Արխիւ
Նորոգ վախճանեալ Տէր Յովհաննէս Արքեպիսկոպոս Չոլաքեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը:
Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զէքիեան հանդիսապետեց յուզումնախառն արարողութեան:
Երէկ, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ «Քոքա-Քոլա հելլէնիկ պաթլինկ քամփընի Արմենիա»ի միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը, ըստ որու՝ «Քոքա-Քոլա»ի շիշերու վրայ պիտի պատկերուին հայկական պատմամշակութային բարձր արժէք ներկայացնող յուշարձաններ: «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ, համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան մէջ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Նիւ Եորքի մէջ ելոյթով մը հանդէս եկաւ՝ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 71-րդ նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն շրջագծով։ Իր ելոյթին մէջ ան անդրադարձաւ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակի յոբելեանին։ Նալպանտեանի խօսքին կորիզը կազմեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան այս կապակցութեամբ ըսաւ.
Սեւան Նշանեան մետայլով մը պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ:
Կալաթասարայի «Ճեզաիր»համալիրին մէջ պարգեւը յանձնուեցաւ յայտնի մտաւորականի փաստաբանին՝ Էրկին Ճինմենին:
Կղզիներու Մշակութային միութեան հրատարակութիւններուն շրջագծով ներկայիս լոյս տեսած է Լիժի Փուլճու-Չիզմէճեանի գիրքը, որ կը կոչուի «Մեծ կղզիի մէջ կորսուած ժամանակներ» (Büyükada'da Kayıp Zamanlar)։ Հեղինակը այս գիրքին մէջ կը ցոլացնէ 1931 թուականէն մինչեւ այսօր կղզիի միջավայրը, յայտնի ընտանիքները, եզակի միջավայրները, դպրոցներն ու շուկան, պանդոկներն ու սրճարանները։ Այս բոլորը ան կը ներկայացնէ հաղորդական ոճով մը։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Այս մէկը հեքիաթ չէ, հեռաւոր Ամերիկայի բարքերէն ալ չէ, այլ պատահած է հետս ու ընթացքը աւարտած չէ տակաւին. Կը յուսամ միջնորդ մը գտնել եւ խնդիրը կարգադրել:
Տեսակցեցաւ՝ ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այն ժամանակ գործընթացը կը կոչուէր՝ 5+1 ձեւաչափ. 5-ը՝ ԱՄՆ-ը, Ռուսաստանը, Թուրքիան, Ատրպէյճանը, Հայաստանը, գումարած Մինսքեան խմբակի խորհրդաժողովը, որուն ղեկավարն էր իտալացի դիւանագէտ՝ Մարլէն Ռաֆայէլ, եւ այս շրջանակներուն մէջ տարուած բանակցութիւններ տեղի ունեցան: Այդ շրջանի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար դիւանագէտ՝ Հիքմէթ Չեթին այցելեց Մոսկուա, հանդիպեցաւ ռուս բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ եւ կարեւոր պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուեցան:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց գանատահայ ուխտաւորներ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմի Առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեանի գլխաւորութեամբ ուխտաւորները կ՚այցելեն Հայաստան՝ անկախութեան 25-րդ տարեդարձին առթիւ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ Զուարթնոց Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ երկու արժէքաւոր անուններ՝ Գէորգ Չաղլըչուպուքճու եւ Կարօ Ակօշեան։ Մօտ օրէն Զուարթնոց Դպրաց Դաս-երգչախումբը պիտի նշէ նոյնաժամանակ երեք յոբելեաններ։
Համայնքային շրջանակները այս շաբավերջին ժամադրուած են Սամաթիոյ մէջ, ուր տեղի պիտի ունենայ 2016-2017 շրջանի առաջին մատաղօրհնութիւնը։ Սիրոյ սեղանին ընդառաջ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիրը, որուն կ՚ընկերանար Հերման Կիւրճեան։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան տեսակցեցաւ Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վազգէն Վարդանօղլուի եւ իր ընկերներուն հետ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Լինտա Պիւյիւքսիմքէշեան յաջողութեամբ աւարտած է իր բարձրագոյն ուսումը։ Ան Պիւյիւքսիմքէշեան բարեհամբաւ գերդաստանի մերօրեայ շառաւիղներէն մին է։ Նախակրթութիւնը ստացած է Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ, ապա յաճախած՝ Սեն Միշել ֆրանսական լիկէոնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը՝ որ կ՚ապրինք, նեղութիւններու, դժուարութիւններու, ցաւերու, վիշտերու եւ վերջապէս անգութ մահուան դէմ պայքա՛ր մըն է։ Այս իմաստով կեանքը մահուան պատրաստութեան մէջ երկունք մըն է։ Եւ թերեւս շատ տարօրինակ պիտի թուի, բայց կեանքը կ՚ապրի մարդ՝ մեռնելու համար։ Ուրեմն կեանքը երկո՛ւնք մըն է…։
Գերմանիան ներկայացնող հայ արհեստավարժ բռնցքամարտիկ Կարօ Մուրատ իր 30-րդ յաղթանակը տարաւ նաքաութով: Գերմանիոյ Կոփինկէն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մենամարտին 33-ամեայ Մուրատի մրցակիցը ուքրանացի Եւկենի Մախտէինքոն էր, որ 12-րդ ռաունտին պարտուեցաւ թեքնիկ նաքաութով:
«Հայփոստ Թրասթ Մենեճմընթ» շրջանառութեան մէջ դրած է երկու նամականիշ՝ նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին:
Հայաստանի Ազգային արխիւէն ներս ամէն տարի շուրջ 200 հազար թերթ փաստաթուղթ կը թուայնացուի։ Երեւանի մէջ վերջին օրերուն Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին տեղեկացուց՝ թէ մօտաւոր հաշուարկներով 350 միլիոն փաստաթուղթ ի պահ դրուած է իրենց մօտ։
«Աուրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան եւ Միջին Արեւելքի հիմնադրամի միացեալ նախաձեռնութիւնը հանդիսացող եւ 7 միլիոն տոլարի ֆոնտ ունեցող «Երախտագիտութեան կրթաթոշակ» ստացած տասն ուսանողներ՝ Սուրիայէն, Պաղեստինէն, Յորդանանէն, Լիբանանէն Սեպտեմբերին պիտի սկսին իրենց ուսման՝ Աշխարհի միացեալ գոլէճներ (United World Colleges) ցանցի դպրոցներուն մէջ:
15 Յուլիսի ձախող պետական հարուածին զուգահեռ ձեռնարկուած հարցաքննութեան շրջագծով ձերբակալուեցաւ յայտնի մտաւորական մը՝ Փրոֆ. Մեհմէտ Ալթան։ Հարկ է նշել, որ աւելի քան տասն օրէ ի վեր Մեհմէտ Ալթան եւ իր եղբայրը՝ լրագրող-հրապարակագիր Ահմէտ Ալթան կը հարցաքննուէին։
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի հետ։ ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որ տեւեց 1 ժամ 45 վայրկեան։
Միջնորդները յառաջիկային պիտի այցելեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները Նիւ Եորքի մէջ տեսակցեցան Նալպանտեանի եւ Մամէտեարովի հետ: