Արխիւ
ՀԱՊԿ-ի երկօրեայ գագաթաժողովի ընթացքին կը ճշդուի նաեւ նոր ընդհանուր քարտուղարին անուն: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քննարկումներ կը ծաւալէ դաշնակից երկիրներու ղեկավարներուն հետ:
«Փարոս» ամսագրի հիմնադրութեան ութերորդ տարեդարձը երէկ նշուեցաւ Պէյօղլուի մէջ կազմակերպուած նկարչական ցուցահանդէսով մը։ Յունաստանի հիւպատոսարանի առընթեր «Շիշմանօղլու» ապարանքի երդիքին տակ կազմակերպուած էր այս ցուցահանդէսը։
Երեւանի Պետական համալսարանի Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէի տեսուչին այցը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին: Փրոֆ. Ռուբէն Մելքոնեան երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ սերտ համագործակցութեան համար:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարի խորհրդական Գէորգ Պետրոսեան, որ այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս, երէկ հիւրընկալուեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Իրեն ընկերացաւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ուրուկուայէն մեկնած խումբ մը ուխտաւորներ։ Հանդիպման սկիզբին, յանուն ուխտաւորներուն շնորհակալութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ «Արաքս» ռատիօկայանի տնօրէն Տիէկօ Գարամանուկեան։ Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր օրհնութիւնը ուխտաւորներուն։
Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ երէկ տեղի ունեցաւ համասեռականութեան դէմ ցոյց մը։ Այս ցոյցը կազմակերպուած էր բողոքելու համար համասեռամոլներու այն ֆորումին դէմ, որու կազմակերպումը յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած է Հայաստանի մէջ։
Արտերկրի ամերիկեան վարժարաններու եւ հիւանդանոցներու վարչութեան կողմէ կարեւոր օժանդակութիւն:
Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի «Նաճարեան» կեդրոնի կատարելագործման համար 900 հազար տոլար:
Հանրապետութեան նախագահը քննադատեց ԱՄՆ-ի կողմէ Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները:
Էրտողան. «Մեր համոզմամբ՝ այս բոլորը աշխարհի հաւասարակշռութիւնը խանգարելու ուղղեալ քայլեր են»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ մարդոց միջեւ որքան հաւասարութիւն, նոյնքան եւ աւելի, տարբերութիւններ կը գտնուին։ Իսկութեան մէջ հաւասարութեան կարեւորութիւնը եւ արժէքը կը յայտնուի այդ տարբերութիւններու շնորհիւ։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ողջոյն իմ հին օրերու ոչ անկեղծ, սակայն շատ սիրելի նախկին ընկեր-բարեկամ։ Սա պահուն մեծ ուրախութեամբ, հիասթափութեամբ, ինչո՞ւ չէ նաեւ քիչ մըն ալ ափսոսանքով կը յիշեմ մեր անցած-գացած լաւ ու բարի օրերը։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Հրապարակի վրայ բաւականաչափ աճ սկսած է արձանագրել ճարտասան ու «փիլիսոփայ» մարդոց թիւը։ Հազիւ երեւոյթ մը կամ միջադէպ մը պատահած, ընդհուպ պատրաստաբաններ ու կոկոզաբաններ կը սկսին զանազան «մեկնաբանութիւն»ներ կատարել իրենց իսկ չհասկցած նիւթին կամ խընդ-րոյ առարկայ անձին շուրջ՝ իրենց այրած սիրտը մխիթարելու եւ հանգստացնելու համար։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, երէկ, քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի առաջնորդութեամբ՝ տեղի ունեցաւ ճաշու ժամերգութիւն եւ քարոզխօսութիւն։ Օրուայ պատուոյ հիւրն էր թաղեցի բարձր ճարտարապետ Նշան Եաղուպեան։ Ներկաներու շարքին էին եկեղեցւոյ երէց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ մեծարեալի անմիջական բարեկամներէն Տքթ. Ժիրայր Ճամկէօզեան։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան վերջերս ընդունեց ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի Երեւանի գրասենեակի նորանշանակ ներկայացուցիչ Աննա-Գարին Օստը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան հաստատուած սուրիահայոց դիմագրաւած հիմնախնդիրները։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը օտարերկրեայ գործընկերներու հետ համաձայնութիւն կը հաստատէ՝ երկրի պատմամշակութային յուշարձաններու վերականգնման նպատակով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունց վերջերս բացատրութիւններ տուաւ այս նիւթին շուրջ։
Աէլիտա Տոլուխանեանի կողմէ հեղինակուած գիրքին համար շնորհանդէս մը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Յայտնի գիտնականներ գինեձօնի ժամանակ գնահատանքով արտայայտուեցան բազմակողմանի այս ուսումնասիրութեան մասին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով ականատես եղանք մարդկային տխուր պատմութիւններու: Հակամարտութեան հետեւանքով ցիրուցան եղան հազարաւոր ընտանիքներ, բնականաբար, այդ ճակատագրէն անմասն չմնացին Սուրիոյ զանազան շրջաններուն մէջ ապրած եւ կեանք կերտած մեր հայ հայրենակիցները:
Միացեալ Նահանգներ երէկուան դրութեամբ խստացուց Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները:
Թուրքիա բացառութիւններու շարքին - Հայաստանի ղեկավարութիւնը կ՚ակնկալէ առկայ տագնապի շուտափոյթ յաղթահարումը:
ՀԲԸՄ-ի նախագահը երէկ ընդունուեցաւ Կիլիկեան աթոռի գահակալին կողմէ:
Արամ Ա. եւ Պերճ Սեդրակեան անդրադարձան եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջերս Համացանցի էջերուն վրայ կը շրջի ծանր տպաւորութիւն ձգող երկու լուսանկար: Մէկը՝ Հայաստանի համայնքային գրադարանի մը լուսանկարն է, ուր կ՚երեւին այրած գիրքերու կոյտեր:
Աշխատասիրեց՝ ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այս պատուիրանով Աստուած կ՚արգիլէ շնութիւն ընելը, որ կորսնցնել է այն հաւատարմութիւնը, որ այր ու կին խոստացած էին սուրբ եւ անխախտ պահել՝ ուխտելով ամուսնութեան սուրբ կապով: