Արխիւ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2019

Հայաստան-Անգլիա յարաբերութիւնները նոր մակարդակի մը բարձրացնելու ուղղեալ որոնումներ:
Մնացականեան եւ Փինչըր անդրադարձան այն ոլորտներուն, որոնց շնորհիւ կրնայ զարգանալ համագործակցութիւնը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2019

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ռուսաստան։ Այսպէս, միօրեայ այցելութեամբ ան կ՚ուղեւորուի Սոչի, ուր կը հիւրընկալուի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2019

Les Nouvelles d՚Arménie ֆրանսահայ ամսագրի խմբագրատունը շաբաթավերջին յարձակման ենթարկուեցաւ:
Անծանօթներ կոտրած են դուռը ու գողցած՝ լուսանկարի սարքեր եւ համակարգիչներ. 2006 թուականէն վերջ երկրորդ անգամ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2019

Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան հանդիսապետեց Շիշլիի գերեզմանատան հոգեհանգստեան պաշտօնին:
Անմոռանալի աշխարհահռչակ վարպետ Արա Կիւլէրի շիրիմը ուխտավայր մը դարձած է իր սիրելիներուն համար:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2019

Տ. Գարեգին Արքեպսկ. Պեքճեան նամակով մը տեղեկացուց, որ պիտի չառաջադրէ իր թեկնածութիւնը:
Պատրիարք ընտրուելու անխուսափելի թեկնածուները դարձան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2019

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ոգեւոր հաւաքոյթ մը։ Սա թէեւ անմիջական շրջանակի համար նախատեսուած երեկոյթ մըն էր, սակայն Գատըգիւղի ընտանիքին տեսակէտէ ունէր զգացական նշանակութիւն։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2019

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան անցեալ շաբաթավերջին օդային ճամբով մեկնեցաւ Մարտին՝ ուղեկցութեամբ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։ Նորին սրբազնութիւնը նոյն իրիկուն ներկայ գտնուեցաւ ընթրիքի սեղանի մը, միւս եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն եւ պետական աւագանիին հետ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2019

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արքեպսկ. Աթէշեան նախագահեց Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը անանտեսելի զօրակցութիւն մը ապահովեց Մէրամէթճեան վարժարանին համար: Արձանագրուած յաջողութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցաւ՝ կարգադիր յանձնախումբի ատենապետուհի Մոնիք Երկանեան, որ ահազանգ հնչեցուց համայնքային առկայ հարցերուն շուրջ:
Թաղային խորհուրդը ի յիշատակ յուշանուէր մը պատրաստած էր Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքինի համար: Դպրոցի սաները ներկաներուն կողմէ գնահատուեցան իրենց ելոյթներով:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2019

Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ շաբաթավերջին յատկանշական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ համայնքէն ներս։ Իր յիշատակին ձօնուած յարգանքի երեկոյթ մը տեղի ունեցաւ Հարպիյէի «Քենթէր» թատերասրահին մէջ՝ Կեդրոնականի ընտանիքին նախաձեռնութեամբ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2019

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

Բոլոր անոնք, որոնք լսած են այս երգը, անկասկած կը համարեն, որ ան Ճիփսի Քինկ խումբի հեղինակային երգն է։ Իրականութեան մէջ ան շատ աւելի երկար կեանքի պատմութիւն ունի՝ քան խումբին որոշ անդամները:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2019

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ռուսական գրականութիւնը ունի աշխարհահռչակ գրականական բազմաթիւ հրաշալիքներ, որոնք իրենց բովանդակութեամբ յաճախ կը պատմեն ժողովրդական հարցերն ու իրողութիւնները։ Այս շարքին ռուս յայտնի գրող Իվան Կոնչարովի 1859 թուականին հեղինակած «Օպլոմով» հատորը առանձնացած է իր պարունակութեամբ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ կ՚ապրի կեանք մը՝ որ ժամանակի տարբեր հատուածներէ կը բաղկանայ։ Վայրկեաններ, ժամեր, օրեր, ամիսներ եւ տարիներ… բայց անոնցմէ ոչ մէկը կը նմանի միւսին։ Զոր օրինակ, ապրուած ժամ մը երբեք չի նմանիր ուրիշ ժամուան մը. ժամէ ժամ կը փոխուի մարդուս տրամադրութիւնը՝ արտաքին եւ ներքին զանազան ազդակներու համեմատ։

Կիրակի, Հոկտեմբեր 20, 2019

Պատրիարքական թեկնածուներէն Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նամակով մը տեղեկացուցած է, որ պիտի չառաջադրէ իր թեկնածութիւնը յառաջիկայ ընտրութեան համար՝ ի զօրակցութիւն այն սրբազաններուն, որոնք դուրս մնացած են գործընթացէն կանոնադրութեան տրամադրութիւններուն պատճառով։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2019

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու իր գործակից ընկերուհիները։ Այս առթիւ անոնք նորին սրբազնութիւնը հրաւիրեցին նախագահելու եկեղեցւոյ տօնախմբութեան, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ 23 նոյեմբերին։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2019

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ խանդավառ ձեռնարկներով նշուեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնը։ Հայ մշակոյթի շաբթուան ծիրին մէջ դպրոցէն ներս գործադրուեցաւ բազմակողմանի յայտագիր մը, որուն ներգրաւուած էին վարժարանի բոլոր դասարաններէն աշակերտներ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2019

Մէրամէթճեան վարժարանի տարեկան պիւտճէն հաւասարակշռելու համար կը սարքուի սիրոյ սեղան:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը զօրակոչի ձեռնարկած է թաղի դպրոցի կայուն երթը, որակն ու մակարդակը երաշխաւորելու համար:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Անյագ մարդը անգո՛ւթ է նաեւ, քանի որ չի կրնար զսպել եւ չափաւորել իր կիրքերը։ Ան իր նպատակին հասնելու համար ամէն միջոց արդարացի կը նկատէ, բայց իր անյագութեան պատճառով երբեք չի կրնար հասնիլ իր նպատակին։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2019

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Ազգի մը գոյութիւնը եւ ինքնութիւնը պայմանաւորուած է հողով, հայրենիքով, պետականութեամբ եւ իր սեփական լեզուով ու մշակոյթով։ Ամէն ազգ իրաւունքը ունի իր իւրայատուկ ինքնութիւնը պահելու:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հանրայայտ գործարար Նուպար Աֆէյեան Երեւանի մէջ բացառիկ հարցազրոյց մը շնորհեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ին։
-Պարոն Աֆէյեան, նախ թոյլ տուէք Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագրի, խմբագրական կազմի ու մեր թերթի բարեկմներու մեծ շրջանակի անունով շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի, որ հակառակ ձեր այս օրերու բազմազբաղութեան՝ առիթը տուիք մեզի այս հարցազրոյցը իրականացնելու համար։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2019

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Դարերէ ի վեր, բայց յատկապէս՝ ներկայ ժամանակներուն, մարդիկ կը ձգտին երջանկութեան եւ զանազան ձեւերով կը փորձեն հասնիլ անոր: Կը հասնի՞ն, կարելի՞ է հասնիլ, հասնողներ եղա՞ծ են, ինչպէ՞ս:

Էջեր