։ Այսպէս կ՚ըսեն Եբրայեցիներ աստուածային գեղեցկութիւնը եւ փառքը բացատրելու համար։
Եշիլգիւղի վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն համար անցեալ շաբթուան մէջ կազմակերպուեցաւ հրաժեշտի հանդիպում մը։ Դպրոցի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէսը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։
Էսաեան վարժարանի 2018-2019 կրթական շրջանի հունձքին համար երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հրաժեշտի փայլուն արարողութիւն մը։ Դպրոցի պարտէզին մէջ կազմակերպուած հրաժեշտի հանդիսութիւնը անցաւ տօնական մթնոլորտի մը մէջ։
Պատրիարքական տեղապահի ընտրութեան երէկ անակնկալօրէն յետաձգման կապակցութեամբ շօշափեցինք Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կարծիքը։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին ան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին յայտարարեց, որ տեղապահի ընտրութեան յետաձգումը թէեւ անակնկալ մըն է, սակայն սա ընդհանուր առմամբ չի նշանակեր, որ տագնապ մը ծագած է պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ։ Ատենապետ Շիրինօղլու ըսաւ.
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ է մեղքը։
Պատասխան. Մեղք բառը՝ յանցանք, անհնազանդութիւն եւ վնաս կը նշանակէ. աւելի՛ն, մեղքը՝ ճշմարտութեան դէմ, սահմանուած օրէնքներու դէմ, որոշ թելադրութիւններու եւ պատուիրաններու նկատմամբ ցուցաբերուած անհնազանդութիւն եւ անտարբերութիւն է։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Կոմիտասի 150-ամեակը առիթ է հայեացք մը եւս նետելու անցեալին եւ տեսնելու, թէ անոր նախորդ յոբելեանները, մա՛նաւանդ Հայաստանի մէջ, ինչ ձեւով նշուած են: Անշուշտ, Կոմիտասի գործունէութեան գնահատման կարեւոր հանգրուան մը եղած է անոր 100-ամեակը, որ մեծ շուքով նշուած է Հայաստանի մէջ՝ 1969 թուականին: