Արխիւ
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը երէկ յատուկ նիստ մը գումարելով ընտրեց վարչապետը:
Երկրի կառավարութիւնը կը գլխաւորէ Սերժ Սարգսեան, որ առաջին քայլափոխին խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման հարցին մէջ աշխարհաքաղաքական զարգացումներու վտանգներու մասին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան բաժնի ղեկավար, թրքագէտ Փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան կը պատասխանէ մեր հարցումներուն:
Գարնանամուտի ներկայ շրջանին Էսաեան վարժարանի ի նպաստ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Վարժարանի ծնողաց միութեան եւ քէրմէսի յանձնախումբի համատեղ ջանքերով կազմակերպուեցաւ այս ձեռնարկը։
Ուսումնասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Տիեզերական ժողով կը կոչուին քրիստոնէական Եկեղեցիներու բարձրաստիճան հոգեւորականութեան համընդհանուր եկեղեցական ժողովները, որոնց ընդունած որոշումները ողջ Ընդհանրական Եկեղեցին պարտադիր կը համարէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Զատիկէն յետոյ իրերայաջորդ կիրակիներուն՝ ընդհանրապէս կը ներկայացուի գարունը՝ որ վերակենդանութան, նոր կեանքի խորհուրդը կը պարունակէ իր մէջ։
Զոր օրինակ, ինչպէս աւելի առաջ անդրադարձանք, Զատկին յաջորդող երկրորդ Կիրակին՝ որ է Յինանց երրորդ Կիրակին, աշխարհամատրան անունով կը յիշուի։
Եէնս Սթոլթենպերկ յայտնեց, որ Թուրքիա նուրբ դերակատարութիւն մը ունի դաշինքէն ներս:
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարը երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամերիկա հիմնուած FLY բարեսիրական միութեան երիտասարդական մարմնի պատասխանատու Ալինա Սամուէլեան FLY-ի գործունէութեան ծիրէն ներս վերջերս այցելեց Երեւան, ուր պատասխանեց մեր հարցումներուն։
Կը շնորհաւորեմ յարգելի պարոն Արա Գօչունեանը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի 110-ամեակի առիթով, եւ կը մաղթեմ, որ օրաթերթը ունենայ անխափան եւ արգասաւոր ուղի:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի սրտին մէջ, Աբովեան փողոցին վրայ, գործող «Կրանտ հոթել Երեւան» («Երեւան») պանդոկէն ներս բացուած է ինքնատիպ ցուցահանդէս մը, որ նուիրուած է ամերիկահայ աշխարհահռչակ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի ծննդեան 110-ամեակին: Այս ցուցահանդէսով, ըստ էութեան, մեկնարկած է «Երեւան պանդոկի բնակիչները» նախագիծը, որ Երեւանի քանի մը թանգարաններուն եւ «Կրանտ հոթել Երեւան» պանդոկին համատեղ մշակութային ծրագիրն է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ երբ կ՚ապրի ներկայ ժամանակաւոր կեանքը, պէտք է անիկա նպատակ մը ունենայ, պէտք է անցք մը նկատուի ան՝ հասնելու համար կատարեալին՝ անժամանակ կեա՛նքին։ Պահ մը խորհինք, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, եթէ ներկայ կեանքով վերջանար ամէն ինչ, այլապէս իմաստ մը պիտի ունենա՞ր կեանքը։
Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ միջնախակրթարանային մտախաղերուն երկրորդը։ Այս ծրագրին համար հիւրընկալ վարժարանին աջակցեցաւ Թրքական ուղեղի խումբը եւ Մտախաղերու հրատարակչութիւնը։
Հայաստանի Պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը հանդէս կու գայ խստապահանջ ունկնդիրներու առջեւ:
Մալթայի միջազգային երաժշտական փառատօնին կը նշուի նաեւ երգահան Արամ Խաչատուրեանի 115-ամեակը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահը այցելութիւն մը տուաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:
Արմէն Սարգսեան պաշտօն ստանձնած է հաւատ ունենալով ժողովուրդի, հայրենիքի եւ Հայոց Եկեղեցւոյ նկատմամբ:
Թէքէեանը մեր այն մեծերէն է, որ կարելի է անպատրաստից ըսել գնահատական խօսքեր, մարդու մը մասին, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրաբերած է իր ժողովուրդին, հայ գրականութեան, իր կուսակցութեան, մամուլին եւ հայ որբերուն:
Թէքէեանի կեանքը եղած է բազմաբովանդակ, տեղէ-տեղ, երկրէ-երկիր եւ անընդհատ պայքարներու մէջ:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր» (Հռ 5.5)։
Յոյսը մարդուն մէջ ի վերուստ դրուած գործօն մըն է, որուն միջոցաւ մարդ ինքզինք կը վերականգնէ, տեղի չի տար դոյզն դժուարութիւններու դիմաց եւ անկոտրում կամքով կը պայքարի՝ իր նպատակին հասնելու համար։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Պարտաւորութիւնն է յաճախ, որ կը մղէ մարդս ասպարէզի մը մէջ աշխատանք մը ծաւալելու: Երբեմն միայն կեանքի պահանջքը: Ապրուստի ու գոյատեւելու դրդումով է, որ կ՚աշխատի մարդ արարածը, ինչպէս օրինակ՝ սովորական բանուոր մը:
Ազգիս Հայրապետի օրհնութեան եւ ողջոյնի խօսքը կը փոխանցենք այս գեղեցիկ, հոգեպարար շնորհանդէսի կազմակերպիչներուն, մանաւանդ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրակազմին, ի դէմս Արա Գօչունեանին: ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը արդէն 110 տարեկան է: Ուրախ ենք նշելու, որ տակաւին 2014 թուականին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տօնուեցաւ 100-ամեակի միջոցառումներու փակման ցերեկոյթը, որու ընթացքին նոյնպէս, ինչպէս այժմ, վերարժեւորուեցաւ, գնահատուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի այն նպաստները, որոնք ան ունեցած է մեր մշակութային, հասարակական, քաղաքական, կրօնական կեանքէն ներս:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ժամանակի թաւալքին հետ միասին բոլորս իբրեւ անցաւոր էակներ կ՚ապրինք, կ՚արարենք, կը ստեղծագործենք, բայց ժամանակ մը ետք մեր աչքերը փակելով՝ կը ննջենք։ Սակայն ժամանակի թաւալքը չի՛ կրնար կասեցնել անմահանուն անուններու անմահ գործերը, որոնք իրենց հետքը ձգած են ժամանակի հոսունութեան մէջ։
Լրագրողներու մօտ ընդունուած է ըսել՝ ժամանակը ցոյց կու տայ: Ես շատ ալ չեմ սիրեր այդ արտայայտութիւնը եւ բոլոր իմ ուսանողներուս կ՚ըսեմ, որ երբեք մի՛ գործածէք այս արտայայտութիւնը յօդուածներ գրելու ժամանակ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հակառակ որ շրջան մը աշխատած եմ նաեւ հեռատեսիլի մէջ, որ կը թուի՝ աւելի գայթակղիչ տեղ մըն է, սակայն տպագիր թերթը լրագրողիս համար եղած է եւ կը մնայ առաջնային, քանի որ մանուկ հասակիս առաջին գրութիւնս տպագիր թերթի մէջ լոյս տեսած է, ինչ որ ճակատագրական եղած է յետագայ լրագրողական աշխատանքի համար՝ ճանապարհ բանալու առումով: