Արխիւ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նին մէջ Ա­մա­նո­րի ըն­դա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցաւ քէր­մէս մը, ո­րով ստեղ­ծուե­ցաւ խան­դա­վառ մթնո­լորտ։ Վար­ժա­րա­նի նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ այս քէր­մէ­սը, որ կազ­մա­կեր­պուած էր տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բին ջան­քե­րով։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ ար­դէն յար­դա­րուած է ա­ւան­դա­կան տօ­նա­ծա­ռը։ Մինչ Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան ըն­դա­ռաջ տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թիւ­նը աս­տի­ճա­նա­բար կը հա­մա­կէ մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն մթնո­լոր­տը, Պատ­րիար­քա­րա­նի տօ­նա­ծառն ալ զար­դա­րուե­ցաւ տիկ­նանց կազ­մի ան­դա­մու­հի­նե­րուն կող­մէ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Լաւ, յու­սադ­րիչ լու­րեր կան Հա­լէ­պէն: Տա­րի­նե­րէ ի վեր փակ ճամ­բա­նե­րը բա­ցուած ու եր­թե­ւե­կը կա­մայ-ա­կա­մայ վե­րա­կանգ­նած է: Քա­ղա­քի փո­ղոց­նե­րուն վրայ տե­ղա­ւո­րուած հսկայ ժայ­ռե­րը վեր­ցուած են: Ար­գե­լակ­նե­րը նուա­զած են կար­ծես, ինչ­պէս բա­րե­կամ մը ու­րա­խու­թեամբ տե­ղե­կա­ցուց.

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Դեկ­տեմ­բե­րի 10-ին, Սթոք­հոլ­մի մէջ, հան­դի­սա­ւոր կեր­պով տե­ղի ու­նե­ցաւ Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը, ո­րուն ու­ղիղ ե­թե­րով հե­տե­ւե­ցաւ ամ­բողջ աշ­խար­հը: Տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան ու սպա­սուած այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան ըն­թաց­քին շուէ­տա­կան եւ նո­րվե­կա­կան յանձ­նա­խում­բե­րու կող­մէ մրցա­նակ­ներ տրուե­ցան հե­ղի­նա­կա­ւոր գի­տա­կան ձեռք­բե­րում­ներ, մշա­կոյ­թի մէջ կա­տա­րուած ներդ­րում­ներ եւ հա­սա­րա­կու­թեան զար­գաց­ման նպաս­տեալ աշ­խա­տանք­ներ ի­րա­կա­նաց­նող ան­ձե­րու:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Բիրտ ու­ժի տի­րա­պե­տու­թեան՝ ան­ցեա­լի դա­րաշր­ջան­նե­րուն մէջ բո­լո­րո­վին ան­կա­րե­լի՛ էր սպա­սել «բա­րո­յա­կան բարձր հաս­կա­ցո­ղու­թիւն» մը։ Ար­դա­րեւ ըն­կե­րա­յին բո­լոր խա­ւե­րու մէջ, նա­՛եւ ըն­տա­նի­քի մէջ այդ շրջան­նե­րուն կը պակ­սէր հան­դուր­ժո­ղու­թեան ո­գին։ Մինչ­դեռ ի­րեր­հաս­կա­ցո­ղու­թիւն, հան­դուր­ժո­ղու­թիւն, եր­կայ­նամ­տու­թիւն, նե­րո­ղամ­տու­թիւն՝ «ա­ռա­քի­նու­թիւն­ներ» են՝ ո­րոնք կը ներ­դաշ­նա­կեն մարդ­կա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016

Լի­բա­նա­նի Հա­մազ­գա­յի­նի «Գաս­պար Ի­փէ­կեան» թա­տե­րա­խում­բին կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, «Յա­կոբ Տէր Մել­քո­նեան» թա­տե­րաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մե­ծա­րան­քի հան­դի­սու­թիւն՝ նուի­րուած վաս­տա­կա­շատ դե­րա­սան­ներ Մա­նուէլ Մար­գա­րեա­նին (Մա­նուէ­լիկ) եւ Մա­րի Ռոզ Մա­նու­կեա­նին:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2016

Ռու­սաս­տա­նի աշ­խար­հահռ­չակ «Էր­մի­թաժ» պե­տա­կան թան­գա­րա­նի ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Մի­խա­յիլ Փիոթ­րովս­քի ե­րէկ այ­ցե­լեց Ե­րե­ւան, ուր հիւ­րըն­կա­լ­ւե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեա­նի հրա­ւէ­րով տե­ղի ու­նե­ցաւ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին «Էր­մի­թաժ»ի ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նին ըն­կե­րա­ցաւ իր որ­դին՝ Պո­րիս Փիոթ­րովս­քի։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2016

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նէն հա­սաւ տխուր լուր մը։ Այս­պէս, իր մահ­կա­նա­ցուն կնքեց Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու նա­խա­րար Ար­մէն Ե­րի­ցեան։ Մի­ջո­ցէ մը ի վեր Ար­մէն Ե­րի­ցեան կը տա­ռա­պէր ա­նո­ղոք հի­ւան­դու­թե­նէ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2016

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ Հա­լէ­պի վե­րա­բե­րեալ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ դառ­նալ։ Երկ­րի ղե­կա­վար Պե­շար Է­սա­տի են­թա­կայ բա­նա­կը ար­դէն ամ­բող­ջու­թեամբ ձեռք ան­ցու­ցած է քա­ղա­քին հա­կակ­շի­ռը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2016

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը շարունակեն իրենց ջանքերը:
Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ կարեւորեց Համպուրկի համատեղ յայտարարութեան բովանդակած տարրերը:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2016

Իսրայէլ եւ Ատրպէյճան բոլոր ուղղութիւններով թափով կը զարգացնեն իրենց համագործակցութիւնը:
Պենիամին Նեթանիյահու Պաքուի մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Իլհամ Ալիեւի  կողմէ:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

7 Դեկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տուն, ա­րա­բա­կան լրա­հո­սին մէջ հիմ­նա­կան տեղ կը գրա­ւէր իս­րա­յէ­լեան օ­դու­ժին սու­րիա­կան բա­նա­կի մէկ պա­հես­տա­նո­ցին դէմ կա­տա­րած գրո­հին լու­րը:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Իս­թան­պու­լի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նո­րան­շա­նակ ա­ւագ հիւ­պա­տոս Ճե­նի­ֆըր Տէյ­վի­սը։ Իր պաշ­տօ­նին նոր ձեռ­նար­կած ըլ­լա­լով՝ Ճե­նի­ֆըր Տէյ­վիս փա­փա­քած էր այ­ցե­լել Պատ­րիար­քա­րան եւ ծա­նօ­թա­նալ թրքա­հայ հա­մայն­քա­յին կեան­քին։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արքեպիս­կոպոս Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ե­շիլ­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Այս­պէս, հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Կո­րիւն Քահանայ Ֆէ­նէր­ճեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, Ե­շիլ­գիւ­ղի Ս. Ստե­փա­նոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Հա­պիպ Էօզ­ֆու­րուն­ճու եւ իր ըն­կեր­նե­րը Պատ­րիար­քա­րան այ­ցե­լե­ցին՝ թա­ղի վար­ժա­րա­նի տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նին ըն­դա­ռաջ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2016

Ե­րէկ, Է­սաեան վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­մա­նո­րի ըն­դա­ռաջ ա­ւան­դա­կան քէր­մէ­սը, որ կազ­մա­կեր­պուած էր ծնո­ղաց միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Քէր­մէ­սի յա­տուկ կար­գա­դիր յանձ­նա­խումբ մըն ալ բե­րած էր իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը այս ծրագ­րին։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2016

Ամե­րի­կա­ցի ա­տաղ­ձա­գործ Ճոյի Մէ­յըրս ստեղ­ծած է եր­կու­քու­կէս մեթր բարձ­րու­թեամբ տօ­նա­ծառ մը, որ տե­ղադ­րուած է Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­քան­սաս նա­հան­գի հա­մալ­սա­րան­նե­րէն մէ­կուն մէջ:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեան­քի ներ­կայ բա­րիք­նե­րը եւ վա­յելք­նե­րը վա­յե­լել բնա­տուր ի­րա­ւո՛ւնք մըն է մար­դուն տրուած։ Ար­դա­րեւ, բա­րիք կամ վա­յելք վա­յե­լել որ­քան «ի­րա­ւունք» է, բայց ու­նի «սահ­ման» մը, ինչ­պէս բո­լոր ի­րա­ւունք եւ ա­զա­տու­թիւն­ներ ան­սահ­ման չեն։ Ար­դէն կեան­քը հա­մա­կար­գո­ղը եւ կա­ռա­վա­րո­ղը, եւ դիւ­րա­տար ը­նո­ղը այդ սահ­ման­ներն են։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2016

ԿԱ­ՐՕ Վ. ՄԱՆ­ՃԻ­ԿԵԱՆ

Մեծ ե­ղեռ­նի տե­ղա­հա­նու­թե­նէն ետք, երբ քե­սապ­ցիք վե­րա­դար­ձած են գիւղ, ա­նոնց թի­ւը նուա­զած է 8500-էն մին­չեւ 2300, եւ ընդ­հան­րա­պէս  ապ­րած են հա­ցա­հա­տիկ­նե­րու վա­րու­ցա­նէն: Կ՚ը­սուի, թէ լեռ­նե­րու ծեր­պե­րուն վրայ, երբ գտած են փոք­րիկ՝ 50 սմ.x50 սմ. ծա­ւա­լով փոք­րիկ գոգ մը, ի­րենց բաճ­կո­նին գրպա­նի («ջը­պը­գուն» կո­չուած) ափ մը ցո­րե­նը ցա­նած, հնձած, ա­պա ա­լիւ­րի ու հա­ցի վե­րա­ծած՝ կրցած են քարշ տալ ի­րենց տա­ռա­պա­լի կեան­քը… Վե­րապ­րե­լով՝ ա­նոնց թի­ւը հա­սած է մօտ 7000-ի, Հա­յաս­տան ներ­գաղ­թի նա­խօ­րէին:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2016

VADİP-ի ե­րէ­կուան ժո­ղո­վի սկիզ­բին Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան բազ­մա­կող­մա­նի լու­սա­բա­նու­թիւն մը տուաւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ գոր­ծող գաղ­թա­կա­նաց յանձ­նա­խում­բի աշ­խա­տանք­նե­րուն շուրջ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Սու­րիա­յէն եւ Ի­րա­քէն խոյս տա­լով Թուր­քիոյ մէջ ա­պաս­տան գտած հա­յե­րուն օ­ժան­դա­կե­լու, ա­ջակ­ցե­լու հա­մար ներ­կայ տա­րուան սկիզ­բին Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը պաշ­տօ­նի կո­չած էր յա­տուկ յանձ­նա­խումբ մը, որ ան­ցեալ ա­միս­նե­րու տե­ւո­ղու­թեան ծա­ւա­լած է հե­տե­ւո­ղա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Արծուի Բախչինեան վերջին գրքին հրատարակութեան առթիւ բացառիկ ու ծաւալուն հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
«Կը սիրեմ քալել չտրորուած ճանապարհներով ու տեսնել, թէ ո՞ր երկրի հայ համայնքի պատմութիւնը անտեսուած է, պարզապէս մարդիկ չեն իսկ մտածած, թէ այնտեղ կրնայ ըլլալ հայկական պատմութիւն, բայց մեր ժողովուրդը իսկապէս եղած է ամէն տեղ, կը մնայ միայն գտնել զայն»:

Էջեր