Արխիւ
Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի Էլիզապէթի աշտարակի ժամացոյցը, աշտարակ, որ յայտնի է որպէս Պիկ Պեն, յառաջիկայ չորս տարուան ընթացքին պիտի չղօղանջէ վերականգնողական աշխատանքներու կատարման պատճառով:
Հայաստանի լողի պատանեկան հաւաքականը Օգոստոսի 23-28 թուականներուն միջեւ Միացեալ Նահանգներու Ինտիանափոլիս քաղաքին մէջ պիտի մասնակցի պատանիներու աշխարհի ախոյենութեան։
Երեւանի Կարապի լիճի յարակից տարածքին վրայ այսօր չորրորդ անգամ տեղի կ՚ունենայ արդէն աւանդական դարձած Գարեջուրի փառատօնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Երեւանի գարեջուրի փառատօնը «Երեւանեան ամառ» եռամսեայ միջոցներու ծրագրի երեք այն հիմնական փառատօններէն մին է, որու նպատակն է զարգացնել միջոցառումային զբօսաշրջութիւնը մայարաքաղաքին մէջ, ինչպէս նաեւ հանրութեան ներկայացնել հայկական գարեջուրի լաւագոյն աւանդոյթները, գարեջուրի արտադրութեան շուկայէն ներս եղած նորամուծութիւնները, նոր ապրանքատեսակները։
Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետ Էտ Լի, վերջերս, 2016-2017 կրթական տարեշրջանի «Տարուան ուսուցիչ»ներէն մէկը ընտրեց Պեթի Գրաճեան-Մոմճեանը, որ ուսողութեան ուսուցիչ է Սան Ֆրանսիսքոյի «Ճիաննի» միջնակարգ վարժարանին մէջ:
Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու ընտանեկան միութիւնը կը ծաւալէ նախախնամական բնոյթով գործունէութիւն:
Ճանոյեան. «Գիտենք, որ Հայաստանի ներկայ բարեխնամ կառավարութիւնը միջոցներ կ՚որոնէ՝ ներգաղթը քաջալերելու համար»:
Պարսելոնայի «Քաթալոնիա» հրապարակին վրայ մեծ հանրահաւաք՝ ԻՇԻՊ-ի կատարած յարձակման դէմ:
Սպանիոյ Վարչապետ Մարիանօ Ռախոյ. «Եւրոպայի գլխաւոր խնդիրն է ահաբեկչութեան դէմ պայքարը»:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Երջանկաբեր ու յաջողակ կեանք մը ապրելու բուռն ցանկութիւնը ստէպ մարդուս նպատակակէտը ու թիրախը դարձած է: Չկայ արարած մը, որ չուզէ իր համակ կեանքը երջանիկ ապրիլ, ուրախութեամբ անցընել ամէն մէկ քայլափոխ՝ ինքզինք հեռու պահելով տրտմաթախիծ պատահարներէ ու տխրութիւն պատճառող դէպքերէ: Սա բնական երեւոյթ մըն է:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիական տագնապի զարգացումներուն մօտէն հետեւողներուն համար յստակ ու երեւելի է, որ տակաւին մօտիկ անցեալին պատերազմական թէժ ճակատներ հանդիսացած տասնեակ շրջաններ սկսած են համաձայնութեան թատերաբեմ դառնալ: Երկրին մէջ օր ըստ օրէ ընթլայնող այդ համաձայնութեան կէտերը Սուրիան կը դնեն նոր փուլի մը մէջ:
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի «Թէոս» զբօսարանին մէջ ընթրիք մը սարքուեցաւ Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ։ Շուրջ 200 հոգի մասնակցեցաւ այս ընթրիքին, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ ամէն առիթով կը խօսին «բարի»ին եւ «բարիք»ի մասին։ Բարի ըլլալու, բարիք գործելու հեռանկարը հաստատուած է բոլորին մէջ մանկութեան շրջանէն ի վեր. տունը ծնողքը կը պատուիրէ տղուն՝ բարի՛ ըլլալ, դպրոցը, դաստիարակը եւս կը հրամայէ աշակերտին «բարի» ըլլալ, կեանքի մէջ ալ միշտ կը գնահատուին «բարի» մարդիկ եւ անոնց «բարիք»ները կը խօսուին ամէնուրեք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մարդ միայն հացով չ՚ապրիր, այլ բոլոր այն խօսքերով, որ Աստուած խօսած է» (ՄԱՏԹ. Դ 4)։
Տեսնել մէկը՝ որ անօթի է, անտարբերութեամբ եւ անհոգութեամբ անցնիլ ու երթա՞լ, թէ հոգածութիւն ցոյց տալ, կարելին ընել, մինչեւ իսկ իր ունեցածէն բաժին հանել անոր, որպէսզի անօթի չմնայ ան, գոնէ միջոցի մը համար։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութիւնը յատուկ նշականակութիւն ունեցաւ յատկապէս «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումէն Իրաքի զանազան քաղաքներու մաքրագործումէն ու յատկապէս Մուսուլ քաղաքի ազատագրումէն ետք: Այդ հանգրուանին էր նաեւ, որ շուրջ հարիւր հայ ընտանիքներ գաղթականի կարգավիճակով կը հասնէին Հիւսիսային Իրաքի տարբեր քաղաքները. ինչպէս՝ Էրպիլ, Զախօ, Հաւրեսք եւ Աւզրուք:
Աւստրալիոյ երեք քաղաքներ, Գանատայի երեք քաղաքներ, ինչպէս նաեւ Աւստրիոյ, Նոր Զելանտայի, Ֆինլանտիոյ եւ Գերմանիոյ քաղաքները տեղ գտած են ապրելու համար 2017 թուականի աշխարհի լաւագոյն քաղաքներու տասնամեակին մէջ:
KARYYN բեմական անունով հանդէս եկող երաժիշտ Կարին Թաթոյեանի Moving Masses (Շարժող զանգուածներ) ստեղծագործութիւնը ճանչցուած է ելեկտրոնային ոճի մէջ լաւագոյնըի՝ ամերիկեան երաժշտական հեղինակաւոր «Փիչֆորք» (Pitchfork) առցանց ամսագրին կողմէ: Այս մասին, Asbarez.am-ին կը գրէ Նանէ Աւագեան։
Սուրիոյ հայաշատ Հալէպ քաղաքը աստիճանաբար կը վերականգնուի՝ անցնելով իր երբեմնի բնականոն հունը։
Ռումանիոյ Արճեշ նահանգին մէջ սկսաւ «Կարպատներ» միջազգային ազգագրական 34-րդ փառատօնը, որու բացումը տեղի ունեցած է նահանգի Փիթեշթ կեդրոնին մէջ, ապա շարունակուած՝ նահանգի այլ քաղաքներէն ու բնակավայրերէն ներս:
«Թիւֆէնքեան» հիմնադրամի տնօրէնը շեշտը կը դնէ Արցախի պահպանման հրամայականին վրայ:
Րաֆֆի Տուտագլեան. «Հայկական սփիւռքը արթուն է եւ իր միակ նպատակը պէտք է ըլլայ հզօրացնել Հայաստանը»:
Համայն աշխարհ քարացաւ երէկ Պարսելոնայէն հասած սահմռկեցուցիչ յարձակման լուրերով:
Ահաբեկչական դէպքին հետեւանքով 13 հոգի մահացաւ, նաեւ 100 վիրաւոր: Միջազգային ընտանիքը զօրակից:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան, վերջերս Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց այժմ աւստրալաբնակ նախկին պոլսահայեր՝ Տ. Պարթեւ Քհնյ. Քարաքաշեանը, Վարդան Սրկ. Էլմասեանը եւ տեղւոյն Վարչական խորհուրդի ատենապետ Պետրոս Զօրլուն։
Թուրքիոյ Հայոց 85-րդ Պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմինս թափուր դարձած Աթոռին նոր գահակալի ընտրութեան համար հնաւանդ ընկալեալ կանոններուն զուգահեռ Նախարարաց Խորհուրդի 18.09.961 թուակիր ու 5/1654 համարաւ ընտրական որոշմնագրի ու Ներքին Գործոց Նախարարութեան 1990 ու 1998-ին կատարուած պատրիարքական ընտրութեանց մասին կանոնագրութիւններու լոյսին տակ ձեռնարկած է ընտրութեան բաղկացուցիչ աշխատանքներուն։