Արխիւ
Սուրիոյ խորհրդարանը երէկ ընդունեց բանաձեւ մը, որով 1915-ի դէպքերը ճանչցաւ՝ որպէս ցեղասպանութիւն։ Որոշման մէջ միեւնոյն ժամանակ կը դատապարտուի ցեղասպանութիւնը։
Եգիպտոսի Հայոց թեմը ջերմօրէն հիւրընկալեց սփիւռքահայ յայտնի մտաւորականը:
Ճէպէճեան ընդգծեց՝ հայութեան տեսակէտէ անկախ պետականութիւն մը ունենալու կարեւորութիւնը:
Նիկոլ Փաշինեան երէկ Պերլինի մէջ տեսակցեցաւ Անկելա Մերքէլի հետ. վերջին շուրջ մէկուկէս տարուան ընթացքին արդէն երրորդ հանդիպումը երկու վարչապետներուն միջեւ:
«Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կը գտնուին երբեւէ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Շօշափելի առաջընթաց ունինք գրեթէ բոլոր պայմանաւորուածութիւններու շուրջ»:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայաստան ինքզինք կը համարէ եւրոպական, արեւմտեան մշակոյթի, քաղաքակրթութեան կրող երկիր մը՝ թէեւ կը գտնուի Արեւելքի հետ խաչմերուկի վրայ։ Պատմական զանազան եղելութիւններու բերումով Հայաստանի կրած մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան մէջ զգալի է նաեւ արեւելեան ազդեցութիւնը։
Փետրուարեան եկեղեցական օրացոյցին մէջ իր նշանակալից տեղը ունի տօնը՝ փետրուար 14-ի Տեառնընդառաջը, որ կը խորհրդանշէ 40 օրուան Յիսուսի տաճար ընծայումը:
Ըստ հրէական օրէնքին, իւրաքանչիւր արու զաւակի ծնունդէն ետք, երբ կը լրանար սրբագործման 40 օրերը, նորածինին մայրը իր երեխային հետ կ՚այցելէր տաճար, զոհ կը մատուցանէր եւ իր զաւկին համար օրհնութիւն կը ստանար քահանայէն:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ Տեառնընդառաջի տօնը, որ կը խորհրդանշէ քառասնօրեայ մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայումը։ Երէկ երեկոյեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի հանդիսաւոր նախատօնակը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Վիեննայէն՝ սփիւռքահայ երիտասարդ ակադեմական Գէորգ Յակոբճեանը։ Այս վերջինը ներկայիս քաղաքս կ՚այցելէ իր տոքթորականի թեզի ուսումնասիրութիւններուն համար։
Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ գահակալներէն Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի երէկ ոգեկոչուեցաւ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, որու համալիրէն ներս կը գտնուի իր շիրիմը։ Ինչպէս ծանօթ է, երանաշնորհ հովուապետը կը համարուի Պատրիարքական Աթոռի երկրորդ հիմնադիրը՝ իր գահակալութեան շրջանին ապահոված ձեռքբերումներուն եւ կատարած նախախնամական դերին բերումով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը շարունակէ հովուապետական այցելութիւններ շնորհել մեր եկեղեցիներուն։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի համանուն մատուռը, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եւ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցիները։
«Յանկարծ» նորաստեղծ թատերախումբի անդրանիկ ներկայացումը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Պոմոնթիատա»ի մէջ։ «Մեր չունեցածը իրարմով գտնենք» խորագրեալ ներկայացման դերակատարներն էին՝ Կարինէ Մարալ Չիզմէճեան, Ժագլին Չաթալ, Լարա Նարին, Թարա Տեմիրճիօղլու եւ Եղիա Աքկիւն։
«Դէպի Աստուած ճանապարհը կ՚օգնէ բացայայտել սեփական ինքնութիւնը»:
Վեհափառը ազգի հեղինակութեան բարձրացման գործօն կը համարէ երիտասարդութեան նուաճումները:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը շարունակէ իր անդրանիկ հովուապետական այցելութիւնները շնորհել մեր եկեղեցիներուն։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ օրուան տեւողութեան այցելեց Վոսփորի Ասիական ափի մեր եկեղեցիները։
ՆԻԶԱՐ ՔԱՊԱՆԻ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ես լացի, մինչեւ արցունքներս չորցան
Ես աղօթեցի, մինչեւ մոմերը պլպլացին,
Ես ծունկի եկայ, մինչեւ յատակը ճռաց,
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Կը յիշեմ մանկութեանս տարիներուն մեր քաղաքի խանութներուն ցուցափեղկերը, որոնք ըստ իս, շատ աղքատիկ էին։ Հատուկենտ հանդիպող մթերային խանութներ, ուր կը բացակայէին տուրմերու, քաղցրաւենիքներու, շաքարներու, խմորեղէններու եւ այլնի առատ տեսականին։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջերս տեղի ունեցաւ «Օսքար-2020»ի մրցանակաբաշխութիւնը, բայց մինչեւ յաջորդ «Օսքար»ի մրցանակաբաշխութիւնը, շարժանկարային աշխարհը եւ շարժապատկերի սիրահարները պիտի քննարկեն այս տարուան «Օսքար»ին արժանացած ժապաւէնները, պիտի խօսին ոսկեայ արձանիկը խլող երջանիկներուն մասին, որոնց անունները արդէն շարժապատկերային արուեստի Ամերիկեան ակադեմիայի պատմութեան մէջ արձանագրուած են:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ որքան որ փափաք ունի ուրիշներուն սէրը եւ յարգանքը վայելելու, ա՛յնքան ալ պէտք է զգուշանայ անոնց ատելութեանը եւ զզուանքին նշաւակ ըլլալէ։ Ասիկա «համակրական հասկացողութեան» հարց մըն է, քանի որ կեանքի մէջ սէրն ալ, ատելութիւնն ալ բնական զգացումներ են, թէեւ սէրը՝ բաղձալի, իսկ ատելութիւնը՝ անբաղձալի՛։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով հանդիպում մը ունեցած էին Ժընեւի մէջ։
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժինը այս շրջանին սկիզբ կու տայ նոր նախաձեռնութեան մը, որ կը կոչուի՝ «Նորարար մշակոյթի ծրագիր»։ Սա յատուկ ծրագիր մըն է, որ մշակուած է այն լիբանանահայ երիտասարդներուն համար, որոնք կը փափաքին արեւմտահայերէնով ստեղծագործ ու նորարար ծրագրեր յղանալ եւ իրագործել։
Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն անդրադարձ:
Հայաստան կը ձգտի ընդլայնել իր ներգրաւուածութիւնը միջազգային եւ տարածքաշրջանային կազմակերպութիւններու մէջ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը պատրաստուի այցելել Պաքու։ Ան ամսավերջին պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Ատրպէյճան։