Արխիւ
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
1920-ական թուականներուն Միացեալ Նահանգներու Շիքակօ քաղաքին մէջ խումբ մը իտալացի արկածախնդիրներ հիմնեցին, կամ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ շարունակեցին Սիկիլիոյ մէջ ծնունդ առած «ընկերութիւն» մը՝ տկար մարդոց «օգնելու» կամ «պաշտպանելու» պատրուակով, եւ սկսան տուրքեր գանձել վաճառատուներէ:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ընթերցողներու լայն շրջանակը եւ յատկապէս նորահաս սերունդը այնքան ալ ծանօթ չեն անունին եւ գործին ակադեմական Միքայէլ Թումանեանի, որ կը հանդիսանայ հիմնադիրն ու բազմավաստակ վարպետը հայկական բուսագիտութեան, նաեւ՝ գիւղատնտեսական եւ հողագործական մեծանշանակ մշակումներու։
ԼՕԼԱ ԳՈՒՆՏԱՔՃԵԱՆ
Խոլորձներս տակաւին ողջ են ու մինչեւ այսօր
Ծաղկած մնացին, բայց հիմա սկսած են
Իրենց երկար քունը մինչեւ աշուն։
Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի «Լոքալ»ին մէջ շաբաթավերջին պատմական Անի քաղաքին եւ այսօրուան աւերակներուն վերաբերեալ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական բանախօսութիւն մը, որուն ներկայ գտնուեցան Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ եւ իր ընկերները եւ բազմաթիւ մշակութասէրներ։
Քաղաքիս Ֆրանսական պալատի երդիքին տակ մեծարանքի շքեղ հանդիսութիւն՝ ի պատիւ աշխարհահռչակ վարպետին:
«Արա Կիւլէր. Իսթանպուլի առասպել մը» փաստավաւերագրական ժապաւէնին երէկ երեկոյեան կազմակերպուած առաջին ցուցադրութիւնը փայլուն անցաւ:
Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց ուխտի միաբաններէն Տ. Բագրատ Վրդ. Պուրճէքեան յառաջիկայ շրջանին պիտի սկսի պաշտօնավարել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս։
Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան մէջ, «Բարեւ» նորաստեղծ թատերախումբը թափով կը պատրաստուի իր անդրանիկ ներկայացման։ Յայտնի արուեստագիտուհի Սօսի Ճնտոյեանի բեմադրութեամբ այս խումբը յառաջիկայ ամսուան սկիզբին հանդէս պիտի գայ «Հարս ու կեսուր Գնալը կղզիի մէջ» անուն զաւեշտով՝ հիւրընկալ միութեան բեմին վրայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի վեցերորդ Կիրակին նուիրուած է Յիսուս Քրիստոսի «Գալստեան» յիշատակին։ Ուստի նախորդ կիրակիներու խորհուրդներուն միջեւ կ՚երեւի յայտնի տրամաբանական կապակցութիւն մը՝ որ Հայ Եկեղեցին յատկապէս կը յիշէ եւ կը խորհրդածէ ամէն մէկը իւրաքանչիւր Կիրակիի խորհուրդին մէջ։
Երեւանի կեդրոնին մէջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ «Ռոսիա Մոլ» առեւտուրի եւ ժամանցի կեդրոնը։ Բացման արարողութիւնը պատուեց Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան։
1-3 Ապրիլ թուականներուն Միջիկընի համալսարանի (Տիլպոռն) Հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնին նախաձեռնութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայերը եւ Պաղ պատերազմը» խորագրեալ միջազգային գիտաժողով մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
2009 թուականին Եգիպտոսի մայրաքաղաքը՝ Գահիրէի մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամա կը մեղադրէր արաբները, շրջանին մէջ տիրող աղօտ իրավիճակներուն անոնց ունեցած պատասխանատուութեան առընթեր:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը հաւաքոյթի մը մասնակցեցաւ Գիտութիւններու ակադեմիոյ մէջ:
Սէյրան Օհանեան նուազ հաւանական կը նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին պատերազմի վերսկսիլը:
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Ասողիկ Դպրաց Դաս-երգչախումբի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Պէյօղլուի քահանայից դասէն Տ. Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեանի, ինչպէս նաեւ Տ. Գէորգ Քհնյ. Չընարեանի եւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի, Մեծ պահոց Միջինքին առթիւ կատարեցին ուխտագնացութիւն մը, դէպի Կեսարիա, Իսքէնտէրուն եւ Վաքըֆլըգիւղ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկները՝ իրենց ուսուցիչներուն հսկողութեամբ, կատարեցին օգտաշատ երկու պտոյտներ, որպէսզի զարգացնեն դպրոցի մէջ իրենց սորված գիտելիքները:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Ֆէրիգիւղի ընտանիքը ներկայիս կը պատրաստուի կեանքի կոչել թատերական ծրագիր մը։ Այսպէս, թաղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի կարգ մը անդամները ձեռնամուխ եղած են թատերական ծրագրի մը։
Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբը այս տարի եւս Մեծ պահոց շրջանին կազմակերպեց իր աւանդական ճաշկերոյթը, որով ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։ Այս տարի միայն բացառութիւն մը ապրուեցաւ ժամկէտի առումով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինքնատիրութիւնը՝ ինքնագիտակցութեան բնական մէկ հետեւանքն է։ Այն անձը՝ որ իր արժանիքին, իր մտային ու հոգեւոր կարողութիւններուն գիտակից է եւ ըստ այնմ կը վարուի, ան տէ՛րն է իր անձին։
Երեւանի մէջ վերջերս ոգեկուչուեցաւ հայ մեծանուն բարերար, մեկենաս ու ճարտարարուեստագէտ Ալեքսանտր Մանթաշեանց (1842-1911)։
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ գեղասահքի աննախընթաց ձեռնարկ մը։ «Սառոյցի թագաւորները» խորագրեալ մեծ շոու մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին հանդէս եկան ողիմպիական ախոյեաններ, աշխարհի կամ Եւրոպայի առաջնութիւններու դափնեկիրներ։
Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով՝ Ռոպէրթ Յարութիւնեան նշանակուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ։