Արխիւ
Մխիթարեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանին շարժառիթով երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ շքեղ հանդիսութիւն մը։ Հարպիէի «Լիւթֆի Քըրտար» կեդրոնին մէջ այս առթիւ Պէյօղլուի Լուսաւորիչ երգչախումբը ներկայացուց «Հրանդ Տինք» ժամանակակից օրաթորիոն։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական արարողութիւն մը, որուն հանդիսապետեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Միջեկեղեցական աղօթքի շաբթուան եզրափակիչ փուլը բնորոշեց այս արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Լատին Կաթոլիկներու Վիճակաւոր Լուի Փելաթր Եպիսկոպոսը, Յոյն Ուղղափառ, Ասորի Ուղղափառ, Հայ Կաթողիկէ եւ Անկլիքան եկեղեցիներէ ներկայացուցիչներ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ պատարագեց Լոս Անճելըսի մէջ - Նորին Սրբազնութիւնը ձեռաց խաչ մը նուիրեց Առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանին:
Երուսաղէմի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցին վերջերս Հին տոմարի համաձայն նշեց Տիրոջ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։ Այս առթիւ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ, Իսթանպուլէն դէպի Երուսաղէմ կազմակերպուեցաւ ուխտագնացութիւն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
23 Յունուար 2016, Շաբաթ օր, Սուրբ Սարգիսի տօնն է։
Ուստի կ՚արժէ վերյիշել, թէ ո՞վ էր Սուրբ Սարգիս։
Հարց.- Մեր նման փոքր ազգի մը համար, բաղդատմամբ մեծ տէրութիւններու, հայրենիքին մէջ հինգ կուսակցութիւն, կամ ինչու չէ աւելի նուազ, չե՞ն բաւեր ազգային քաղաքական գործունէութիւններու համար։ Ունինք երկոտասնեակէ աւելի կուսակցութիւններ հայրենիքին մէջ, ունէինք չորս հայկական կուսակցութիւն Սփիւռքի մէջ, որոնցմէ երեքը միայն գործօն են տակաւին մինչեւ այսօր։
Թուրքիա եւ Գերմանիա սերտօրէն կը համագործակցին հակաահաբեկչական պայքարի շրջագծով:
Ահմէտ Տավուտօղլու եւ Անկելա Մերքէլ վճռական պատգամներ տուին ԻՇԻՊ-ի դէմ:
2016-ի տարեմուտին դրութեամբ միջազգային բեմահարթակին վրայ կը շարունակուին քննարկումները:
Սարգսեան-Ալիեւ վերջին տեսակցութեան յաջորդած մթնոլորտին մէջ բոլոր դերակատարները վերստին կը յստակացնեն իրենց դիրքորոշումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին կապակցութեամբ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքով հայ պատգամաւորներ կը հասնէին խորհրդարան: Բնական է, որ անոնց ընտրութիւնը կը բանար նոր շրջան մը Թուրքիոյ հայոց իրականութեան մէջ:
Օքսֆորտ համալսարանին մէջ կազմակերպուած «Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն» համաժողովը:
Լոնտոնի մէջ համախմբուած սփիւռքահայ մտաւորականները միտք կը բանեցնեն լեզուի հարցին շուրջ:
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Սուրբ Սարգիսը թէ՛ պատմական անձնաւորութիւն է, եւ թէ՛ սրբազան առասպելական կերպար՝ օժտուած տարբեր հմայական յատկանիշներով եւ գործառոյթներով։ Ան զանազան զրոյցներու, երգերու եւ առասպելներու հերոսն է։
Մխիթարեան վարժարանը 20-21 Յունուար թուականներուն յաջորդական կերպով տուն դարձաւ Բարեկենդանի աշակերտական խրախճանքներու: Քանի որ այս տարի Բարեկենդանը կը զուգադիպի դպրոցական կիսամեայ արձակուրդին, վարժարանի տնօրէնութիւնը յարմար տեսած էր Մեծ պահքի շրջանէն առաջ պատշաճ կերպով տօնա-խըմբել այս յատուկ զուարճութեան տօնը:
Կեդրոնական վարժարանի աշակերտները երէկ երեկոյեան Պաքըրգիւղի մէջ ներկայացուցին նահատակ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի վերյիշման ուղղեալ ծրագրերը։
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Աննիկ Ժիրարտէն այսօր կը ժամանէ Երեւան։ Զարգացման ու ֆրանսախօսութեան հարցերով պատասխանատու ֆրանսացի պետական քարտուղարին Հայաստանի շփումները կը տեւեն երկու օր։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտըն երէկ երեկոյեան ժամերուն հասաւ Թուրքիա, իր կողակցին հետ։ Իր այցելութեան առաջին հանգրուանի ծրագիրը ան այսօր կ՚իրականացնէ Իսթանպուլի մէջ։
Օքսֆորտ համալսարանի Փեմպրուք գոլէճը այս օրերուն կը հիւրընկալէ սփիւռքահայ բազմաթիւ մտաւորականներ:
«Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն» խորագրեալ քննարկումներուն ներկայ է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիր Սեւան Տէյիրմենճեան:
«Փակ սահմանի երկխօսութիւն» փաստավաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեան յաջորդած ասուլիսին ընթացքին Մեթէ Չուպուքճուի ելոյթը:
«Սահմանի պարագան ունի լուրջ կարեւորութիւն։ Թուրքիա մեծ երկիր մըն է։ Ինքնավստահութեան տէր երկիր մը չի կրնար սահմանը փակել՝ ինքզինքը ուրիշներուն կապելով»:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահականացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի սիրուած ու յարգուած դէմքերէն Ժիլպէռ Բարունակեան, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուէր դարմանման տակ։ Ան տասնամեակներ շարունակ նուիրեալ ծառայութիւն մատուցած էր մեր հաւաքական կեանքէն ներս։
ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Յունուարի 5-ին, ՌԱԿ-ի Պէյրութի «Պայքար» ակումբը իր հաւատաւոր անդամներուն ու համակիրներուն կը ներկայանար վերականգնող ոգիով, նորանոր մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու յանդուգն կեցուածքով ու գաղափարական շրջանակի կարգապահ գիտակցութեամբ:
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան երէկ երեկոյեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Ծանօթ է, որ Զէքիեան Գերապայծառ վերջերս նոյն դպրոցէն ներս դասախօսած էր՝ արեւմտահայերէնի անցեալին, ներկային ու ապագային մասին։