Արխիւ

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2017

ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան Պա­քըր­գիւ­ղի մաս­նա­ճիւ­ղը նա­խըն­թաց օր պահ­քի սե­ղան մը սար­քեց փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հա­մար։ Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տու­թեան Ֆլո­րիա­յի ըն­կե­րա­յին հա­ւա­քա­տե­ղիին մէջ սար­քուե­ցաւ ընթ­րի­քը, ո­րու պա­տուոյ հիւրն էր Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Մար­գար Է­սաեան։

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2017

Tanrı’nın izniyle ilk görev olarak, 15 Mart 2017 tarihinde İstanbul’da ya­pılan Değabah seçiminde lehime oy veren ve vermeyen tüm din görevlisi kar­deşlerime şükranlarımı sunmak isterim. Uzun zamandır beklenen Patrik seçiminin ilk adımı olan ve bir hazırlık mahiyetini taşıyan Değabah seçi­min­de onurla ve makamlarına yaraşır bir sorumlulukla davranmışlardır.

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2017

Հա­մաշ­խար­հա­յին թատ­րո­նի օ­րը նա­խըն­թաց օր մաս­նա­ւոր ձեռ­նար­կով մը նշուե­ցաւ Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նին մէջ։ 6-րդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ գոր­ծադ­րուե­ցաւ «Կեան­քի մէ­ջէն դրուագ­ներ» խո­րագ­րեալ ծրա­գիր մը։

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2017

Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նին մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ռա­ջին դա­սա­րան­նե­րու ըն­թերց­ման տօ­նը։ Ձեռ­նար­կը մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծեց դպրո­ցէն ներս։ Ա­շա­կերտ­նե­րը ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու ար­ժա­նա­ցան ի­րենց ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով, պա­րե­րով եւ այլ ե­լոյթ­նե­րով։

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2017

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ծնո­ղաց միու­թե­նէն Ժա­նէթ Ար­ծի­ւեանն (ա­տե­նա­պե­տու­հի) ու Թա­նիա Պալ­ճըն։ Ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան, Ս. Զատ­կի տօ­նին ըն­դա­ռաջ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ի նպաստ նա­խա­տե­սուած է քէր­մէս մը։

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2017

Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ 9-րդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն հրա­ժեշ­տի ցե­րե­կոյ­թը։ Այս տա­րի հրա­ժեշ­տի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը սո­վո­րա­կա­նէն ա­ւե­լի վաղ տե­ղի ու­նե­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ ըն­թա­ցա­ւարտ­նե­րը պի­տի վե­րա­դառ­նան Հա­յաս­տան՝ պատ­րաս­տուե­լու եւ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար ա­ւար­տա­կան քննու­թիւն­նե­րուն։

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2017

Թոմաս Տը Վաալ. «Ապագային չեմ կարծեր, թէ Լեռնային Ղարաբաղ մաս կազմէ Ատրպէյճանին»:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները երէկ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ՝ իրենց այցի լոյսին տակ:

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2017

Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած «Եփրատի վահան» գործողութիւնը հասաւ իր աւարտին:
Թուրքիա այսօր Ռեքս Թիլըրսընը կը հիւրընկալէ՝ տարածքաշրջանային խնդիրներու ծանրաբեռնուած օրակարգով:

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Փետ­րուա­րի վեր­ջին օ­րե­րուն պա­ղես­տի­նեան Կա­զզէ ար­ձա­կուած հրթի­ռը նոր լա­րուա­ծու­թեան դուռ կը բա­նար հա­կա­մար­տող կող­մե­րուն մի­ջեւ: 
Քա­նի մը ա­մի­սէն իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կին եւ Կա­զզէի պա­ղես­տի­նեան ջո­կատ­նե­րուն մի­ջեւ «լայ­նա­ծա­ւա­լ» գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն ան­ցած պի­տի ըլ­լան ե­րեք տա­րի­ներ:

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին զար­գա­ցան ձե­ռա­գոր­ծի տե­սակ­նե­րը, ա­ւան­դա­կան­նե­րուն վրայ ա­ւել­ցան նո­րե­րը, այս խա­նութ­ներն ալ քայլ կը պա­հէին նո­րա­րա­րու­թեան հետ ու կը զար­գաց­նէին ի­րենց ապ­րանք­նե­րու տե­սա­կա­նին՝ հլուն­նե­րու տե­սակ­նե­րով, նո­րո­րակ թե­լե­րով, ա­սեղ­նե­րով, մի­լե­րով, կեր­պաս­նե­րով հարս­տա­ցու­ցած էին խա­նութ­նե­րուն ապ­րան­քա­նին:

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այս օ­րե­րուն ոչ միայն Ե­րե­ւա­նի փո­ղոց­նե­րուն, այ­լեւ Մեղ­րիէն Ե­րե­ւան տա­նող ճա­նա­պարհ­նե­րուն վրայ յայտ­նուած են երկ­լե­զու ցու­ցա­պաս­տառ­ներ, ո­րոնք նախ հա­յե­րէ­նով, ա­պա պարս­կե­րէ­նով կ­­՚ող­ջու­նեն Հա­յաս­տան ժա­մա­նած եւ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն մեր եր­կի­րը գա­լու պատ­րաս­տուող հա­զա­րա­ւոր ի­րան­ցի­նե­րը: Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նը տե­ղադ­րուած պաս­տառ­նե­րէն մին կը շնոր­հա­ւո­րէ Նեւ­րու­զը՝ իս­լա­մա­կան Նոր տա­րուան ու բնու­թեան զար­թօն­քի տօ­նը, որ ի­րան­ցի­նե­րը, քիւր­տե­րը եւ այլ ժո­ղո­վուրդ­ներ մեծ շու­քով կը նշեն, սպա­սե­լով այդ տօ­նին ամ­բողջ տա­րի մը:

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Աս­տուած որ ստեղ­ծեց քեզ ա­ռանց քե­զի, չու­զե՛ց փրկել քեզ ա­ռանց քե­զի», կ՚ը­սէ Սուրբ Օ­գոս­տի­նոս։
Ա­ւե­տա­րա­նը, մե­ղա­ւոր­նե­րուն հան­դէպ Աս­տու­ծոյ ո­ղոր­մու­թեան յայտ­նու­թիւնն է Յի­սուս Քրիս­տո­սի մի­ջո­ցով։

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2017

ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ երէկ սարքուեցաւ պահքի սեղան մը՝ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն համար:
Փոխ-վարչապետ Վէյսի Քայնաք պատուոյ հիւրն էր «Ռետիսըն Պլու» պանդոկին մէջ կազմակերպուած ընթրիքին: Ներկայ էին մեր համայնքէն բազմաթիւ դէմքեր:

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2017

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

Կ՚ա­պա­կա­նենք օ­դը եւ յե­տոյ՝ ա­հա­զան­գը կը սկսի, ո՛չ միայն օ­դը ան­շուշտ: Շար­քը եր­կար է: Բայց յայ­տա­րա­րուած­նե­րը՝ սա­կաւ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ա­մէն տե­սակ պար­գեւ իս­կա­կան ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նեն երբ տե­ւա­կան են, ա­նոնց տպա­ւո­րու­թիւ­նը որ­քան եր­կար տե­ւէ ա՛յն­քան ար­ժէք կը ստա­նան ա­նոնք։ Եւ այս ի­րո­ղու­թիւ­նը ի զօ­րու է բո­լոր պար­գեւ­նե­րու հա­մար՝ աշ­խար­հա­յին-նիւ­թա­կան եւ հո­գե­ւոր պար­գեւ­նե­րու հա­մար՝ ո­րոնք կը տրուին ո­րե­ւէ կեր­պով մար­դուն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2017

«Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մը Կո­մի­տա­սի ու­սում­նա­րան-թան­գա­րա­նին մէջ ի­րա­կա­նա­ցուց Դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան բնա­գա­ւա­ռի «Եր­գե­ցո­ղու­թիւն» եւ «Գոր­ծի­քա­յին կա­տա­րում» ա­նուա­նա­կար­գե­րու մէջ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի 2016 թուա­կա­նի ե­րի­տա­սար­դա­կան մրցա­նակ­նե­րու ընտ­րա­կան եւ եզ­րա­փա­կիչ փու­լե­րու մրցոյթ-հա­մերգ­նե­րը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2017

Անց­նող Յու­նուա­րին «Նոազ Արք» ցու­ցաս­րա­հը ան­գամ մը եւս մաս­նակ­ցե­ցաւ «Արթ սթէյճ Սին­կա­փուր» մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սին, ուր ներ­կա­յա­ցուց հոյլ մը գե­ղան­կա­րիչ­նե­րու (Եու­րո­զի, Վահ­րամ Դաւ­թեա­նի, Ռու­բէն Ա­բո­վեա­նի ու Սու­րէն Ոս­կա­նեա­նի) վաթ­սու­նէ ա­ւե­լի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ինչ­պէս միշտ եւ ա­մէ­նու­րեք ար­ժա­նա­ցան ջերմ ու­շադ­րու­թեան եւ բարձր գնա­հա­տանք­նե­րու:

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2017

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Եւ­րո­պա­յի զօր­քե­րու հրա­մա­նա­տա­րու­թեան կող­մէ պա­տուի­րա­կու­թիւն մը վեր­ջին օ­րե­րուն շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Ա­մե­րի­կեան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը գլխա­ւո­րեց այդ հրա­մա­նա­տա­րու­թեան ծրագ­րա­ւոր­ման եւ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան տնօ­րէ­նու­թեան փոխ-տնօ­րէն զօ­րա­վար Տաուն Տես­քինզ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2017

Մոկերինի. «ԵՄ բազմաթիւ հարցերու մէջ կրնայ զբաղեցնել Ուաշինկթընի դերը»:
Մերքէլ. «Տեսակէտներու միասնականութիւն պէտք է ապահովել արտաքին քաղաքականութեան շուրջ»:

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2017

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը անդրադարձաւ տարածքաշրջանի անվտանգութեան հարցերուն:
Ըստ Սարգսեանի, Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծի միւս կողմէն կը լսուին արաբերէն խօսակցութիւններ:

Էջեր