Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այս կիրակի երեկոն բոլորովին տարբեր էր միւս կիրակիներէն։ Ամբողջ հայութիւնը շունչը պահած կը հետեւէր Արցախի զարգացումներուն՝ մանաւանդ, որ ցերեկ տեղի ունեցած էին մի քանի ծանրակշիռ դէպքեր։
Հայաստանի եւ սփիւռքի թեմերու բոլոր եկեղեցիներէն ու վանքերէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ զօրակցութեան համազգային աղօթք՝ յանուն Արցախի։ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ բռնկած սաստիկ մարտերով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին զօրակցութեան համազգային աղօթքը իրականացուց խաղաղութեան վերահաստատման մաղթանքով։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Լրագրութեան եւ լրագրողի մասին գրի առնուած են բազում, երկար թէ համառօտ յօդուածներ, արտայայտուած են զանազան տեսակէտներ։ Կ՚ուզեմ ես ալ պատկերացնել յիշողութեանս մէջ ձեւաւորուած «լաւ լրագրող»ի մը կերպարը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մարդուս դէմքը իր այցետոմսն է», կ՚ըսէ առածը։
Արդարեւ, զօրաւոր անհատականութիւններ, կամ հոգեկան անտեսանելի այլ ազնիւ գործունէութիւններ, ինչպէս նաեւ ինկած հոգիներու անսաձ մոլութիւնները անխուսափելիօրէն կը դրոշմուին դէմքերուն վրայ, բնորոշ գիծերով, խորշոմներով եւ աչքի ցոլքերով, եւ այնպէս դէմքը կ՚ընեն կորովի, կամ զմայլելի, սիրուն եւ գեղեցիկ, եւ կամ դժնէ եւ ահաւոր։
Մինչ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին, երէկ «Ատրպէյճանի ձախ երիտասարդութիւն» կոչուած խմբաւորում մը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որ բաւական ուշագրաւ էր իր բովանդակութեամբ։ Թուրքիոյ «Էվրէնսէլ» թերթի կայքէջին վրայ տեղ գտաւ այդ յայտարարութեան թրքերէն թարգմանութիւնը։
Ուրախութեամբ մեր ընթերցողներուն կը տեղեկացնենք, որ յառաջիկայ շրջանին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին պիտի աշխատակցի լիբանանահայութեան նոր սերունդէն՝ խոստնմնալից մտաւորական Յարութ Կիւլիւզեան։
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ ներկայ շաբթուան սկիզբին իրերայաջորդ կ՚այցելէ Թուրքիա եւ Յունաստան։ Այսօր Սթոլթենպերկ շփումներ կ՚ունենայ Անգարայի մէջ, իսկ վաղը Աթէնքի մէջ կը հիւրընկալուի Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի, Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի եւ Պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Փանակիոթոփուլոսի կողմէ։
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտարարեց, որ Արցախի հակամարտութեան գօտիէն ներս անհրաժեշտ է հրադադար։ «Մենք հանդէս կու գանք հնարաւորինս արագ կրակը դադրեցնելու ի նպաստ։
Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաճակատին վրայ ամբողջ սաստկութեամբ բախումները կը շարունակուին՝ մինչ պատերազմի ընթացքին շուրջ տեղեկութիւններն ալ միշտ հակասական եւ հակադիր պատկեր մը կը ցոլացնեն։ Հայկական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը երէկ շարունակեցին սաստիկ հարուածներ հասցնել Արցախին՝ մանաւանդ մայրաքաղաք Ստեփանակերտին, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով հանդերձ։
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով կը տուժէ խաղաղ բնակչութիւնը»:
Ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթի Արցախէ ներս վիրաւորեալ աշխատակիցները գործողութեան ենթարկուեցան:
Անգարայի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեամբ հետեւիլ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատի իրադարձութիւններուն եւ ընդհանրապէս հակամարտութեան ընթացքին։ Երէկ, պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքեր ըրին հերթական յայտարարութիւններ վերահաստատելով Թուրքիոյ դիրքորոշումը ի նպաստ Ատրպէյճանին։
Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Վլատիմիր Փութինի եւ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ: Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ՝ անվտանգութեան ոլորտի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ Ժընեւի մէջ քննարկումներ ծաւալեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ:
Հայաստանի վարչապետը գանատական լրատուամիջոցի մը տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարեց, որ իր երկիրը կը գտնուի քաղաքակրթութիւններու առաջնագծին վրայ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ՝ այսօր երեկոյեան Հայաստանի եւ սփիւռքի թեմերու բոլոր վանքերէն ու եկեղեցիներէն ներս կը կատարուի զօրակցութեան համազգային աղօթք յանուն Արցախի եւ հայրենեաց պաշտպաններու։
ՍԱՄՈՒԷԼ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Հայ ազգային երաժշտութեան պատմութեան մէջ իր արժանաւոր տեղը ունի Մակար Եկմալեան որպէս երաժշտագէտ, ստեղծագործող, մանկավարժ ու խմբավար. առաջին հայ երաժիշտն է, որ ուսում ստացած ու վկայուած է բարձրագոյն հաստատութենէ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ինչ որակի ալ ըլլան ներկայացուած վարկածները՝ սա պահուն ամենաէականը յաւելեալ արիւնահեղութեան կանխումն է։ Կայ խնդիր, որ ունի երեսուն տարուան վաղեմութիւն եւ որուն լուծումը պէտք է ըլլայ միայն մէկ գլխաւոր ճանապարհով՝ «ո՛չ յաղթանակ, ոչ ալ պարտութիւն»։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայրենիքի մասին խօսիլ, կը նշանակէ խօսիլ ազգի մը, ժողովուրդի մը ողջ պատմութեան մասին: Ո՛չ միայն անցեալի, այլ նաեւ ներկայի եւ ապագայի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Այսօր իրական սէր, անկեղծ սէր գտնել գրեթէ անկարելի է դարձած։ Մինչդեռ սէրը կեանքին ակնաղբիւրն է. սիրոյ արդիւնք է ամէն բարութիւն, ամէն գեղեցկութիւն, եւ եթէ չըլլայ սէր, կեանք ալ գոյութիւն չունենար։
ԵՐԱՄ
Բեռնակառքի առաջնասենեակին մէջ նստած, դէպի Պամ, դէպի տուն կ՚երթար Զանան։ Գլուխը դուրս կը հանէր, մազերը կու տար հովին, ռունգերէն ներս կ՚առնէր օդը, որ ուշ-աշնանային էր արդէն։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Իրիքնակը տյուս ա եկալ
Տանըս յերա լյուս ա եկալ...»
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կեանքը շատ անգութ դաստիարակ մըն է՝ նախ կը քննէ, յետոյ կը դասաւանդէ»։
ANDRE GIDE