Արխիւ
Սրբոց Ղեւոնդեանց յիշատակութեան առթիւ արարողութիւններ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը կանգ առաւ եկեղեցականներու ծառայութեան ոգիին եւ կոչումի գիտակցութեան վրայ:
Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու գլխաւորութեամբ սկսած աշխատանքը:
Հեռավար առաջին ժողովին ժամանակ արժեւորուեցաւ տարածքաշրջանի հաղորդակցութիւններու այժմու կացութիւնը:
Երէկ, Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առթիւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ մեծահանդէս տօնակատրութիւն՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ մասնակցութեամբ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասուն։
Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ այս շրջանին կը նկատուի նոր աշխուժութիւն:
Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Էնթընի Պլինքընի միջեւ այսօր հաւանաբար տեղի ունենայ զրոյց մը:
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Հետաքրքրութեամբ կարդացինք Յարութ Կիւլիւզեանի անդրադարձը Պէյրութի «Բագին» հանդէսին մէջ լոյս տեսած՝ Ռուբէն Խաժակ ստորագրութեամբ բանաստեղծութեան մը («Ժամանակ», 8 Փետրուար, 2021) (*)։ Գնահատելի է, որ հեղինակը իր լուսարձակը ուղղած ըլլայ գրական հարցի մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ Տէր Զօր նահանգէն հասած լուրերը չարագուշակ են։
Խնդիրն այն է, որ Սուրիոյ կանոնական բանակի վաշտ մը ենթարկուած է յարձակման, որուն հետեւանքով ալ զոհուած են 26 զինուորներ։
ԵՐԱՄ
Դուրսը անձրեւ էր։ Ծառերը լաւ լոգանք կ՚առնէին։
Աննան նստած էր խոհանոցի սեղանին, փայտէ քառակուսի աթոռակին վրայ։ Քանի՞երորդ օրն էր։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Վերջին մէկ տարուայ հոլովոյթին տեւական կը տեսնամ նոյն երազը: Շրջանաւարտ ըլլալու շեմին եմ: Թերեւս ամիսներէն մայիս է: Շուտով պիտի սկսին աւարտական քննութիւնները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կ՚անդրադառնանք հայերէնի նրբերանգներուն մասին՝ օգտուելով այս մասին հմուտ անձերու փորձառութիւններէն։ Այս ուղղութեամբ կը ներկայացնենք «Յուսաբեր» թերթի խմբագիր Բենիամին Թաշեանի (1896-1971) «Լսարան Հայ Լեզուի» հատորէն հատուածներ։
Շատ տարածուած ու տհաճ հարցեր են յօդացաւերը, որոնք կրնան պայմանաւորուած ըլլալ ամենատարբեր գործօններով: Նման ցաւը կը դառնայ շարժումներու կաշկանդուածութեան պատճառ եւ խիստ բացասաբար կ՚անդրադառնայ մարդու կեանքի որակի վրայ, ուստի զարմանալի չէ, որ այս խնդիրէն մարդիկ կը փորձեն հնարաւորինս արագ ձերբազատուիլ:
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթի հետ։ Նախկին նախագահի գլխաւորած Հայ ազգային քոնկրէսի աղբիւրները հաղորդեցին, որ զրոյցը տեւած է աւելի քան ժամ մը։
Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան կը շարունակէ հետեւողականօրէն օրակարգի վրայ բերել երկրի սահմանամերձ շրջաններու առկայ խնդիրները։ Ան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ հերթական գրառումով ու շեշտեց, որ Սիւնիքի մարզէն ներս, համայնքները իրար կապող ճանապարհներու վրայ Ատրպէյճանի բանակի զինուորներու, դրօշակներու եւ ցուցանակներու գոյութիւնը զուրկ է իրաւական բոլոր հիմքերէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի խորհրդարանին մէջ մեծամասնութեան տէր «Իմ քայլը» խմբակցութեան կողմէ տարածուած վերջին հաղորդագրութիւնը շատ յստակ կերպով կ՚ընդգծէ, որ յառաջիկայ ամիսները երկրին համար պիտի ըլլան բաւական «թէժ»։ Խօսքը, անշուշտ, արտահերթ ընտրութիւններու առաջարկէն ընդհանրապէս հրաժարելու մասին է։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Ֆրանսայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է մեծանուն ազգային բարերար Յովհաննէս Չիլինկիրեան, որ նախկին պոլսահայ մըն էր։ Ան եղած էր հայկական սփիւռքի ամենախորհրդանշական անուններէն մին, տիրական կերպար մը, որ կը պայմանաւորէր անոր յիշողութիւնը։ Յովհաննէս Չիլինկիրեան շառաւիղն էր նահատակ մտաւորական, գիտնական ու ազգային գործիչ Ռուբէն Սեւակի։
Ողջոյն,
Պատրիարքական Աթոռոյս երդիքին ներքեւ, տարիներ առաջ հաստատուած աւանդութիւն էր սոյն Եկեղեցականք-պաշտօնականք համառօտ տեղեկատուութիւնը, որ խիստ ամփոփ գիծերով կու տայ Աթոռոյ առօրեայ կեանքը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է պոլսահայ բազմամեայ կրթական մշակ Ռիթա Արաքս։ Վերջին շրջանին ան կ՚ապրէր Երեւանի մէջ՝ իր որդւոյն հետ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ամբողջ աշխարհին մէջ արծարծուած գլխաւոր նիւթը քորոնավարակի դէմ պատուաստն է: Նիւթ մը, որուն մասին մէկ տարի շարունակ կը խօսուի եւ հիմա հասած է այնպիսի փուլի, որ բուն հիւանդութեան մասին այնքան չի խօսուիր, որքան՝ պատուաստին:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Դրացիները եւ անոնք որոնք նախապէս տեսած էին» (Յհ 9.8):
Մեկնութիւն. ժողովուրդը այստեղ երեք բան կը հարցնէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեր իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ պատահած է պահեր, նոյնիսկ շրջաններ, երբ դժուարութիւններու մատնուած ենք, նեղութիւններու հանդիպած, մենք զմեզ անելներու առջեւ գտած, տակնուվրայ եղած, յուսալքուած, ինկած տրամադրութեամբ մը կարծած ենք, որ ամէն բանի վերջը հասած է, եւ երբ յոռեգոյնին կը սպասէինք՝ Աստուած միջամտած, խնդիրները լուծուած, հարցերը շտկուելու սկսած են. մէկը միւսին ետեւէն հրաշքներ տեղի ունենալու սկսած, եւ կարճ ժամանակի մէջ մեր ակնկալածին, մեզի մտահոգութեան առաջնորդողին ճիշդ հակառակը պատահած է։
Հայաստանի եւ աշխարհի մէջ կին գրողներու դերն ու նշանակութիւնը բարձրացնելու, կին ստեղծագործողներուն եւ անոնց գործերը հանրութեան լայն շրջանակին ներկայացնելու նպատակով առցանց հարթակի վրայ տեղի կ՚ունենայ «Զապէլ» կին գրողներու միջազգային ֆորումը: