Արխիւ
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը հանգանակութիւն մը կազմակերպեց քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի նպատակով:
Միջոցները ուղղուած են՝ բժշկական պարագաներու եւ սարքաւորումներու ձեռքբերման, մասնագիտական անձնակազմի համար ելմտական աջակցութեան:
Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրով վարակուածներու թիւը երէկ դարձեալ հազարի շեմէն վեր բարձրացաւ։ Վերջին արձակուրդի օրերուն, դժբախտաբար, անհաւատալի կացութիւն մը ստեղծուեցաւ երկրին մէջ, ինչ որ անխուսափելի հետեւանքներու ծնունդ պիտի տայ համաճարակի ծաւալման տեսակէտէ։
Պէյրութի նաւահանգիստին երէկ երեկոյեան ժամերուն որոտացած պայթումը երկրաշարժի համազօր ազդեցութիւն գործեց՝ սարսափելի կացութեան մը պատճառ դառնալով:
Հայկական թաղամասերու շէնքերը, ազգային հաստատութիւնները մեծ վնաս կրեցին, կան հոծ թիւով վիրաւորներ, 6 հայ մահացած: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը անմիջապէս փութաց Պուրճ
Համուտ, ուր ժողովուրդին զօրակցեցաւ հայրաբար եւ տեղւոյն վրայ շրջայց մը կատարելով ծանօթացաւ աննկարագրելիօրէն ծանր վիճակին: Միջազգային աղբիւրները կը հաղորդեն հարիւրաւոր զոհի մասին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդուս կեանքը արարչագործութեան մեծագոյն հանելուկն է։ Ան կրնայ սրբանալ եւ իր աստուածային կոչումին կատարեալ ապացոյցը տալ, բայց կրնայ նաեւ ա՛յնքան վատթարանալ եւ ստորնանալ, որ նոյնիսկ դժոխքին բնակիչներուն զզուելի դառնալու դիրքին մատնուի։ Եւ այս հակադիր բոլոր վիճակները կը պատահին երբեմն նո՛յն մարդուն ժամանակաւոր երկրային կեանքին մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի մայրաքաղաքը՝ Պէյրութը ցնցած սոսկալի պայթումը տակաւին երկար ժամանակով քննարկման նիւթ պիտի դառնայ ո՛չ միայն Լիբանանի օրակարգին վրայ, այլեւ՝ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի համար։ Մանրամասնութիւններուն երթալով յիշեցնեմ, որ Պէյրութի գլխաւոր նաւահանգիստին մէջ որոտացած պայթումը, որու խորհրդաւորութիւնը դեռ մինչեւ այս պահը կը շարունակէ իր շուքերը տարածել դէպքին վրայ, բոլոր առումներով աննախադէպ էր։
ԵՐԱՄ
Հինգ օր է արդէն աշխատանքի կու գար Զանան։
Ամէն առտու կ՚արթննար կանուխ՝ վեցին, լոյսը դեռ լրիւ չբացուած։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ամէն երեկոյեան պարտաճանաչ կը հետեւինք լուրերու հերթական թողարկումին: Անկեղծ ըսած, մինչ թագաժահրի ժամանակաշրջանը, ամէն օր չէր, որ երեկոյեան ժամը ութին կը գամուէինք հեռատեսիլի դիմաց եւ մեր շունչերը պահած կը հետեւէինք աշխարհի անցուդարձին: Ինչեւէ...
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Այս դժուարին օրերուն հայրենիքը պէտք ունի իր իւրաքանչիւր զաւկի զօրակցութեան»:
Վեհափառ Հայրապետը հեռավար զրոյց ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի թեմերու առաջնորդներուն հետ:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Մարմինս ճշմարիտ կերակուր է» (Յհ 6.55):
Մեկնութիւն. Այստեղ ցոյց կու տայ չորրորդը կերակրելէն, թէ Քրիստոս Աստուած է. նախ՝ նկանակներուն համար ըսաւ: Երկրորդ՝ որ աշակերտներուն ըսաւ, թէ՝ «Ես եմ, մի՛ վախնաք» (Յհ 6.20):
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը ներկայիս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է նորոգ հանգուցեալ Վարդ Շիկահերի քերթուածներէն բաղկացեալ նոր գիրք մը, որ կը կոչուի՝ «Փնջիկ մըն ալ»։ Գիրքի մեկենասն է Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչ, որ միշտ կը խրախուսէ հայերէն գիրքերու հրատարակութիւնը։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, վերջին օրերու արձակուրդի առիթը օգտագործուեցաւ՝ կազմակերպելու համար քայլարշաւ մը։ Ակումբի երիտասարդաց յանձնախումբին ջանքերով կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը՝ Գնալը կղզիի վրայ «Բնութեան մէջ քայլարշաւ» կարգախօսով։
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան կողմէ վերջին օրերուն իսլամական աշխարհի «Քուրպան»ի տօնին առթիւ կազմակերպուեցաւ առցանց շնորհաւորական մը։ Այս առթիւ երկրի փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուին փոխանցեցին իրենց շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթանքը։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ նախընթաց երեկոյեան կղզեբնակ պատանիներու համար կազմակերպուեցաւ քարաոքէի երեկոյթ մը։ Ինչպէս ծանօթ է, քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով այս տարի Կազդուրման կայանի դռները փակ են եւ խնամատար մարմինը այս ստիպողութեան պայմաններուն ներքեւ զանազան ձեռնարկներ կը կազմակերպէ կղզեբնակ մանուկներու կամ պատանիներու համար։
Իսրայէլի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սմբատեան երէկ այցելեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան։ Սա Իսրայէլի իշխանութիւններուն մօտ հաւատարմագրուելէ վերջ դեսպան Արմէն Սմբատեանի առաջին այցելութիւնն էր։
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) նախկին պետ Արթուր Վանեցեան վերջին օրերուն հարցաքննուեցաւ Երեւանի մէջ։ Ան ներկայիս կը գլխաւորէ «Հայրենիք» ընդդիմադիր կուսակցութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արթուր Վանեցեանի հարցաքննութիւնը կատարուած է ԱԱԾ-ի կողմէ։
Աֆղանիստանի մէջ ԻՇԻՊ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) երէկ յարձակում գործեց բանտի մը վրայ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, դէպքը պատահեցաւ երկրի Նանկարհարի նահանգի Ճալալապատ քաղաքէն ներս։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Աքար անդրադարձաւ «Թուրազ արծիւներ» ռազմափորձերուն:
Ռուսաստան անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի Թուրքիա-Ատրպէյճան լայնածաւալ զօրավարժութիւններուն:
Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի ծաւալման վերաբերեալ վիճակագրական տուեալները կը ցոլացնեն ահազանգային պատկեր մը:
Վերջին արձակուրդին ստեղծուած կացութիւնը վտանգ կը սպառնայ ամբողջ երկրէն ներս նոր ալիքի մը ծագելուն համար. իւրաքանչիւր օրուան դէպքերը միշտ հազարի շուրջ:
Համայնքային շրջանակներէն ներս վերջերս ձեւաւորուած է «Մեր հայեր» անունով զօրակցութեան հարթակ մը, որ ընկերային գետնի վրայ գործունէութիւն ծաւալել կը նախատեսէ։ Այս հարթակի ներկայացուցիչները վերջին օրերուն հանդիպում մը ունեցան ՃՀՓ-ի Իսթանպուլի նահանգային կազմակերպութեան ղեկավար Ճանան Քաֆթանճըօղլուի հետ։ «Մեր հայեր» հարթակը կը ծրագրէ յառաջիկայ 16 օգոստոսին, Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ, Գնալը կղզիի վրայ կազմակերպել խաղողի խրախճանք մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանեան տագնապը կը շարունակուի եւ ներկայիս առկայ ընթացքը ցոյց կու տայ, որ երկիրը հեռու է ընդհանուր լուծումներու շրջափուլէն։
Ի դէպ, «Լիբանանեան խնդիր» եզրոյթը առաջին անգամ երեւան կու գար վաղ 70-ականներուն, երբ երկիրը կը մտնէր քաղաքացիական «անթուլ» պատերազմի մը մէջ, որ ինքնին պատճառ կը դառնայ հազարաւոր լիբանանցիներու սպանութեան ու երկար տեւած պատերազմէն ետք, բոլորին համար պարզ կը դառնար, թէ «Լիբանանեան խնդիր»ը տակաւին չէ լուծուած։