Արխիւ
Kadasetli Patrik Hazretleri Sahak II özel davetle, diğer azınlık dini önderleri ve cemaat temsilcileriyle 2 Mart 2021, Salı günü, Ankara Beştepe Millet Kongre ve Kültür Merkezi’nde, “İnsan Hakları Eylem Planı Tanıtım Toplantısı”na katılmışlardır. Toplantıda Sayın Cumhurbaşkanı Recep Tayyip Erdoğan, söz konusu planın tanıtımını bizzat yapmıştır.
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Երբ մարդ կը մտնէ քաղաքականութեան մէջ եւ առաւել եւս՝ երբ ան մաս կը կազմէ իշխանական խմբակի, պէտք է գիտակցի, որ իրմէ պիտի պահանջուի տեմակոժիի եւ ցինիզմի որոշ մակարդակ մը։ Սա համաշխարհային օրինաչափութիւն է եւ այստեղ Հայաստանը չի կրնար բացառութիւն ըլլալ։
Երեւանի մէջ, Մատենադարանի երդիքին տակ, այս օրերուն բացուած է հետաքրքրական ցուցահանդէս մը։ Այսպէս, Արցախի պատերազմի ընթացքին Գանձասարէն տարուած ձեռագիր մատեանները կը ներկայացուին մշակութասէր հասարակութեան։
Ատրպէյճանի եւ Փաքիստանի միջեւ ռազմական համագործակցութիւնը հետզհետէ կը խորանայ։ Վերջին օրերուն Պաքու այցելեց Փաքիստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Նետիմ Ռազա, որ հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի կողմէ։
Պինկէօլէն դէպի Թաթվան թռիչք առած զինուորական ուղղաթիռ մը երէկ անկում ունեցաւ Պիթլիսի մէջ:
Մշուշի եւ ձիւնամրրիկի հետեւանքով պատահած ցաւալի արկածը խլեց տասնմէկ նահատակ, կայ նաեւ երկու վիրաւոր:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հարիւրներով պէյրութցիք դարձեալ փողոց իջած են։ Պատճառը՝ ոչ միայն ամերիկեան տոլարի 10 հազարի շեմը հատելն է, այլ այդ պատկերի ստեղծումէն ետք սպասելի հետեւանքներուն հարցը։
Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Պատարագի արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Պատարագիչն էր Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այս շրջանին շինարարական լայնածաւալ աշխատանքներու ձեռնարկած է։ Այսպէս, ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր գործակից ընկերները մեծ ծրագրի մը ձեռնամուխ եղած են՝ եկեղեցապատկան կալուածներու վերանորոգութեան առաջադրութեամբ։
«Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի յաջողագոյնները հիւրընկալուեցան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ:
Ողիմպիականներու յաղթականները ջերմ ընդունելութեան արժանացան Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ:
ԵՐԱՄ
Գուլպաները կը հանէ դանդաղ, համբերատար, կը ծալլէ վրայ վրայի, կը դնէ գրասեղանին։ Շթութկարթը կը յիշէ։ Պատուհանը իր, որ հանրակացարանի հինգերորդ յարկէն ամբողջ փողոցը կը դիտէր, մինչեւ վերջը զառիվարին, ուր լայն պողոտան կու գար խաչահատելու զայն։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Անցումին մուտքին, աստիճաններուն վրայ, մուրացիկ մը նստած է: Եօթանասունն անց կին մըն է ան՝ աջ ափը պարզած, հայեացքը խոհուն, միտքերու անդունդին մէջ մխրճուած, դիրքը անցորդներէն նուաստ, բրդեայ ցնցոտիներով պարուարուած, կարկտած քղանցքով ոտքերը պատսպարած, ձախ ձեռքը ծնօտին եւ ձախ ուսը պատին յենած...
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կ՚ըսուի որ անգիտութիւնը երջանկութիւն է։ Բայց իրապէս անգիտութիւնը երջանկութիւն կրնա՞յ ըլլալ։
Արդարեւ, գիտութիւնը իր ամենալայն առումով ուժ մը, զօրութիւն մը եւ կարողութի՛ւն է, ինչ որ ուրանալ կարելի չէ։
1960-ականներու եւ 70-ականներու դասական «Ferrari»ի համար զարմանալի չէ աճուրդներու մէջ նոր համաշխարհային մրցանիշներ սահմանել: Այնուամենայնիւ, նոյնը կարելի չէ ըսել մանկական ինքնաշարժներու համար, որոնք շինուած են «Ferrari»ի խորհրդանշական ձեւերու տեսքով:
Ֆրանսայի մէջ փոթորիկի ժամանակ ծովու ալիքները «վերստեղծած» են Փոսէյտոնի պատկերը։ Այսպէս, Ֆրանսայի մէջ «Ժիւսթինա» փոթորիկի ընթացքին ծովու ալիքները վերստեղծած են հին յունական առասպելութեան մէջ ծովերու աստուած համարուող Փոսէյտոնի պատկերը, կը գրէ Daily Mail-ը։
1873 թուականի մարտի 5-ին ծնած է հայ մտքի եւ գրականութեան հսկաներէն Թէոդիկը (Թէոդորոս Գրիգորի Լէպճինճեան), որ ապրեցաւ եւ գործեց հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամենէն բախտորոշ ժամանակաշրջանին՝ 19-րդ դարավերջին եւ 20-րդ դարասկիզբին: Ան մեծավաստակ խմբագիրն է «Ամէնուն տարեցոյց»ին։
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը։ Այսպէս, թանգարանը ընթերցասէրներու դատին յանձնեց անցեալ տարի իր կողմէ հրատարակուած բազմաբովանդակ գիրքեր
Երեւանի Սենեկային երաժշտութեան տան մէջ երէկ տեղի ունեցաւ յատկանշական համերգ մը։ Այսպէս, յայտնի դաշնակահար Հայկ Մելիքեան ներկայացաւ երաժշտասէրներուն, որոնց համար մեծ հաճոյք մը եղաւ իր կատարումներուն հետեւիլը։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Ամէն ժամանակաշրջան, ամէն հասարակութիւն յառաջ կը քշէ իր առաջնորդները։ 1990 թուականին «Ղարաբաղ» կոմիտէն եւ 2018 թուականին Փաշինեանն ու մնացեալ «քայլողները» իշխանութեան գլուխ եկան փողոցի միջոցաւ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռավար տեսակցութիւն մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Տեսաժողով մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին շօշափուեցան Թուրքիա-Ֆրանսա յարաբերութիւնները եւ տարածքաշրջանային զանազան նիւթեր։
Հայաստանի քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ դերակատարներու միջեւ հանդիպումներու շարք:
Նիկոլ Փաշինեան. «Արտահերթ ընտրութիւնը կը համարենք՝ հանրային համերաշխութեան վերականգնման միջոց»: