Արխիւ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Իրարու հարց կու տան սուրիահայ կիները Երեւանի ՀԲԸՄ-ի, Վահէ Կարապետեան շէնքի, Քլոտիա Նազարեան բժշկական կեդրոնէն ներս, երբ ցուցատախտակին վրայ կը տեսնեն Տոքթոր Մերուժին անունը կինեքոլոք մասնագէտի ցանկին մէջ:
Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամները գումարեցին ընդհանուր ժողով:
Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի նախագահութեամբ աշխատանք:
Մխիթարեան վարժարանի աւարտական դասարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Վիեննա։ Լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեանի գլխաւորութեամբ կազմակերպուեցաւ այս պտոյտը, որմէ խորապէս տպաւորուեցան աշակերտները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հաստատ գիտցէք, թէ ե՛ս եմ ոչխարներուն դուռը։ Բոլոր անոնք որոնք ինձմէ առաջ եկան, գող էին եւ աւազակ, բայց ոչխարները անոնց չհետեւեցան։ Ե՛ս եմ դուռը։ Ով որ ինձմէ անցնելով ներս մտնէ՝ պիտի փրկուի. պիտի մտնէ եւ ելլէ եւ ճարակ գտնէ», (ՅՈՎՀ. Ժ 7-9)։
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աննպատակ կեանքը ամբողջական կորուստ է։ Բոլոր մարդիկ համաձայն են այս իրականութեան։ Անցեալին, երբ հաճոյասէրները ըսին՝ «ուտենք, խմենք. քանի վաղը պիտի մեռնինք» (Ա.Կր 15.32), բոլոր սերունդները ընդդիմացան անոնց. որովհետեւ, մարդ արարածը միայն մարմին ու զգացում չէ, այլ նաեւ աղօթող հոգի մըն է, մտածող միտք մը, ընկերային յարբերութիւններ մշակող անձ մը, որ իր մէջ ունի սիրելու, տալու եւ պատասխանատուութեան ուրախութիւնը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի համար շատ կարեւոր այս օրերուն ստեղծուեցան խորհրդանիշներ, որոնք յեղափոխութեան անբաժանելի մասը դարձան: Բազում խորհրդանիշներու կարգին ինքնատիպ պաստառներ գրուեցան եւ հրապարակ հանուեցան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը, որ կ՚ապրինք, երեք ժամանակներ ունի. անցեալը, ներկան եւ ապագան։ Արդարեւ, մարդ միշտ կ՚ապրի ներկայ ժամանակին մէջ, քանի որ անցեալը այլեւս դրական կերպով գոյութիւն չունի, իսկ ապագան կայ միայն երեւակայութեան մէջ, ան ալ դրականօրէն գոյութիւն չունի։
Հայաստանի սիմֆոնիք նուագախումբը փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրեց օտար ունկնդիրներու առջեւ:
Մալթայի երաժշտական միջազգային փառատօնի ծիրէն ներս ապահովուած ձեռքբերումները համագործակցութեան նոր հեռանկարներ կ՚ուրուագծեն մաէսթրօ Սերկէյ Սմբատեանի եւ աշխարհահռչակ ջութակահար Մաքսիմ Վենկերովի միջեւ:
Ռուսաստանի Քասփիյսք քաղաքին մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Եւրոպայի ըմբշամարտի առաջնութիւնը։ Երէկ, այս մրցաշարքի ծիրէն ներս, Հայաստանի հաւաքականէն Արթուր Ալեքսանեան չորրորդ անգամ դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան երէկ տեղեկացուց, որ հրաժարած է իր պաշտօնէն։ Կառավարական փոփոխութեան ներկայ գործընթացներու պայմաններուն ներքեւ ան վերջին շրջանին կը պաշտօնավարէր պաշտօնակատարի կարգավիճակով։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Սէուլ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հարաւային Քորէայի նախագահ Մուն Ճայի կողմէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Եթէ անկիւնադարձային ու «չհաշուառուած» իրադարձութիւններ չպատահին, ապա յառաջիկայ 8 Մայիսին Նիկոլ Փաշինեան պիտի ընտրուի Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ:
Ներքին քաղաքական տագնապի յաղթահարման համար կը ստեղծուին նախադրեալներ: Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութիւնը որոշեց 8 Մայիսի քուէարկութեան սատարել Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետի թեկնածութեան: Երկրէն ներս կանգ կ՚առնեն քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումները:
Յեղափոխութեան առաջնորդը հարցազրոյց մը տուաւ ռուսական «Քոմերսանթ» թերթին. «Ամէն պարագայի մէջ մենք պիտի յաղթենք։ Հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն գծով կան կենսական հարցեր, որոնց շուրջ պէտք է խօսիլ ու լուծում գտնել»:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլիի եւ Եւրոմիութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայաստանեան աղբիւրները երէկ հաղորդեցին զանազան լուրեր, որոնք յոյս կը ներշնչեն երկրէն ներս ստեղծուած մռայլ պատկերի յաղթահարման առումով։ Ներքին քաղաքական տագնապի յաղթահարման համար երկրէն ներս տեղի կ՚ունենան կարգ մը խմորումներ, որոնք կարեւորութիւն կը ներկայացնեն՝ Հայաստանը ցնցումներէ զերծ պահելու տեսանկիւնէն։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Գողութիւնը դժբախտաբար կեանքի մէկ մասնիկը դարձած է հոս, Ամերիկայի մէջ։ Մանր-մունր գողութիւններէն զատ, ինքնաշարժի գողութիւնն է, որ ընդհանրացած է եւ դարձած աղէտալի։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց մեր համայնքէն մարզիկներ։ Հիւրերու միջոցաւ նորին սրբազնութիւնը տեղեակ դարձաւ մեր համայնքի երիտասարդներուն կողմէ մարմնամարզի բնագաւառէն ներս վերջերս արձանագրուած յաջողութիւններուն։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ անմահ յօրինող Արամ Խաչատուրեանի ձօնուած փառատօն մը։ Երաժշտական այս ձեռնարկը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց դպրոցէն ներս։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն Հալլէ-Վիթենպերկի «Մարթէն Լութէր» համալսարանի վերատեսուչ Փրոֆ. Ուտօ Շթրաթէրի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Երեւանի Պետական լեզուաբանական համալսարանի Հեռանկարային ուսումնասիրութիւններու եւ նախաձեռնութիւններու կեդրոնի գիտական ղեկավար Տիգրան Թորոսեան։
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Խորհրդային Միութեան երկրորդ տասնամեակին, Երեւանի եկեղեցիներու բռնագրաւումէն եւ անոնցմէ երկուքին, Ս. Պօղոս Պետրոս եւ Ս. Կաթողիկէ եկեղեցիներու, քանդումէն անմիջապէս ետք զոհ գացին նաեւ Հայաստանի բազմաթիւ միջնադարեան վանքերը, որոնք եւս գրաւուեցան, փակուեցան եւ ծառայեցին պետական աշխարհիկ նպատակներու։ 1929 Սեպտեմբեր 20-ին Վաղարշապատի հնադարեան Գայիանէի վանքը թիրախ դարձաւ համայնավար պետութեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Բաւականին ծանր օր մը կը սպասէ Հայաստանին: Արդարեւ, երէկ տեղի ունեցած եւ բոլորին կողմէ «սպասուած» նոր վարչապետի ընտրութեան նիստին տապալումէն ետք, ընդդիմադիր առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան իր համակիրներուն կոչ ուղղեց դարձեալ «ողողել» Երեւանի փողոցները, նաեւ փակել մայրաքաղաքի բոլոր բանուկ կէտերը: